Հայաստան Որեւէ Ազդեցութեան Գօտիի Մէջ Չէ. Փաշինեան

12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Կիրակի օրուան ընտրութիւններէն ետք, Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց շուրջ երեք տասնեակ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու՝ երկրին մէջ աղքատութեան դէմ պայքարէն մինչեւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներու:

Փաշինեանին ուղղուած առաջին հարցումներէն մէկն էր՝ «կը ծրագրէ՞ք արդեօք համագործակցել ՆԱԹՕի հետ եւ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ձեր յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ՝ ըլլալով ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ, մասնաւորապէս՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ»:

«Ինձ դուր չի գալիս այդ ձեւակերպումը՝ Ռուսաստանի ազդեցութեան տակ: Մենք Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ենք, դրանից բացի՝ մենք Եւրոպայի Խորհրդի անդամ ենք, եւ չեմ կարծում, որ որեւէ մէկը կարող է ասել, որ Եւրոպայի Խորհրդի ազդեցութեան տակ ենք: Մենք Ռուսաստանի հետ գործընկերներ ենք, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհրդի հետ, մեր երկիրը որեւէ ազդեցութեան գօտում չէ, որպէս կառավարութիւն մենք միայն մեր քաղաքացիների եւ ընտրողների ազդեցութեան գօտում ենք: Ինչ վերաբերում է մեր յարաբերութիւններին մեր միջազգային գործընկերների հետ, նշեմ, որ ունենք յարաբերութիւններ ՆԱՏՕի հետ, մասնաւորապէս՝ Կոսովոյում եւ Աֆղանստանում խաղաղապահ առաքելութեան հետ կապուած, ինչը մենք շարունակելու ենք: Ունենք նաեւ համագործակցութեան նոր պլաններ (ծրագիրներ-Խմբ.), բայց չենք ծրագրում անդամակցել ՆԱՏՕին: Ինչպէս գիտէք, մեր երկիրը ՀԱՊԿի անդամ է, ինչպէս նաեւ ԵՏՄի: Պատրաստւում ենք շարունակելու զարգացնել մեր յարաբերութիւնները մեր բոլոր գործընկերների հետ, բայց դա չենք անելու մէկը միւսի հաշուին», պատասխանեց Նիկոլ Փաշինեան:

Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայաստանի ներքին հարցերուն. սիրոյ ու համերաշխութեան յեղափոխութենէն եւ վրէժխնդիր չըլլալու խոստումէն ետք Փաշինեան ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու եւ անոնց հարազատներու յայտնուիլը ճաղերու ետին:

«Գիտէ՞ք, մենք կոռուպցիայի դէմ լուրջ պայքար ենք մղում: Ինչպէ՞ս էք պատկերացնում, ինչպէ՞ս պայքարենք կոռուպցիայի դէմ առանց բարձրաստիճան պաշտօնեաներին առնչուող հետաքննութիւններ անելու, դա անհնար կը լինէր: Առանց պատշաճ քննութիւնների դա պարզապէս անհնար կը լինէր: Վճռական ենք գնալ մինչեւ վերջ եւ բացայայտել ճշմարտութիւնը մեր հասարակութեան, ժողովրդի համար», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

asbarez.com/arm/332506/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail