13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած է Քոնկրէսի կողմէ ընդունուած օրինագիծը, որով Միացեալ Նահանգները ուղղակի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բնակող քրիստոնեաներուն, եզիտիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն:
«Այս օրէնքը շարունակութիւնն է իմ վարչակազմի աշխատանքին, որով ԱՄՆ-ի օգնութիւնը հասցէական կ՛ուղղուի հալածուող համայնքներուն»,-ըսած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Ըստ «Արմենփրես»-ի, «Ամերիկայի ձայնը» կը հաղորդէ, որ ստորագրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Վիգէն Այվազեան: Անոր խօսքով` ԱՄՆ-ի օգնութիւնը ը նախատեսուի բաշխել ինչպէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ բնակուող արդէն փոքրաթիւ քրիստոնեայ համայնքներուն, այնպէս ալ հալածանքներու պատճառով այլ երկիրներ տեղափոխուած քրիստոնեաներու եւ եզիտիներու միջեւ:
«Անոնք, որոնք գաղթական են, պէտք է օգտուին այս աջակցութենէն»,-ըսած է արքեպիսկոպոսը:
Ստորագրման արարողութեան նախորդած զրոյցներուն մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յատուկ ընդգծած է Հայաստանի ներդրումը Մերձաւոր Արեւելքէն քրիստոնեան փախստականներուն ընդունելու գործին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի նախագահ Թրամփին, ապա ան հայերու մասին լաւ տեղեկացուած էր:
«Երբ ըսի հայ եմ, ըսաւ՝ օ՜, հայերը խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ են»,-աւելցուցած է արքեպիսկոպոսը:
yerakouyn.com/2018/12/13/