Զօրավար Լոռիս-Մելիքով. ­Հա­յու Ռազ­մա­կան Տա­ղան­դին Ճա­ռա­գայ­թող Դէմ­քը՝ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան Հա­յի «Սր­տի Դիկ­տա­տոր»ը

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:

Ն. Պէրպէրեան

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ռազ­մա­կան հան­ճա­րը պատ­մու­թեան մէջ խոր ար­մատ­ներ ու­նե­ցող հռչակ ու­նի։ Իսկ ­Հա­յու ռազ­մա­կան տա­ղան­դին ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քե­րու փա­ղան­գին մէջ իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի զօ­րա­վար ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քով, ո­րուն մա­հո­ւան 130րդ ­տա­րե­լի­ցը կը լրա­նայ այ­սօր՝ Դեկ­տեմ­բեր 13-ին։

Ինչ­պէս որ շա­տեր ցա­ւով ու ընդվ­զու­մով նշած են, ընդ­հան­րա­պէս մեծ ե­ղած է թի­ւը հա­յազ­գի այն տա­ղանդ­նե­րուն եւ ար­ժէք­նե­րուն, ո­րոնք աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւած են իբ­րեւ ի­րաւ մե­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք սա­կայն փաս­տօ­րէն ծա­ռա­յած են ու­րիշ­նե­րուն եւ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նած են ի­րենց հա­յազ­գի ծա­գու­մը, պատ­կա­նե­լու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Սա­կայն ա­նար­դար պի­տի ըլ­լայ միայն «ու­րի­շին» կամ օ­տա­րին ծա­ռա­յած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քը ուղ­ղել յատ­կա­պէս զօ­րա­վար ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վի, որ ի­րա­ւամբ բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րէն մէկն է օ­տար ա­ծու­նե­րու մէջ ճա­ռա­գայ­թած հա­յազ­գի տա­ղանդ­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ իր կազ­մա­ւո­րու­մով եւ թէ իր գոր­ծով՝ ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քով­նե­րու տոհ­մին ար­ժա­նա­ւոր այս շա­ռա­ւի­ղը ծա­ռա­յեց նաեւ իր ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին՝ հա­յոց պատ­մու­թեան դար­ձա­կէ­տա­յին մէկ պա­հուն, երբ ­Հայ­կա­կան Հար­ցը մի­ջազ­գայ­նաց­ման իր ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րը կ­՛ապ­րէր։

Իսկ այ­սօր ո­գե­կոչ­ման օրն է մե­ծա­նուն հայ ռազ­մա­կան ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չին։

Ար­դա­րեւ, Ֆ­րան­սա­յի ­Նիս քա­ղա­քին մէջ, 130 տա­րի ա­ռաջ, ­Դեկ­տեմ­բեր 1888-ի այս օ­րը, 63 տա­րե­կա­նին մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցա­ռիկ ծնունդ­նե­րէն ­Մի­քա­յէլ (­Մի­խա­յիլ) ­Տա­րիէ­լի ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վը։

Զի­նո­ւո­րա­կա­նի մեծ տա­ղան­դով, հե­րո­սի յա­տուկ քա­ջու­թեամբ եւ քա­ղա­քա­կան բա­րե­կար­գի­չի ի­մաս­տու­թեամբ օժ­տո­ւած ան­հա­տա­կա­նու­թիւն էր ռու­սա­հայ ա­կա­նա­ւոր գոր­ծի­չը։ ­Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ ա­նոր ա­նու­նը յա­ւեր­ժա­ցաւ՝ իբ­րեւ 1877-1878-ի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին ցա­րա­կան յաղ­թա­նա­կին կեր­տիչն ու հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու բա­րե­կարգ­ման պա­հան­ջին դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը։ Իսկ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ ան գրա­ւեց բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դան մը ոչ միայն իբ­րեւ ռազ­մա­կան մեծ հե­րոս, այ­լեւ իբ­րեւ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու ի­մաս­տուն պաշտ­պան եւ պե­տա­կան ղե­կա­վար, որ ար­ժա­նա­ցաւ «Սր­տի ­Դիկ­տա­տոր» տիտ­ղո­սին։

Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի ա­նո­ւա­նի «­Կոմս»ը սե­րած էր ­Թիֆ­լի­սի հայ ազ­նո­ւա­կան (մե­լի­քա­կան) յայտ­նի՝ ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քով­նե­րու տոհ­մէն։ ­Կեն­սագ­րա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը հաս­տա­տեն, թէ «­Պահ­պա­նո­ւած ա­ւան­դու­թիւն­նե­րի հա­մա­ձայն՝ «­Լո­ռիս-­Մե­լի­քով­նե­րի տոհ­մը սկիզբ է առ­նում 16րդ ­դա­րի հայ ազ­նո­ւա­կան մի տոհ­մից, որն ի­րա­նա-թուր­քա­կան պա­տե­րազմ­նե­րի հե­տե­ւան­քով ­Հա­յաս­տա­նից փա­խել է Վ­րաս­տան ու ծա­ռա­յու­թեան ան­ցել ­Լո­ւար­սաբ Ա­ռա­ջին վրաց թա­գա­ւո­րի մօտ: ­Հե­տա­գա­յում այն ստա­ցել է ­Լո­ռու մար­զը` ի տնօ­րի­նում, ինչ­պէս նաեւ մե­լի­քի` այդ տե­ղան­քի պրիս­տա­վի ժա­ռան­գա­կան պաշ­տօ­նը: 1602թ. Մ.Տ. ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վի նախ­նի­նե­րը` ­Լո­ռու մե­լիք­ներ ­Նա­զար եւ Դայ ­Քա­լան­թա­րով­նե­րը («քա­լան­թար» բա­ռից, որ պարս­կե­րէն նշա­նա­կում է կա­ռա­վա­րիչ) ­Պար­սից շահ Ա­բա­սից ֆիր­ման (հրա­մա­նա­գիր) ստա­ցան, ո­րը հաս­տա­տում էր նրանց` ­Լո­ռու մար­զի սե­փա­կա­նա­տէ­րեր լի­նե­լու ժա­ռան­գա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը:

Հե­տա­գա­յում նրանց յետ­նորդ­նե­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցին ­Թիֆ­լիս, որ­տեղ ազ­նո­ւա­կա­նու­թեան շար­քում ծա­ռա­յու­թեան են նշա­նակ­ւում Վ­րաց (­Քարթ­լի-­Կա­խե­թի) ար­քու­նի­քում` Լո­ռիս-­Մե­լի­քով, այ­սինքն՝ «­Լո­ռու մե­լիք­ներ» ազ­գա­նո­ւամբ: Լո­ռիս-­Մե­լի­քով ազ­գա­նու­նը հայ­կա­կան «­Լո­ռու մե­լիք»ի վրա­ցա­կա­նա­ցո­ւած (հե­տա­գա­յում նաեւ ռու­սա­ցո­ւած) տար­բե­րակն է»:

Մի­քա­յէլ ­Տա­րիէ­լի ­Լոռիս-­Մե­լի­քո­վը ծնած է ­Թիֆ­լիս, 21 ­Հոկ­տեմ­բեր 1825ին։ ­Հայ­րը՝ ­Տա­րիէ­լը յա­ջո­ղած ա­ռեւտ­րա­կան էր։ ­Մի­քա­յէլ կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի եւ ­Սան ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ, հե­տե­ւե­լով նախ՝ ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու «­Լա­զա­րեան» հիմ­նար­կու­թեան, ա­պա՝ Ռազ­մա­կան Գ­վար­դիա­յի ­Կա­դե­տա­կան դպրո­ցին մէջ։ Ան­մի­ջա­պէս զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան ան­ցաւ ռու­սաց կայ­սե­րա­կան բա­նա­կին մէջ եւ 1847ին ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Կով­կաս, ուր ծա­ռա­յեց շուրջ 20 տա­րի՝ ցու­ցա­բե­րե­լով «հիաս­քանչ հե­ծե­լա­զօ­րա­յին սպա­յի եւ մե­ծա­կա­րող վար­չա­րար»ի ու­շագ­րաւ կա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Իր այդ ըն­դու­նա­կու­թեանց շնոր­հիւ ան կրցաւ տե­ղա­ցի ռազ­մա­սէր բնակ­չու­թիւ­նը խա­ղա­ղեց­նել եւ բո­լո­րին վստա­հու­թեան ու հա­մակ­րան­քին ար­ժա­նա­նալ։ 1877-78 թո­ւա­կան­նե­րու ­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, հե­ծե­լա­զօ­րի զօ­րա­վար ­Լո­րիս-­Մե­լի­քով հան­դի­սա­ցաւ ա­ռան­ձին բա­նա­կա­յին զօ­րա­բաժ­նի ա՛յն հրա­մա­նա­տա­րը, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան զօր­քե­րուն դէմ պա­տե­րազ­մե­ցաւ ­Հայ­կա­կան Լեռ­նաշ­խար­հի տա­րած­քին, իր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ հա­մախմ­բե­լով նաեւ հայ աշ­խար­հա­զօ­րա­յին­նե­րը։ ­Հա­յազ­գի զօ­րա­վա­րը մեծ հռչա­կի տի­րա­ցաւ Ար­տա­հա­նի ամ­րո­ցին գրա­ւու­մէն ետք։ Ա­նոր աստ­ղը փայ­լե­ցաւ յատ­կա­պէս թրքա­կան բա­նա­կի ա­ռաս­պե­լա­կան զօ­րա­վար ­Մուխ­թար ­Փա­շա­յի դէմ ա­նոր ար­ձա­նագ­րած ջախ­ջա­խիչ յաղ­թա­նա­կէն ետք, Ա­լա­ջա­յի մեր­ձա­կայ­քը։ ­Զօ­րա­վար ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քով ոչ միայն ջախ­ջա­խեց թրքա­կան բա­նակն ու ա­նոր ա­նո­ւա­նի զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րը, այ­լեւ՝ ա­րագ գրո­հով, գրա­ւեց ­Կար­սը եւ, ա­պա, պա­շա­րեց Էրզ­րու­մը։

Իր այս ծա­ռա­յու­թեանց հա­մար էր, որ հայ զօ­րա­վա­րը ստա­ցաւ «­Կոմս»ի տիտ­ղո­սը։ Իսկ Ա­լա­ջա­յի ճա­կա­տա­մար­տին իր ցոյց տո­ւած քա­ջու­թեան հա­մար ա­նոր շնոր­հո­ւե­ցաւ 2րդ­ աս­տի­ճա­նի ­Սուրբ ­Գէոր­գի շքան­շան։

Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քով դար­ձաւ Ս­տո­րին ­Վոլ­կա­յի զօ­րա­վար-նա­հան­գա­պե­տը, ա­պա՝ իբ­րեւ պաշ­տօ­նի բարձ­րա­ցում, փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Կեդ­րո­նա­կան Ռու­սաս­տան եւ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Խար­քո­վի նա­հան­գա­պետ։

Վար­չա­րա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը միշտ հե­տե­ւե­ցան քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէզ նե­տո­ւած հա­յազ­գի գոր­ծի­չի պե­տա­կան վե­րել­քին։ ­Թէեւ ա­մէ­նուր ան հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ երկ­րէն ներս թափ ա­ռած ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ խիստ պայ­քար մղող կա­ռա­վա­րիչ, այ­սու­հան­դերձ՝ ան միա­ժա­մա­նակ իր ա­նու­նին միա­ցուց ցա­րա­կան վար­չա­մե­քե­նա­յի սան­ձար­ձա­կու­թեանց դէմ պայ­քա­րո­ղի եւ սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րու ջա­տա­գո­վի վարկ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ղե­կա­վա­րը ­Ռու­սա­կան ­Կայս­րու­թեան «­Գե­րա­գոյն Գոր­ծա­դիր ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին», որ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պու­րիկ մէջ 1880ի ­Փետ­րո­ւա­րէն ետք, երբ ընդ­յա­տա­կեայ յե­ղա­փո­խա­կան-ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ ան­յա­ջող մա­հա­փոր­ձը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ա­ղեք­սանդր Բ. ցա­րին դէմ։ ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը կո­չո­ւած էր եր­կի­րը քա­ղա­քա­կա­նա­պէս դուրս բե­րե­լու ներ­քին խռո­վու­թեանց ո­լո­րապ­տոյ­տէն եւ, այդ ուղ­ղու­թեամբ, Լո­րիս-­Մե­լի­քով ցու­ցա­բե­րեց իր վար­չա­րա­րա­կան մեծ տա­ղան­դը։ Ան Ա­ղեք­սանդր Բ. ցա­րին ներ­կա­յա­ցուց վար­չա­կան եւ տնտե­սա­կան հա­մա­լիր բա­րե­փո­խում­նե­րու սահ­մա­նադ­րա­կան ըն­դար­ձակ ծրա­գիր մը։ ­Ռու­սաց կայս­րը ըն­դու­նեց իր հայ զօ­րա­վա­րին ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Լո­ռիս-­Մե­լի­քով նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ներ­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար՝ բա­ցա­ռիկ իշ­խա­նու­թեամբ, փաս­տօ­րէն դառ­նա­լով ­Ռու­սաս­տա­նի վար­չա­պետ-դիկ­տա­տո­րը։

Բայց ճիշդ այն օ­րը (­Մար­տի 13, 1881), երբ ցա­րը ստո­րագ­րեց ու­կա­զը (հրա­մա­նա­գի­րը) Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վի ա­ռա­ջար­կած բա­րե­փո­խում­նե­րուն հաս­տատ­ման մա­սին, յե­ղա­փո­խա­կան-ա­հա­բե­կիչ­նե­րը երկ­րորդ մա­հա­փորձ մը կա­տա­րե­ցին եւ այս ան­գամ յա­ջո­ղե­ցան սպան­նել ցար Ա­ղեք­սանդր Բ.ին։ ­Յա­ջորդ ցա­րը՝ Ա­ղեք­սանդր Գ.ը բուռն պայ­քար յայ­տա­րա­րեց յե­ղա­փո­խու­թեան դէմ եւ ձեռ­նար­կեց ու­ժա­յին բիրտ քայ­լե­րու՝ մէկ­դի նե­տե­լով իր նա­խոր­դին հաս­տա­տած սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու ծրա­գի­րը։

Կոմս ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քով, ­Յու­նիս 1881ին, նա­խա­րա­րա­կան իր բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց ցա­րին։ ­Պաշ­տօ­նա­թող զօ­րա­վա­րի կար­գա­վի­ճա­կով մեկ­նե­ցաւ ար­տա­սահ­ման։ Շր­ջան մը ապ­րե­ցաւ ­Գեր­մա­նիա, ուր­կէ ան­ցաւ Ֆ­րան­սա՝ ­Նիս, ուր եւ ապ­րե­ցաւ մին­չեւ մա­հը, 1888-ի ­Դեկ­տեմ­բեր 13-ին։

Պատ­մա­բան­նե­րու հա­մո­զու­մով՝ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի եւ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի պատ­մա­կան հո­լո­վոյ­թը կրնար տար­բեր հու­նով ըն­թա­նալ, ե­թէ բա­րե­կարգ­չա­կան իր ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն հա­մար «Սր­տի ­Դիկ­տա­տոր» հռչա­կո­ւած ­Ռու­սաս­տա­նի հա­յազ­գի պե­տա­կան գոր­ծի­չին մշա­կած սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու ծրա­գի­րը գոր­ծադ­րո­ւէր ա­տե­նին, ­Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նը դուրս բե­րե­լով վայ­րագ ու փտած միա­պե­տու­թեան ճի­րան­նե­րէն։

Բայց ինչ­պէս կ­’ը­սեն, պատ­մու­թիւ­նը չի սի­րեր «ե­թէ»ներ…

Զօ­րա­վար ­Մի­քա­յէլ ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վի ո­գե­կոչ­ման ա­ռի­թով կ­’ար­ժէ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել հա­յազ­գի մեծ գոր­ծի­չին ընդ­մէ­ջէն ­Հա­յու ռազ­մա­կան տա­ղան­դին նո­ւի­րո­ւած հե­տե­ւեալ դի­պուկ գնա­հա­տա­կա­նը.
«Ա­կա­մա­յից ու­զում ես հա­մե­մա­տու­թիւն ա­նել. ռուս զի­նո­ւոր­նե­րը, ռուս հրա­մա­նա­տար­նե­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ռու­սա­կան հո­ղում պարտ­ւում են, մինչ­դեռ հայ զօ­րահ­րա­մա­նա­տար­նե­րի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ կռո­ւող ռուս զի­նո­ւոր­նե­րը, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րի օ­ժան­դա­կու­թեամբ, հա­յոց հո­ղում ջախ­ջա­խիչ յաղ­թա­նակ են տա­նում»:

Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նի հա­յազ­գի պե­տա­կան գոր­ծի­չին յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լով՝ հայ մար­դը այ­սօր յատ­կա­պէս կ­’ար­ժե­ւո­րէ ­Լո­ռիս-­Մե­լի­քո­վի ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը ար­դար լու­ծում պա­հան­ջող մի­ջազ­գա­յին այժ­մէա­կան խնդիր­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ բե­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Լո­ռիս-­Մե­լի­քով մարմ­նա­ւո­րեց ո­գեշն­չող տի­պա­րը օ­տա­րի ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւած հա­յազ­գի այն տա­ղան­դին, որ բնաւ մտա­հան չը­րաւ զինք ծնող ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին ի­րա­ւունք­ներն ու շա­հե­րը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ռու­սա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ իր ստա­ցած փառք ու պա­տի­ւէն ա­ռանց շլա­նա­լու, փոր­ձեց իր լու­ման բե­րել ի սպաս ­Հայ­կա­կան Հար­ցի քա­ղա­քա­կան ար­դար լու­ծու­մին։

yerakouyn.com/2018/12/13/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail