Ես պատմաբան չեմ, թրքագէտ չեմ, ազգագրագէտ չեմ: Մէկ խօսքով՝ մասնագէտը չեմ այն թեմային, որուն մասին կ’ուզեմ միտքերս բաժնեկցիլ

Հոն` Սեւ ծովու ափին…

12 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ, ՀԱՄՇԷՆ ԵՒ ՀԱՄՇԷՆՑԻՆԵՐ, ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մարի Մերտխանեան

Ես պատմաբան չեմ, թրքագէտ չեմ, ազգագրագէտ չեմ: Մէկ խօսքով՝ մասնագէտը չեմ այն թեմային, որուն մասին կ’ուզեմ միտքերս բաժնեկցիլ:

Հոկտեմբերի սկիզբը Համշէն այցելեցի: Կարճ այցելութիւն էր. ընդամէնը՝ երեք օր, որոնց ընթացքին Հոբայի եւ շրջապատի լեռները շրջեցանք, գիւղեր այցելեցինք եւ քանի մը համշէնահայու հանդիպելու առիթ ունեցանք:

Հոփան այսօրուան Թուրքիոյ Արթւին նահանգի մէջ 32000 բնակչութեամբ ծովեզերեայ քաղաք է: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը համշէնահայեր են:

Վերջին տարիներուն շատ գրուած եւ խօսուած է համշէնահայութեան եւ Համշէնի մասին: Հայկազուն Ալվրցեան (Արևմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու) կը նշէ.«Համշէնահայերը մինչեւ 19-րդ դարու 90-ական թուականները հիմնականում բնակուել են Թուրքիայի Սամսուն քաղաքից մինչեւ Բաթում ընկած ծովափնեայ ընդարձակ տարածքներում: Պատմիչ Ղեւոնդի վկայութեամբ` 788 թ. Մեծ Հայքի Կոտայք եւ Արագածոտն գաւառներից մօտ 12000 մարդ, չդիմանալով արաբական իշխանութեան ճնշումներին, Աբաս Ամատունու եւ նրա որդի Համամ Պայազատի գլխաւորութեամբ հեռանում է Հայաստանից եւ բնակութիւն հաստատում Բիւզանդական կայսրութեան մաս կազմող Պոնտոսում: Ի դէպ` Պոնտոսում հայերն ապրում էին հնագոյն ժամանակներից: Յետագայ դարերում նրանց թիւն աւելանում է քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումների հետեւանքով Հայաստանի տարբեր գաւառներից արտագաղթածների հաշուին: Նման մի խոշոր արտագաղթ էր նաեւ այս մէկը: Բիւզանդիայի կայսր Կոստանդինը սիրով ընդունում է հայերին, բնակեցնում բարեբեր հողերում, իսկ հայ նախարարներին նուիրում Տամբուր քաղաքը, որը կարճ ժամանակ անց պատերազմի հետեւանքով հիմնովին աւերւում է: Համամ Ամատունին այն վերականգնում է եւ իր անունով կոչում Համամաշէն (այստեղից էլ` Համշէն)»:

Այս տարածքի համշէնահայերը ե՞րբ իսլամացեր են: Հայկազուն Ալվրցեանի համաձայն այդ ընթացքը ունեցած է 4 փուլեր. առաջին փուլ՝ XVI դարի վերջերը՝ 1722, երկրորդ փուլ՝ 1722–1838, երրորդ փուլ՝ 1838 մինչև 1915 Հայոց ցեղասպանութիւնը, չորրորդ փուլ՝ 1915–1930-ական թուականներ:

Պատմութեան մասին այսքանով բաւարարուիմ:

Այս այցելութիւնը պայմանական երկու մասին պիտի բաժնեմ. Բնութիւն եւ մարդ: Նախ՝ բնութեան մասին:

Երեւանէն Արեւմտեան Հայաստան անցանք Վրաստանի ճամբով: Այս ճանապարհի ամէնէն դժուար եւ անխնամ եւ յոգնեցնող հատուածը հայ-վրացական սահմանի վրացական մասն էր: Մարտ 2018-ին նոյն ճանապարհով Կարին գացսծ էինք: Այն ատեն ալ վատ ու դժուար էր. Քանի մը քիլոմեթրանոց ճամբան հազիւ մէկ ժամէն կրցանք անցնիլ: Անցեալ ամիսներուն ոչ մէկ նորոգութիւն եղած է: Ջաւախքի հանդէպ վրացական իշխանութիւններու դիտումնաւոր անտարբերութեան վառ ապացոյցն է այս ճամբան:

Վրաստան-Կարս-Արտահան-Արթւին-Հոփա ճամբան բաւական հեզասահ ընթացաւ: Արտահանի հարազատ, լերկ լեռներէն վերջ՝ Հոփայի անծայրածիր, կանաչ, թիկունք-թիկունքի տուած լեռները, մերթ բարձրացող ճանապարհին տակ տարածուող ամպերը, անսահման լռութիւնը սքանչելի բնանկար կը կազմեն ու այդ նկարին մէջ յայտնուիլը աննկարագրելի հաճոյք է: Ջրվէժներն ու լիճերը, Զիլ Բերդն ու Դժոխքի դուռ կոչուող վայրերը անպայման կը գրաւեն զբօսաշրջիկները: Բայց…

Խոստովանիմ, որ ես չկրցայ զանոնք լիակատար վայելել: Շրջանի պատմութեան մանրամասն ծանօթ չեմ ու թերեւս այդ պատճառով չկրցայ վայրերուն մէջ պատմական դէպքեր եւ դէմքեր տեղադրել, պատմութիւնը վերապրիլ: Սա իմ թերացումիս արդար պատիժն էր: Այս վայրերուն մէջ հայկական հետքեր (երկեղեցի, մատուռ, շիրմաքար, եւայլն) չնկատեցի…: Երեւան վերադարձիս այս մասին տարբեր պատասխաններ ստացայ: Մէկը ըսաւ, որ գիւղերուն մէջ տակաւին այդ հետքերը կան եւ «լաւ իմացողները» գիտեն: Ուրիշ մը ըսաւ, որ հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին կամաց-կամաց անոնք ջնջուած են:

Բայց հայերէնի թռչող ձայները կը վկայեն հայերու գոյութեան մասին: Մեր խումբը քանի մը համշէնահայու հանդիպելու առիթ ունեցայ: Ամէնէն հետաքրքականը երեկոյեան ճաշարանին մէջ հաւաքուած երիտասարդներու հետ պատահական հանդիպումն էր: Իրենց թրքախառն զրոյցներուն մէջ հայերէն բառերը կ’որսայի. «կ’ուզիմ, ելլուշ, բերէի գու….»: Առանձին զրոյցի ընթացքին, երբ իմացան որ Հայաստանէն եկած ենք, անոնք սկսան աւելի հանգիստ ու ջերմ խօսիլ: Խաժ, կապոյտ, կանաչ աչքերով երիտասարդները մտահոգ են, որ իրենք կը կորսնցնեն իրենց նախնիներու լեզուն: Հայերէն չեն գրեր. այբուբենը չեն գիտեր, բայց իրենց բարբառը պահել կ’ուզեն:

Աւելի ուշ՝ քանի մը համշէնահայեր ընթրիքին միացան: Սուլթանն ու Նէճտէթ զոյգը մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ ամուսնացեր են: Նէճտէթը համշէնահայ է: Սուլթանը Տիգրանակերտէն(Քաղաքի Սուր շրջանէն), քրտացած հայ ընտանիքի զաւակն է, որ իր պատկանելիութեան զգացումը դեռ կը պահպանէ: Երկուքն ալ փնտռած են հայ արմատներով կողակից ու գտած են… Հոբացի Նէճտէթի խօսքին մէջ ցաւ կայ. նոր սերունդին, իր զարմիկներուն համար ցաւ է, որովհետեւ անոնք կը մոռնան իրենց լեզուն: Հիմա լեզուն կը մոռնան, վաղը….

Կար նաեւ Մարիամը (անունը փոխած եմ), որ դարձեալ Տիգրանակերտ քաղաքի Սուր շրջանէն էր (Սուրը Տիգրանակերտի պատմական այն շրջանն է, որ 2015-ին թրքական բանակի հարուածներուն թիրախ դարձաւ, որու հետեւանքով 300000-էն աւելի քիւրտ գաղթական դարձաւ, շրջանը գրեթէ ամբողջութեամբ քար ու քանդ եղաւ…): Մարիամը պատանի տարիքին գիտցած է, որ հայ են եւ այդ բացայայտումի տագնապը մինչեւ այսօր կ՛ապրի: Այն ատեն միայն անդրադարձած է, որ մեծ-հօր եղբօր արտասանած տարօրինակ բառերը հայերէն աղօթքներ էին: Թրքերէնով կարդացած է Մկրտիչ Մարկոսեանի գիրքերը ու աւելի կապուած՝ Տիգրանակերտին եւ հայու արմատին…

Մարիամ արագ կը խօսէր.. կարծես՝ այդ կարճ, պատահական եւ աղմկոտ հանդիպումի ընթացքին իր արմատներու մասին ամէն, ամէն բան կ՛ուզէր պատմել:

«Քոյրս ծանօթացեր էր Տէրսիմցի քիւրտ երիտասարդի մը հետ: Զիրար սիրած էին: Երբ մեր փեսացուի ընտանիքը եկած էր քրոջս ձեռքը խնդրելու, մայրս յստակ ըսաւ. «Մեր մասին իրականութիւնը պէտք է ձեզի ըսեմ: Աւելի լաւ է, որ մեզմէ լսէք, քան՝ մեր դրացիներէն… Մենք քրտացած հայեր ենք»: Անակնկալ լռութիւնը խզեց փեսացուի չափազանց մոլեռանդ եւ պահպանողական քերայրը,- շարունակեց Մարիամը,- «է՜հ, այս հողերուն վրայ ո՞վ այդպիսի դժբախտութիւն չէ ապրած…»:

«Թերեւս այդպիսի դժբախտութեան զոհ էր նաեւ ի՛նքը, քերայրը»,- մտածեցի բարձրաձայն… Մարիամը չժխտեց եւ շարունակեց պատմել ընտանիքի եւ իր տագնապներու մասին: Ամուսնացած է. 7 տարեկան աղջիկ ունի: Ե՞րբ կրնայ իրականութիւնը պատմել անոր: Ի՞նչ տագնապներ կրնայ ապրիլ աղջիկը: Չէ՞ որ թուրքերը օրէ օր աւելի անհանդուրժող կը դառնան… Ինչպէ՞ս խնայել անոր զգացումները.. չէ՞ որ ինքը անցած է նոյն ճանապարհը: Բայց, Մարիամ վստահեցուց, որ անպայմա՛ն պիտի պատմէ. պիտի չթաքցնէ…

Գիշերուան հանդիպումներու տպաւորութիւնները չթօթափած՝ առաւօտը հասաւ: Այս անգամ համշէնահայ գիւղական տուն մըն էր մեր ժամադրավայրը, ուր մեզ հիւրընկալեց Նարիէ տատիկի ընտանիքը: «Նար» արաբերէն «կրակ, հուր» կը նշանակէ… եւ դեռ այս տարիքին սուր եւ սթափ էր համշենահայ Նարիէն… Կանաչապատ լեռներուն մէջ, գիւղական ամառնային տան մէջ թագուհի է Նարիէն… Որդին, թոռնիկն ու ծոռները ժառանգած են իր ծաւ կապոյտ աչքերը: Համշէնի քաղցր բարբառը հասած է մինչեւ թոռնիկը: Արդէն հասուն տարիքով թոռնիկին հետ համշէնահայերէնով կատակներուն մէջէն քաղցր կը զրնգայ անոր ծիծաղը…

Իսկ հազիւ 10-12 տարեկան թոռնիկներուն երբ հարցնես. «Դուք թո՞ւրք էք»: Ընդվզումով կը պատասխանեն. «Ոչ, մենք համշէնցի հայ ենք»:

Երեք օրը բաւարար չէր, բայց կրնամ ըսել, որ Համշէնի մէջ հայասիրութեան, պատկանելիութեան ճչացող երեւոյթներու չհանդիպեցայ, սակայն՝ զգացի հայ ըլլալու, արմատին կառչած ապրելու տագնապը…

www.kantsasar.com/news/2018/12/07/40520/?fbclid=IwAR1jacK86cn0RnsOj2V4igfVv61kPPRD5dvr8xQs746tG3tN3VpSSS2EiBQ#prettyPhoto

akunq.net/am/?p=63552

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail