Ազրպէյճանական Փորձերը Կրկին Ձախողեցան Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

22 նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբը (ԱՖԷԹ) քուէարկութեան դրաւ արտաքին եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան իրականացման վերաբերեալ տարեկան իր զեկուցումը, ուր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ զանազան տագնապներու:

Պէտք է նշել, որ բանաձեւի 19-րդ յօդուածին մէջ յանձնախումբը կ՛ընդգծէ սառեցուած բոլոր տագնապներու լուծման անհրաժեշտութիւնը միջազգային իրաւունքի, կանոններու եւ սկզբունքներու համաձայն: Այստեղ խօսքը կը վերաբերի նաեւ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրէն բխած ԵԱՀԿ-ի հիմնարար սկզբունքներուն, որոնք են ուժ չկիրարկելը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:

Պէտք է նաեւ յստակացնել, որ նոյն յօդուածին մէջ, երբ խօսքը կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին, առանձնայատուկ նշուած են Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի պարագաները` Խրիմի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ տագնապներուն վերաբերեալ, եւ ըստ սովորութեան անգամ մը եւս որեւէ նշում չկայ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան մասին: Ինչպէս միշտ, ազրպէյճանական կողմը, նոյնիսկ իրեն յատկանշուած լոպիինկի ձեւերը օգտագործելով, չյաջողեցաւ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ եւ խախտել Եւրոպական խորհրդարանի այս հաւասարակշռուած կեցուածքը:

Անդրադառնալով վերոնշեալին` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան յայտարարեց, թէ վերջին տարիներուն ընթացքին Եւրոպական Միութեան բոլոր պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ բանաձեւերուն մէջ արցախեան տագնապի լուծման մասին Եւրոպական Միութեան հաստատութիւնները յստակօրէն սատարած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած հիմնարար սկզբունքներուն եւ միեւնոյն ժամանակ անդադար պաշտպանած են գործընկեր Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Ահա այս է Եւրոպական Միութեան սկզբունքային կեցուածքը շրջանի տագնապներուն նկատմամբ: Մինչեւ այսօր  Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր երկիրներու տագնապները նոյնացնելու միայն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին տակ, ձախողած են եւ անոնց բարեկամ երեսփոխաններու ներկայացուցած անբարենպաստ փոփոխութեան առաջարկները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը շեղելու փորձերը որեւէ յաջողութիւն չեն գտած:

«Շնորհիւ նաեւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի առաքելութեան, արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի երեսփոխանները կը շարունակեն լաւապէս տիրապետել շրջանի տարբեր տագնապներու մանրամասնութիւններուն ու նրբութիւններուն, նամանաւանդ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին: Ինչպէս միշտ, գրասենեակս պիտի շարունակէ պայքարիլ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան բոլոր վտանգաւոր նախաձեռնութիւններուն դէմ», եզրափակեց Շիրինեան:

aztagdaily.com/archives/420147

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail