«Թուրքիան Մուտք Պիտի Գործէ Մընպեժ, Եթէ Ուաշինկթըն Քրտական Ուժերը Այդ Շրջանէն Չհեռացնէ» Կ՛ըսէ Էրտողան
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Անգարա վճռակամ է խաղաղութիւն հաստատելու Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ: Ան զգուշացուց, որ իր երկիրը Մընպեժի մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ զինուորական գործողութիւն պիտի շղթայազերծէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ քրտական ուժերը չհեռացնեն այդ շրջանէն:
Նշենք, որ «Հապեր թիւրք» հաղորդեց, որ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Մայք Փոմփէոյի միջեւ:
Էրտողան նաեւ յայտնեց, որ ձայնագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին ամէնէն մօտիկ անձնաւորութիւնները մեղսակից են սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան:
«Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան ոճիրը գործողը ինծի համար յայտնի է. անոր անունը յայտարարեցէք», ըսաւ Էրտողան:
Ան աւելցուց, որ այդ հարցը կարելի չէ մէկդի ձգել, որովհետեւ հարցը իր բոլոր կողմերով յստակ է` նշելով. «Դժբախտաբար իսլամական աշխարհէն կարգ մը երկիրներ արդարութեան եւ իրաւունքի ծիրին մէջ իրականութիւնը չըսին»:
«Սէուտցի ընդհանուր դատախազը Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին իր թուրք պաշտօնակիցին որեւէ տեղեկութիւն չփոխանցեց», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը` նշելով. «Դուք կը հետեւիք ամերիկեան Ծերակոյտին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն. մենք նախապէս Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ մեր տեղեկութիւնները տրամադրեցինք զայն խնդրողին»:
aztagdaily.com/archives/420114