Պիտի հանգանակութիւն ըլլայ եւ Գիւմրիի մէջ ստեղծուին աշխատանքի վայրեր

17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՓՈՔՐԻԿ ԱՆԱՀԻՏ:

Զարէհ Եահնիեան

Գիւմրի քաղաքի տնակները

Radio yan-ի եւ անձամբ Ասպետ Հարմանտարեանի ջանքերով փոքրիկ Անահիտը ստացաւ իր կեանքի ամենէ երջանիկ պահը եւ նուէրը, Անահիտը պիտի դուրս ելլէ գարշելի տնակէն որտեղ ծնած եւ հասակ առած է, վերջապէս պիտի զգայ թէ ինչ կը նշանակէ քնանալ տան մէջ․․․

Աստուած բնականաբար պիտի օրհնէ այս մեծ բարեգործութիւնը կազմակերպողին եւ նաեւ բոլոր նուիրատուներուն որովհետեւ չկայ աւելի Աստուածահաճոյ գործ քան օգնելը կարիքաւորին․
Պիտի անդրադառնամ լրիւ ուրիշ հարցի;

Անահիտի տրամադրուելիք տունը ըստ նկարների կը գտնուի Գիւմրիի Մուշ 2 թաղամասի մէջ, վերջին երկու տարիներուն տարբեր կազմակերպութիւններ տարբեր անհատներ իրենց օժանդակութիւնը տուին հարիւրաւոր ընտանիքներու յատկացնելով իրենց բնակարաններ մեծամասնութիւնը Մուշ 2 թաղամասէն գնուած տուներով․․․

Մուշ 2 թաղամասը կառուցուեցաւ տարիներ առաջ պետութեան կողմէ եւ բնակարանները տրուեցան այն ընտանիքներուն որոնք երկրաշարժին կորսնցուցած էին իրենց տուները եւ կապրէին տնակներու մէջ ինչպէս եւ մինչեւ օրս տակաւին հազարաւոր ընտանիքներ կապրին տնակներու մէջ․

Պետութիւնը, Մարզպետականը, Քաղաքապետարանը, եւ բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է ամենայն լրջութեամբ հետեւին որպէսզի բնակարան ստացող ընտանիքներուն տնակները քանդուին եւ երբեք արտօնութիւն չտրուի նոր տնակ տեղադրելու ոչ սեփական հողամասերու վրայ․

Հարիւրաւոր ընտանիքներ որոնք ուրախութեամբ մուտք գործեցին իրենց յատկացուած բնակարանները տարիներ առաջ այսօր կը վաճառէն, Ինչու՞, ոմանք կարտագաղթեն երկրէն, ոմանք աւելի յարմար բնակարան կը գնէն իսկ ոմանք ալ կրկին կը վերադառնան տնակ եւ այդ բնակարանի վաճառուած գումարը կը գործածէն որպէսի գոյատեւեն որովհետեւ աշխատանք չունին․

Աստուածահաճոյ գործ կատարել հարիւրաւոր ընտանիքներու նոյն ժամանակ անուղղակի կերպով հարիւրաւոր ընտանիքներ կորսնցնեն բնակարաններ տարբեր պատճառներով․․․

Պիտի հանգանակութիւն ըլլայ եւ Գիւմրիի մէջ ստեղծուին աշխատանքի վայրեր, ըլլայ անոնք գործարանի տեսքով թէ այլ, եթէ այդ բնակարաններու ընտանիքները ունենային գոյատեւելու չափով եկամուտ չէին արտագաղթեր եւ կամ չէին վերադառնար տնակներ․

Մտածենք նաեւ այդ ուղղութեամբ, վերակենդանացնենք երբեմնի տնտեսապէս հզօր Գիւմրին եւ երբ մարդ անհատը աշխատանք ունենայ վարկով ինք իր սեփական տունը կը կառուցէ ու կարիք չի զգացուիր բարերարներու․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԶԱՐԵՀ ՅԱՀՆԻԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail