17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի հետ կը պատրաստուի փաստաթուղթ, որ կ՛երաշխաւորէ անոնց տարածքին մէջ օտարերկրեայ զինուորականներու բացակայութիւնը․ այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով` «Քոմսոմոլսկայա Փրաւտա» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին:
Լրագրողը նշած է, թէ «Խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու մէջ երիտասարդութիւնը կը դաստիարակեն հակառուսական տրամադրութիւններով»: Ի պատասխան` Լաւրով նշած է․ «ԱՊՀ որեւէ երկրի մէջ մեր դիւանագէտներուն թիւը անգամներով փոքր է, քան Միացեալ Նահանգներունը»:
«Հայաստանի մէջ, ի դէպ, ամերիկացիներու դեսպանատունը թուակազմով երկրորդն է անոնց դեսպանութիւններու թիւով աշխարհի մէջ»,- նկատել տուած է լրագրողը:
«Անշուշտ, անոնք քանակական առաւելութիւն ունին: Մենք չենք կրնար, ինչպէս անոնք, հայելիի խամաճիկային կազմակերպութիւններ ստեղծենք: Եւ ճշմարիտ չէ, որ ԱՊՀ երկիրներու մէջ մենք չենք աշխատիր քաղաքական բոլոր ուժերու հետ: Կ՛աշատինք համակարգային բոլոր ընդդիմադիրներու հետ: Ոչ համակարգայիններու, ընդյատակեաներու հետ չենք աշխատիր: Մենք հաւանաբար յեղափոխութիւններէ դիմադրողականութիւն ձեռք բերած ենք: Մենք մէկ յեղափոխութիւն չէ, որ ապրած ենք, եւ այն չենք ցանկար որեւէ այլ երկրի համար: Այստեղ հարկաւոր է փափուկ ուժ, մշակոյթի, մարմնամարզութիւն, կրթութեան զարգացում»,- ըսած է Լաւրով:
Ան նշած է, որ Հայաստանի հետ կը նախապատրաստուի փաստաթուղթ, որ կ’երաշխաւորէ անոնց տարածքին մէջ օտարերկրեայ զինուորականներու բացակայութիւնը:
yerakouyn.com/2018/12/17/