18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման բովանդակային բանակցութիւններուն վերադառնալու հետզհետէ թափ հաւաքող բարձրաձայնումները մտածել կու տան, որ միջնորդական առաքելութեան աշխուժացման միտումներ կը դրսեւորուին շուտով:
Բովանդակային մասը տակաւին պարզ չէ, այսուհանդերձ որոշ երեւոյթներ հիմք կը ծառայեն կանխատեսումներու, եւ առ այդ` կը յուշեն պետական դիրքորոշումներու վերաբանաձեւումներ կատարելու: Պաշտօնական Մոսկուայի հրապարակած առաջադրանքը` արտաԵԱՀԿ-եան շրջանակներու մէջ երկխօսութեան ձեռնարկելու, բնականաբար անտարբեր չի ձգեր դիպաշարին հետեւողը:
Մէկ անգամ չէ, որ ԵԱՀԿ-ի ձեւաչափէն դուրս բանակցութիւնները միջազգային այլ միջավայր տեղափոխելու պահանջ-առաջարկ արծարծած էր Պաքուն տարբեր առիթներու: Լաւրովի այս պատկերացումին անպայման կ՛արձագանգէ պաշտօնական Պաքուն, եթէ ոչ անպայման ուղղակի եւ անմիջական, այլ` անուղղակի եւ գուցէ տարբեր պարունակի մէջ:
Մինչեւ Տուշանպէի պայմանաւորուածութիւն` հայկական կողմը իր պաշտօնական դիրքորոշումը` բովանդակային բանակցութիւններու վերադառնալու, կը պամանաւորէր նախ հրադադարի երաշխաւորման համար Վիեննայի, ապա Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ հնչած առաջնահերթութիւններու գործադրութեամբ:
Ապրիլեան պատերազմէն ամիս մը ետք, Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը հիմնական երեք կէտերուն մասին յայտարարութիւն կը հրապարակէր:
Ա. Քննարկուած են արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ ապրիլի սկիզբը կատարուած հրադադարի կոպիտ խախտումին պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու հաւանական ուղիները:
Բ. Համանախագահող երկիրները շեշտած են 94-ի եւ 95-ի համաձայնագիրները յարգելու եւ անոնց իրականացումէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:
Գ. Համաձայնութիւն գոյացած է քայլերու ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի հաստատման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու յաւելման հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հաւանական վերսկսման համար:
Առաջին հայեացքով երկրորդ կէտը քաղաքական առաւել կ՛ապահովէր հայկական կողմին` պարզապէս նշելով 94-ի հրադադարը: Ասիկա հրադադարի այն համաձայնութիւնն է, որուն յղում կը կատարուէր այս ձեւով, ուր Ստեփանակերտը իբրեւ առանձին քաղաքական միաւոր կը ստորագրէր միջազգային պայմանագիրը: Այս ինքնին կը մղէ ենթադրել տալու, որ հետագայ որեւէ պայմանագիր պէտք է ունենար նաեւ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը: Համանախագահները փաստօրէն բովանդակային որեւէ համաձայնութեան համար անուղղակիօրէն կը յուշէին Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը` պարզապէս յղում կատարելով 94-ի հրադադարին:
Երրորդ կէտը առաջին տպաւորութեամբ ունի զինուորական նշանակութիւն: Երաշխաւորել շփման գիծի անվտանգութիւնը, համապատասխան սարքերով օժտել զայն եւ հետաքննել հրադադարի խախտումի դէպքերը` այս բոլորին համար ընդլայնելով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին լիազօրութիւնները:
Վիեննայով փաստօրէն կարեւոր առաջադրանքային կէտեր պայմանաւորուածութեան տեսք կը ստանային: Յղում կը կատարուէր Ստեփանակերտին իբրեւ քաղաքական անկախ միաւոր. ԵԱՀԿ-ը զուտ բանակցային միջնորդի կարգավիճակէն անցում կը կատարէր շփման գիծի անվտանգութեան երաշխաւորի եւ հետաքննողի: Փաստօրէն Պաքուն հարուած կը ստանար` բանակցային գործընթացը ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն դուրս բերելու իր քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին: Վիեննայի որոշումները արգելակելու Պաքուի պատասխանը պարզ էր:
Հայկական կողմը մնայունօրէն յղում պիտի կատարէ Վիեննային ոչ թէ բովանդակային բանակցութիւններէն խուսափելու համար, այլ Ստեփանակերտը` իբրեւ անկախ կողմ, բանակցային սեղան վերադարձնելու (ինչ որ իբրեւ առաջադրանք վերահաստատուած է նորահաստատ իշխանութիւններուն կողմէ): Նաեւ անշուշտ իբրեւ գործնական միջոց` մշտադիտարկման կահաւորումը կատարելագործելով, հետաքննումի գործողութիւններուն սատարելով անվտանգութեան երաշխաւորումը ամրակայելու միտումով:
Այս բոլորը պարզ են զինուորաքաղաքական իմաստով: Քաղաքական տրամաբանութեամբ պէտք է բացատրել նաեւ, որ Պաքուն չկրակելու եւ ուղիղ կապ հաստատելու պայմանաւորուածութեամբ ըստ էութեան փորձ կը կատարէ տապալելու Վիեննան եւ խնամքով շրջանցելու այնտեղ բանաձեւուած կէտերը: Տուշանպէի պայմանաւորուածութեան արդիւնքները աւելի շօշափելի են, քան Վիեննայի: Պաքուն պարզապէս կ՛արգելակէ ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւններու ընդլայնումը` քաջ գիտնալով նաեւ, որ մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան մեքանիզմներու կահաւորումն ու այնտեղ իրականացուող մնայուն մշտադիտարկման առաքելութեան իրականացումը կ՛ենթադրէ փաստացի սահմաններու նուիրականացում եւ իրողական ճանաչում:
Ըստ էութեան, Վիեննան, բովանդակային բանակցութեան կարեւոր փաստաթուղթ է, որուն մնայունօրէն յղում կատարելու բոլոր պատճառները ունի հայկական կողմը:
aztagdaily.com/archives/420382