Սակայն. Պիտի Շարունակենք Խաղաղ Հոլովոյթը, Սակայն…

18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիան կը թուի Արեւմուտքի հետ լարուածութեան աճին լոյսին տակ որոշած ըլլալ վերջինս մղել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթէն դուրս կամ առնուազն լուսանցքը, եւ այդ հարցով միջնորդութիւնը դարձնել իր մենաշնորհը. վտանգաւոր զարգացում մը, որ ո՛չ միայն կ՛ականահարէ եւ մեծ մասամբ կ՛իմաստազրկէ հայկական կողմի մինչեւ օրս կիրարկած փոխլրացման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ կը վտանգէ հայանպաստ ներկայ սթաթիւս քոն, հայկական կողմի անվտանգութիւնն ու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 13 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիա կը փափաքի շարունակել նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ, իմա՛` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան միջնորդութենէն դուրս երկխօսութեան: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը լրագրողներուն յայտնեց, թէ ազրպէյճանական կողմը անկեղծօրէն տրամադրուած է ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման վերսկսման ու շարունակութեան, եւ յոյս յայտնեց, որ Երեւանը ընտրութիւններէն եւ կառավարութեան ձեւաւորման փուլէն ետք կը շարունակէ աշխուժ խորհրդակցութիւնները տագնապի լուծման ուղղութեամբ:

Ան ըսել կ՛ուզէ, թէ հայկական կողմը ազրպէյճանականին նման «անկեղծօրէն տրամադրուած» պիտի չըլլայ, եթէ չընդունի Մինսքի խմբակէն դուրս ռուսական միջնորդութիւնը եւ այդ ձեւաչափով «չշարունակէ աշխուժ խորհրդակցութիւնները», որոնք գործնականապէս սկիզբ առին Ասթանայի մէջ վերելակային դիւանագիտութեամբ: Այս առումով` ազրպէյճանական կողմին տրամադրուած ռուսական բարենիշին նպատակը ճնշում բանեցնելն է հայկական կողմին վրայ:

Նախ եւ առաջ հարկ է նշել, թէ Պաքուի այդ «անկեղծութիւնը» յստակ ու պարզ կերպով երեւան եկաւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ճամբով: Երկրորդ` Ազրպէյճան սկիզբէն ի վեր դէմ եղած եւ ակամայ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը, ուստի բնական է, որ «անկեղծօրէն տրամադրուած» ըլլայ այդ ձեւաչափի վիժեցման նկատմամբ, սակայն հայկական կողմի շահերէն չի բխիր տագնապի լուծման հոլովոյթը այլուր փոխադրելը կամ Ռուսիոյ մենաշնորհը դարձնելը: Այո՛, ճիշդ է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ Ռուսիան իր ազդեցութեամբ հաւասարներու մէջ առաջինն է, սակայն Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի գործօն մասնակցութիւնը հակակշիռ մըն է, իսկ եռանախագահութեան տարազը հայկական կողմին կարողութիւն կու տայ, ըստ պահի հրամայականի, խուսանաւելու:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց` «մենք պիտի շարունակենք խաղաղ հոլովոյթը», սակայն յստակ կերպով չնշեց, թէ ո՛ր ձեւաչափով, այլ բաւարարուեցաւ յայտնելով, թէ «լուծումը կը պահանջէ բոլոր կողմերուն ջանքերը»: Լաւրովի արտայայտած «յոյս»-ը մարելու, ստեղծուած վտանգը չէզոքացնելու համար պէտք է յստակօրէն ընդգծել, թէ հայկական կողմը պիտի շարունակէ խաղաղ հոլովոյթը, սակայն միջազգայնօրէն ընդունուած միակ ձեւաչափի` Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ:

Ալիեւ Լաւրովի հետ իր հանդիպման օրը յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ այսօր առաւել բարենպաստ իրավիճակ ի յայտ եկած է հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման համար: Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնք հիմք կը հանդիսանան այդպիսի յայտարարութեան համար»: Կը թուի, թէ անոր յոյս ներշնչող ու ոգեւորող այդ գործօններէն մէկը Մոսկուայի դիրքորոշումն է:

aztagdaily.com/archives/420244

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail