Փոքրիկ Անահիտի ծրագրին մասին՝ փոքրիկ ամփոփում մը – Ռատիօ Եան

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – Ռատիօ Եան :

Update / Նորութիւն 18 Դեկ. 2018

Փոքրիկ Անահիտի ծրագրին մասին՝ փոքրիկ ամփոփում մը

Ինչպէս գիտէք արդէն, անցեալ կիրակի կարողացանք հաւաքել ամբողջ գումարը ($10,059 ԱՄՆ), տուն մը նուիրելու համար Փոքրիկ անօթեւան Անահիտին եւ իր ընտանիքին: Ամբողջ գումարը հաւաքուած էր մեր սիրելի ունկնդիրներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն ու ինչպէս նաեւ անծանօթներու շնորհիւ: Մասնակցութեան քանակը 134 հոգի/կազմակերպութիւն է, չմոռնալով 7 Դեկտեմբերին Այնճարի մէջ կազմակերպուած Արծիւ Ամսաթերթի երկրաշարժի 30րդ տարելիցի յուշի երեկոն որուն ընթացքին հարիւրաւոր Այնճարաբնակ հայրենակիցներ իրենց բարոյական եւ մանաւանդ դրամական հզօր մասնակցութիւնը բերին այս ծրագրին: Նորէն կը յայտնենք մեր սրտաբաց շնորհակալութիււները բոլորին հատիկ առ հատիկ:

Ամփոփելով այս մի քանի օրը, կ’ուզենք ուրախութեամբ յայտնել ձեզ որ Shirak Kentron NGO ին հետ միասին այս վայրկեանիս կազմակերպական աշխատանքներ կը տանինք պատրաստելու համար Անահիտին ապագայ բնակարանը ու ամենամեծ հաւանականութեամբ բնակարանամուտը պիտի կատարենք Յունուարի 7ին, ինչի մասին անպայման ձեզի կը տեղեկացնենք շուտով:

Նուիրատուներուն ու հաշուական վերջնական պատկերը կրնաք գտնել մեր համացանցի էջին վրայ՝ www.radioyan.com/donate4gyumri

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կրնաք կապուիլ մեր հետ սոյն հասցէին՝ radioyan @ imarmenian.com

Անպայման ձեզի տեղեակ կը պահենք ապագայ զարգացումներուն մասին:

Ռատիօ Եան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail