Ուաշինկթըն Չի Ձգտիր Ասատը Իշխանութենէն Հեռացնել

18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ճեֆրի Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելէ
Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց, թէ իր երկիրը «չի ձգտիր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնել, սակայն նոյն ատեն Սուրիոյ վերաշինութիւնը պիտի չֆինանսաւորէ, եթէ վարչակարգը խորքային փոփոխութեան չենթարկուի»:

Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաշինութիւնը պիտի կարօտի 300-400 միլիառ տոլարի: Անոր կարծիքով` Արեւմուտքն ու միջազգային կառոյցները ելեւմտական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրեն, եթէ երկրի իշխանութիւններուն վարած քաղաքական ուղեգիծը չփոխուի:

Ճեֆրի զգուշացուց, որ «Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ ուժի կողմէ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ դէմ զինուորական յարձակում մը վատ գաղափար մը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Մենք նաեւ կը հասկնանք, թէ թուրքերը մտահոգ են այդտեղի ապահովական կացութենէն, այդ մտահոգութիւնը նկատի կ՛առնենք եւ անոնց հետ կ՛աշխատինք»:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ բացայայտեց. «Անցեալ կիրակի հարիւր Փեշմերկաներ հիւսիսային Իրաքէն փոխադրուեցան Սուրիա: Այդ քայլը կատարուեցաւ ամերիկեան օրհնութեամբ եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն համաձայնութեամբ»:

Բացի ատկէ, ան կոչ ուղղեց իրանեան ուժերը հեռացնելու Սուրիայէն:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Ուաշինկթըն չյարգեց իր խոստումները, մասնաւորաբար ՔԱԿ-ը Մընպեժէն դուրս բերելու գծով: Այդ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ խրամատներ փորել եւ պատուարներ բարձրացնել»:

«Անգարան պիտի չարտօնէ, որ հիւսիսային Իրաքի Սինճար գաւառը Կորդուաց լեռներուն նման ահաբեկիչներու որջի վերածուի», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը վճռական է զայն ներքին ու արտաքին ճակատի վրայ վտանգող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարելու առումով` շեշտելով, որ Թուրքիան կը յարգէ «Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական միութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը»:

Մինչ այդ, Թեհրան յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական որեւէ գործողութիւն, որ առանց Դամասկոսի հետ համակարգումի կը կատարուի, պիտի ազդէ Ասթանայի բանակցութիւններու արդիւնքներուն վրայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի շեշտեց. «Որեւէ երկիր չի կրնար Սուրիոյ մէջ որեւէ քայլի դիմել` առանց Դամասկոսի հետ համակարգում կատարելու»:

«Կը կարծենք, որ մեր թուրք բարեկամները լաւապէս կը գիտակցին Սուրիոյ եւ շրջանի կացութեան, եւ մենք կը շարունակենք անոնց հետ հաղորդակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնները»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր յայտարարած էր, թէ «որեւէ պահու կրնանք Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ յարձակում գործել»` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ սպասուող գործողութիւնը քննարկեցի Թրամփի հետ, եւ անոր պատասխանը դրական էր»:

aztagdaily.com/archives/420564

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail