Թրամփ Էրտողանին Չէ Խոստացած Կիւլենը Արտայանձնել Թուրքիոյ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր ժողովի ընթացքին չխոստացաւ Միացեալ Նահանգներ բնակող կրօնաւոր Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնել Թուրքիոյ»:

«Նախագահը Արժանթինի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Էրտողանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին չխոստացաւ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնել», ընդգծած է պաշտօնատարը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն այժմ կ՛աշխատի Էրտողանի մոլի ընդդիմախօս Ֆեթհուլլա Կիւլենը Անգարային յանձնելու շուրջ»:

Ըստ Չաւուշօղլուի, Թրամփ այս մասին յայտնած է Արժանթինի մէջ դեկտեմբերի սկիզբը տեղի ունեցած Քսաններու խմբակի ժողովի ընթացքին:

Թրամփ նոյեմբերին յայտարարած էր, թէ Կիւլենը արտայանձնելու հարցը չի քննարկուիր:

aztagdaily.com/archives/420561

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail