Ալիեւ Կրկնած Է Նախիջեւանի Մէջ Տարածքներ Գրաւելու Պնդումը

19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, զինուորականներու բնակարաններ յանձնելու արարողութեան մը ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 17 Դեկտեմբերին դարձեալ սպառնաց «ոչնչացնել հակառակորդի որեւէ թիրախ», նոյն ժամանակ աւելցնելով, որ երկիրը պիտի շարունակէ գերարդիական զէնքեր գնելու արշաւը, հաւանաբար հակադարձելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն Հայաստանի զինուած ուժերուն պիտի յատկացուի յաւելեալ 2.5 միլիառ տոլար:

Իր ելոյթին մէջ, Ալիեւ դարձեալ պնդեց, թէ այս տարի ատրպէյճանական բանակը Նախիջեւանի կից յաւելեալ 11,000 հեկտար տարածք առած է իր վերահսկողութեան տակ՝ պնդում մը, որ Երեւանը բազմաթիւ անգամներ հերքած է:

Ալիեւ նաեւ պնդեց, թէ ատրպէյճանական բանակը գրաւած է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բարձունքներ, որոնց շնորհիւ իր հսկողութեան տակ անցած են Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճամբաներ եւ հաղորդակցութեան միջոցներ:

Նախագահ Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ, Ատրպէյճանի ռազմական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ նման արդիւնաբերութեանց ծաւալները վերջին 11 տարիներուն մօտաւորապէս 33 անգամով աւելցած են: Ան նաեւ տեղեկացուց, թէ սկսած են արտադրութեան՝ «Եալքուզաք» տիպի դիպուկահար հրացաններու եւ թեթեւ գնդացիրներու, որոնց մասին կը խօսուէր 2003էն ի վեր:

asbarez.com/arm/333137/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail