19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Բաւական մեծ է հաւանականութիւնը, որ նոր կառավարութեան կառուցուածքին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւն չունենանք: Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, երիտասարդ ձեռներէցներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք հաւաստի է լուրը, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի փակուի։
«Մենք հիմա քննարկումներու փուլի մէջ ենք։ Մեր ամենակարեւոր խնդիրը պետական կառավարման համակարգին մէջ կառավարման առաւել արդիւնաւէտ մակարդակի հասնիլն է, ներառեալ` Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու մէջ։ Այո՛, կայ այդպիսի հաւանականութիւն, եւ բաւական մեծ է այդ հաւանականութիւնը, որ նոր կառավարութեան կառուցուածքին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւն չենք ունենար, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք այլ կառոյցներու միջոցով այդ կապերը արդիւնաւէտ չենք դարձներ»,- յայտարարած է ան:
Փաշինեանի խօսքով՝ ամենակարեւոր էական խնդիրը այն է, որ, ըստ էութեան, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու բաղադրիչ ունին բոլոր նախարարութիւնները` առանց բացառութեան։ «Ասիկա էական խնդիր է, որ մենք պէտք է լուծենք։ Կայ այդ խնդիրը լուծելու քանի մը տարբերակ, որոնց վրայ մենք կ՝աշխատինք»,- շեշտած է ան:
yerakouyn.com/2018/12/19