Հրայր Մարուխեան Կը Դառնար 90 Տարեկան

19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ամբողջ կեանքին մէջ ան կ՛երազէր վերադառնալ Հայրենիք: Այնտեղ, ուր Առաջին Հանրապետութեան անկումէն ետք, 1920 թուականին, արտագաղթած էին ծնողները: Բայց Հրայր Մարուխեանի վերադարձը պայքարով էր: Անոր համար` վերադառնալ կրնար մէկը, որ իր գիտակից կեանքով հարթած է այդ ուղին: Ուստի անդամագրուած էր կազմակերպութեան մը, որուն կարգախօսներէն մէկը` «Դէպի երկիր», եղած էր դեռ 20-րդ դարասկիզբը, երբ պէտք էր մեկնիլ Արեւմտահայաստան` կենաց մահու պայքարի:

Ու այդ կարգախօսը ան իր կուսակցութեան` Դաշնակցութեան անունէն հնչեցուց Արցախեան շարժման առաջին օրերուն: Եւ եղաւ իր իսկ կոչին առաջամարտիկներէն մէկը:

Պայքարեցաւ, երբ Դաշնակցութեան շարքային անդամ էր, պայքարեցաւ, երբ երկար տարիներ կը ղեկավարէր զայն: Քաղաքական գործիչ, որ կրնար բանակցիլ այդ օրերու աշխարհի տէրերուն հետ` իր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Գործիչ, որուն հետ հաշուի կը նստէին Լիբանանի ու Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան մէջ մէջ: Գործիչ, որ թոյլատրուած ու չթոյլատրուած միջոցներով աշխարհին պարտադրեց խօսիլ իր ժողովուրդի իրաւունքներուն, ապրած ողբերգութեան մասին:

Եւ յաղթեց: Ան կրեց մէկ պարտութիւն միայն, սակայն` սեփական Հայրենիքի մէջ: Դաշնակցութեան վերելքի պահուն, իր անուրջներուն մէջ փայփայած անկախ Հայաստանի իշխանութիւնը` երկրի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շուրթերով, Հրայր Մարուխեանին յայտարարեց «փերսոնայ նոն-կրատա»: Ու շատեր արձանագրեցին․ «Պարտութիւն»: Սակայն իրականութեան մէջ յաղթանակը յետոյ պէտք է ըլլար, որովհետեւ պատասխանը աւելի սաստիկ պիտի ըլլար․․․

Այսօր Հրայր Մարուխեանը կը դառնար 90 տարեկան:

yerakouyn.com/2018/12/19/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail