Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Թուրքիոյ «Փաթրիոթ»-ներ Վաճառելուն

20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ` ամերիկեան «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր վաճառելու առաջարկին: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները տասը տարի շարունակ Միացեալ Նահանգներէն արտօնութիւն կը խնդրէին այդպիսի չորս համակարգ գնելու համար:

Այժմ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է 3,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքին:

Ամերիկեան իշխանութիւնները նշած են, որ այս համակարգերը Թուրքիոյ կարելիութիւն պիտի ընձեռնեն պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զսպելու շրջանային սպառնալիքները:

Յիշեցնենք, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու գործարքին պատճառով: Ուաշինկթըն բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ այդ գործարքին:

aztagdaily.com/archives/420752

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail