20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խոստացաւ ռուս գործընկերներէն փորձել տեղեկութիւն ստանալ այն մասին, թէ ի՛նչ հիման վրայ կը յայտարարեն, որ Հայաստանի վրայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճնշում կը գործադրուի: Փաշինեան այս մասին անդրադարձաւ Դեկտեմբեր 19 -ին, Դիլիջանի մէջ, երիտասարդ գործարարներու հետ հանդիպման ընթացքին:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վարէ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն, եւ կը կարծեմ, որ եթէ ոչ բոլորը, ապա շատերը ատիկա կը տեսնեն: Եւ Հայաստանի այդ քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի»,- ըսաւ Փաշինեան:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութեան այն մասին, որ Մոսկուա եւ Երեւան փաստաթուղթ կը մշակեն կենսաբանական տարրալուծարաններու վերաբերեալ՝ Փաշինեան յայտարարեց. «Նման պայմանագիր նախապէս քննարկուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: Մեր կառավարութեան օրօք մենք երբեք Ռուսիոյ մեր գործընկերներուն հետ այդպիսի հարց չենք քննարկած: Անհրաժեշտ է պարոն Լաւրովէն աւելի մանրամասն տեղեկանալ, թէ ինչ նկատի ունի ան»:
Հարցումին, թէ արդեօք Հայաստան կը մտադրէ՞ ամերիկեան զէնք ձեռք բերել՝ Փաշինեան պատասխանեց. «Մենք որեւէ յստակ հնարաւորութիւն եւ առաջարկ այս պահուն չենք տեսներ»:
yerakouyn.com/2018/12/20/