Ղեկավար Եւ Ղեկավարում Ունի՞նք Արտաքին Եւ Ներքին Նախայարձակումներու Դաշտին Մէջ – Յ. Պալեան
07 ԱՊՐԻԼ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ: (Կարդալ նաեւ՝)
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Բուռն կերպով կ’ատեմ հրահանգով կատարուած հերոսու-թիւնը, ձրի բռնութիւնը եւ տխմար ազգայնականութիւնը: Պատերազմը ամենէն արհամարհելի բանն է:
Ալպէր Այնշթայն, Ի դարու մեծ գիտնական
Ընդունուած միջազգային եզրը agression է. նախայարձակում: Կը գործածուի զանազան պարագաներու համար, կը մեկնաբանուի ըստ շահերու եւ տեսանկիւնի. ահաբեկչութիւն, ոճրային ապօրինի կազմակերպութիւններ, հրոսակային կռիւ (guerilla), իշխանութեան չարաշահում, մենատիրական ընթացք:
Ճիշդ է, օրէնքներ եւ դատարաններ կան պայքարելու, զսպելու եւ պատժելու համար նախայարձակումները, անոնց հեղինակները, անհատ, կազմակերպութիւն թէ պետութիւն, բայց անոնք կը շարունակուին հետեւելով Լա Ֆոնթէնի առակի իրատեստութեան,. «հզօրին օրէնքը միշտ լաւագոյնն է»: Պատժուողներ կան, կան նաեւ անպատժելիներ:
Մեծեր, գիտնական, գրող, արուեստագէտ, քաղաքական առաջնորդ, կրնան գեղեցիկ խօսքեր ըսել, փուչիկներ՝ ցեղապաշտութեան, ազգայնամոլութեան եւ իշխելու կիրքի դէմ: Այս մասին մտածեցի երբ կարդացի Ի դարու մեծ գիտանական Ալպէր Այնշթայնի միտքը. «Բուռն կերպով կ’ատեմ հրահանգով կատարուած հերոսութիւնը, ձրի բռնութիւնը եւ տխմար ազգայնականութիւնը: Պատերազմը ամենէն արհամարհելի բանն է»: Բայց պատերազմ եւ նախայարձակում կը շարունակուին եսի, իրաւազրկման, տիրելու կիրքի, անիրաւութեան եւ ոճիրի խորքի պաստառին վրայ, եւ մարդկութիւնը կը շարունակէ արդարութենէ ճառել եւ նորանոր օրէնքներ ընդունիլ: Ան իր օրէնքներով եւ միջազգային ժողովներով դեռ չէ հասկցած Կանտիի լուսաւոր իմաստութիւնը (կը հասկնա՞յ օր մը), որ «բռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը հաւասար է պարտութեան, քանի որ ան ժամանակաւոր է»:
Թուրք-ատրպէյճանական նախայարձակումները կը շարունակուին հակառակ զինադադարին, հակառակ ռուսական խաղաղապահ ուժի ներկայութեան, առանց խտրութիւն դնելու միջոցներու միջեւ, ամենէն հասարակ եւ գռեհիկ եղանակով. անցորդներու քարկոծում, անասնագողութիւն, «անտառի օրէնք»: Նախայարձակումներ՝ ուղղուած նաեւ հայկական յուշարձաններու դէմ, Կովկասի մէջ, բայց նաեւ ամենուրեք ուր հայկական համայնքներ կան:
Այս լարուած քաղաքական-զինուորական կացութիւնը կը բացատրուի պատմութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ, զորս երբեք մտահան պէտք չէ ընել, կրկնել, յիշել. Հայաստան ծովային ելք չունի, դրացի երկիրներէն պէտք է անցնի աշխարհի հետ յարաբերելու համար (կղզիացած է, enclave), դրացի երկիրները բռնագրաւած են իր պատմական հողերը:
Այսպէս է միջազգային եւ ներազգային յարաբերութիւններու պատկերը:
Աշխարհագրական դիրքը եղած է աղէտ: Կովկասը, ուր կը գտնուի Հայաստան, քաղաքական, կայսերական եւ կրօնական հանգոյց եղած է եւ է: Առաջին Աշխարհամարտէն առաջ իսկ, Օսմանեան կայսրութիւնը կ’ուզէր տարածուիլ հոն, իսլամ ժողովուրդները իր իշխանութեան տակ միացնելու համար, Ռուսիան Ուղղափառութեան ջահակիր կ’ուզէր ըլլալ եւ հասնիլ Կոստանդնուպոլիս, իսկ Գերմանիան աչքերը յառած էր բնական հարստութիւններով հարուստ շրջանին վրայ (այդ նպատակով ալ հիթլերական Գերմանիան յարձակեցաւ Ռուսիոյ վրայ եւ ուզեց հասնիլ Պաքուի նաւթահորերը):
Խորհրդային շրջանին, Ստալինի կամայական որոշումով հայկական Արցախի կցուեցաւ Ատրպէյճանի «ինքնավար մարզ» տարազով, որ շեշտեց պայթիւնավտանգ կացութիւնը: Հետեւանք. երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող շահագրգռուող կողմերու դիւանագիտական ճապկումները մնացին ապարդիւն եւ առաջնորդեցին պատերազմի:
Հայաստան, բաղդատած Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի, զարգացման նուազ հնարաւորութիւններ ունի. ծով չունի, հանքային հարստութիւնները նուազ են, արտաքին յարաբերութիւններու համար ճանապարհները սահմանափակ են: Լեռնոտ երկիր ըլլալով, ներքին հաղորդակցութիւններն ալ հեշտ չեն:
Բայց Հայաստան բնակչութիւնը գրեթէ միատարր է, հետեւաբար համայնքային պայքարի վտանգ չկայ: Երկրի բնակչութեան պատմական յիշողութիւնը եւ ընդունուած պատմութիւնը կը դիտուին որպէս երկրի ամրացման ազդակ: Հայաստան կը վայելէ նաեւ Սփիւռքի նեցուկը, քարոզչական, նիւթական եւ զբօսաշրջութեան զարգացման համար: Գումարել՝ արտագնայ աշխատանքի մեկնածներու եւ սփիւռքէն հարազատներու եղած օժանդակութիւնները:
Հայաստանի վերականգնումին դէմ գործած է եւ կը գործէ անյաղթահարելի դարձած հին եւ նոր ներքին փտածութիւնը (կոռուպցիա): Հինի մասին շատ խօսուած է, որ կարծէք համակարգ է: Դիրքի չարաշահում, ԽԾԲ-ի (խնամի-ծանօթ-բարեկամ) դրութիւն, կը շարունակուին: Պաշտօններ կը բաժնուին ոչ թէ ըստ կարողութեան եւ պատրաստութեան, այլ՝ պատկանելիութեան, հաւատարմութեան: Յառաջիկայ Ազգային Ժողովի ընտրութեան թեկնածուներու ցանկը նոյն ոգիով սկսած է պատրաստուիլ: Ներկայ իշխանութիւնը դիրքի շահագործումով եկամուտ ստանալու ձեւին օրինականութեան շապիկ հագցուց, դժուարութիւններու դիմաց կանգնած երկրին մէջ «պարգեւավճարներ» բաժնելով «իւրայիններու»: Միշտ յաճախադէպ են կաշառակերութեան ամբաստանութեան պարագաներ, ի հարկէ երբ կարելի ըլլայ զանոնք ճշդել: Այս փտածութեան վրայ պէտք է գումարել իշխանաւորներու «պերճանք»ի ծախսերը, որոնց մասին երբեմն կը լսենք, բայց չեն ներկայացուիր «ներկայացուցչական» եւ «ամառանոցային» ծախսերը:
Հայաստանի անմիջական դրացիները, Ատրպէյճանը, Թուրքիան եւ Վրաստանը, մեղմ խօսելով, անբարեացակամ վերաբերում ունին, անոնց հետ հողային հարց ունի Հայաստանը, հետեւաբար բացորոշ թշնամութիւնը կը շարունակուի: Եւրոպան կամ Ամերիկան, Հնդկաստանը կամ Չինաստանը հեռու են, կը մնայ անմիջականօրէն կառչելիք միակ բարեյոյս ուժը, Ռուսիան, որուն հետ Հայաստան պարտի ունենալ դրական յարաբերութիւն, գործակցութիւն, ե՛ւ զինուորական ե՛ւ տնտեսական: Պէտք չէ անգիտանալ Գիւմրի տեղակայած ռուսական զինուորական խարիսխի ապահովական երաշխիքը: Անկախ այս գործակցութենէն, Հայաստանի ուժանիւթային մատակարարումը ռուսական է, եւ ան կ’օգտուի մաքսային դիւրութիւններէ:
Այս եւ այլ պատճառներով, Հայաստան լուսանցքի վրայ մնացած է շրջանի երկիրներու համագործակցութեան եւ զարգացման ընթացքէն, օրինակ, Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղի կառուցումէն եւ անկէ ստացուելիք եկամուտներէն անմասն մնացած է, նաւթամուղը դէպի Էրզրում չանցաւ Հայաստանէն:
Հաղորդակցական ճանապարհները եւ երկաթուղին անհրաժեշտ ըլլալով շրջանի երկիրներուն, պատերազմի պարտադրանքով լուծում պիտի գտնեն, ի հեճուկս Հայաստանի գերիշխանութեան իրաւունքին: Հետեւանքները դեռ կարելի չէ սահմանել: Ոմանք կը խորհին, որ անոնք կրնան նպաստել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, իսկ ուրիշներ, աւելի իրապաշտ, կը նախատեսեն, որ Հայաստանի ներքին շուկան կրնայ ողողուիլ ներածուած երկրագործական եւ ճարտարարուեստական դուրսի ներածումներով, կը քանդուի Հայաստանի տնտեսութիւնը, կը յառաջանան գործազրկութիւն եւ արտագաղթ, օտար եւ աժան աշխատուժը կը ներխուժէ, որ ժամանակի ընթացքին կրնայ սպառնալիք ըլլալ երկրի ազգային դիմագիծի փոփոխման եւ որպէս ազգային պետութիւն՝ ապակայունացման: Այս վտանգին առաջքը առնելու համար, քաղաքական տրամաբանութեան թելադրութիւնը կը մնայ Ռուսիոյ հետ իրատեսական համագործակցութիւնը:
Այս նախայարձակումներու բաց դաշտին մէջ Հայաստան առաջին հերթին կարիք ունի իր ներքին միութեան, ազգային իրաւ գիտակցութեամբ առաջնորդուող կառավարութեան եւ ղեկավարութեան: Եւ՝ մտաւորականութեան, որ ըլլայ ժողովուրդը լուսաւորող, զարգացնելով անոր գիտակցութիւնը, յառաջացնելու համար անհատական կացութիւնները գերանցող հաւաքական գիտակցութիւն, որ տէր եւ հաւատարիմ ըլլայ իր հայրենիքին եւ անոր ապագային:
Հայաստանի պէս ծով չունեցող փոքր երկիրներ կան, որոնք գիտցած են կազմակերպուիլ, տոկալ, տեւել, յառաջդիմել, բարօրութիւն ապահովել, հզօրանալ:
Միշտ յուսալով, որ Հայաստանի դրացի երկիրները, քաղաքակրթութեան հոլովոյթին եւ գաղափարներու համաշխարհայնացման հետ պիտի հասնին վերեւ նշուած իմաստութեան՝ որ «…բռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը հաւասար է պարտութեան, քանի որ ան ժամանակաւոր է»: Այսպէս պէտք է ըլլար եւ գործէր Մ.Ա.Կ.-ը, հսկէր, բայց դեռ չէ յաջողած այդպէս ըլլալ:
Ուժերը եւ բարեկամութիւնները կը փոխուին, նոր հաւասարակշռութիւններ կը ծնին, կը ստեղծուին արդարութեան եւ իրաւունքի հաստատման նոր պայմաններ: Պատմութիւնը կանգ չէ առած: Պատմութիւնը կը վկայէ. հզօրներ փուլ եկած են…
Ականջ տալ պատմութեան ճօճանակին եւ զայն լսելու պատրաստ ըլլալ: Կար ժամանակ երբ հայերէն կը սորվէինք, գրաբար ալ կը սորվէինք: Գրաբարի դասագիրքին մէջ խորագիր մը կար, որ կը յատկանշէ նաեւ ներկայի ախտավարակ պատկերը. «Մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս»:
Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի իրաւ առաջնորդ(ներ)ը, ես եւ տեսութիւն մոռնալով, պէտք է լսեն բանաստեղծի յայտնատեսական խօսքի ղօղանջը, անով առաջնորդուի, առաջնորդէ, մեծնայ: Բանաստեղծը տեսաբան չէ: Ոգեկանութիւն է:
Բիւրեղ բանաստեղծը՝ Միսաք Մեծարենց: Ներշնչանքի լուսաւոր խօսքը՝
Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,
Ու չըլլա՜յ որ ծափիս ձայնին երգը գուժկան
Եսիս սենեա՜կն ունենայ` ցու՜րտ առանձնարան:
Ինչպէ՞ս դուրս գալ եսի եւ եսերու առանձնարաններէն…
yerakouyn.com/2021/04/07/ղեկավար-եւ-ղեկավարում-ունի՞նք-արտաքի/