Հայոց ցեղասպանութիւն – 24 Ապրիլի, Մեր Հայրենահանման Այժմէականութեան Եւ Հեռանկարային Քաղաքականութեան Մասին. (Յ. Պալեան)
19 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: (Կարդալ նաեւ՝)
Իրականութեան ճանաչումը լոյս մըն է, որ տեղ մը միշտ ստուերներ կը նետէ:
Կասթոն Պաշըլար, Ի. դար,
ֆրանսացի մեծ գիտնական եւ իմաստասէր
Եթէ միջազգային համայնքը յարգած ըլլար իր յանձնառութիւնները, վատութեամբ դրժած չըլլար զանոնք, եթէ Սեւրի Դաշնագրի հիման վրայ Վուտրօ Վիլսոնի տրուած իրաւասութեան հիման ստեղծուած ըլլար Հայկական պետութիւնը, այսօր կ’ունենայինք աճելու, զարգանալու, եւ հայութիւնը խմբելու ի վիճակի 15-20 միլիոն բնակչութեամբ երկիր մը:
Նման երկիր, հեռուի եւ մօտի դրացիներու հետ գործակցելով հանդերձ, կ’ըլլար աւելի ինքնաբաւ, աւելի անկախ, աւելի հզօր: Կ’ըլլար երկիր իր բնիկ ժողովուրդով, նաեւ անոնցմով, որոնք այսօր մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ անհամար համայնքներ են մոլորակի այս կամ այն անկիւնը, եւ անխուսափելիօրէն դատապարտուած իրենց արմատներէն հեռացման, ինչ որ ցեղասպանութեան լուռ շարունակութիւնն է, որուն համար պատասխանատու է միջազգային համայնքը:
Պարզ է. Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը ծանր հարուած էր մեր ժողովուրդին: Մէկուկէս միլիոնը, բնական աճով, այսօր երեքով կամ չորսով բազմապատկուած պիտի ըլլար: Գումարենք սփիւռքը. կը հասնինք քսան միլիոնի: Գումարենք ներկայ Հայաստանի բնակչութիւնը եւ խորհրդային շրջանին ստեղծուած այսպէս կոչուած ներքին սփիւռքը, Հայոց Պետութիւնը կ’ըլլար քսանհինգ միլիոն քաղաքացիներով երկիր: Այս զարգացումը խոչնդոտուած է նենգութիւններով եւ մեղսակցութիւններով:
Օր մը բնակչութեան եւ անոր աճի մասնագէտները ժողովրդագրական (démographique) ուսումնասիրութիւն մը պէտք է պատրաստեն թիւերով եւ վերլուծումներով, որպէսզի ճիշդ գնահատուի հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը, պարզաբանուին ոճիրին մարդկային եւ քաղաքական հետեւանքները, մեր կորուստները ներկայացուին գիտական ձեւով:
Այս բոլորի հիման վրայ կրնանք խօսիլ պատմական եւ միջազգային պատասխանատուութեան մասին, որպէս մարդկութեան դէմ շարուակուող ոճիր:
Այսինքն ցեղասպանութեան ճանաչումը անցեալի մէջ բանտարկելու վիճակէն դուրս պէտք է բերել, զայն դարձնել այժմէական խնդիր:
Այս հետապնդումին համար առաջին հերթին համազգային համախոհութիւն անհրաժեշտ է, Հայաստան, սփիւռք, ներազգային բաժանումներ: Ապա կազմել հայոց իրաւունքի եւ անկէ բխող պահանջներու ամբողջական թղթածրարը, նոյնիսկ երբ գիտենք, որ այս աշխատանքը այսօր կամ վաղը պիտի չարդիւնաւորուի: Բայց պատմութիւնը, միջազգային յարաբերութիւնները եւ հաւասարակշռութիւնները փակուած էջեր չեն, անոնք միշտ փոխուելու հակամէտ են: Այդ մասին կը վկայէ պատմութիւնը, որուն ցնցումներուն, վերիվայրումներուն, ուղղութիւններուն ոչ-սիրողական ըմբռնումով պէտք է ոչ-ենթակայական նախատեսութիւններ ընենք եւ կողմնորոշուինք, «դաշնակիցներ» փնտռենք, նոյնիսկ այդ ընել դժուար է մեծ ուժերու եւ միջազգային բարդ կացութիւններու մէջ:
Սիրողականութիւնը քաղաքականութեան մէջ ձախաւերութեան կ’առաջնորդէ:
«Դաշնակից» ունենալու համար հզօրութիւն պէտք է նուաճել:
Տկարը խնդրարկու կ’ըլլայ եւ ոչ դաշնակից:
Իւրաքանչիւր երկիր եւ ժողովուրդ իր ունեցած կարողականութիւններով (potentialités) պիտի կառուցէ իր հզօրութիւնը: Այս նպատակի իրականացման կարելի չէ հասնիլ դասական-ջոջական-երեւելիական-սիրողական թափահարումներով:
Մեր հինցած եւ ամլացնող մրցակցութիւնները, պառակտումները եւ յաճախ անորակ եւ տգէտի փառասիրութիւնները յաղթահարելով պիտի կարենա՞նք, անմիջական տխրութիւնները գերանցելով, կեանքի կոչել, անցեալը, ներկան եւ ապագան մտածող-վերլուծող կեդրոն մը, եւ անոր յանձնել կազմակերպական եւ նախատեսութիւններու համազգային ծրագրի մը պատրաստութիւնը, նորոյթ է ըսել think tank: Մեր ժողովուրդի պարագային ան պէտք է ունենայ համապարփակ դաշտ: Այս աշխատանքը ոչ առաջին կարգի աթոռ ունենալ է, ոչ ալ բեմերու վրայ տպաւորիչ ճառ խօսիլ:
Իսկ մեր մտաւորականութիւնը եւ ղեկավարութիւնը պէտք է ըմբռնեն, որ դասական եւ փորձուած ճամբաները մեզ տեղ չեն հասցուցած, պիտի չհասցնեն:
Հեռանկարային ծրագրի մը կազմութիւնը եւ անոր աստիճանական իրականացումը, մարդկային եւ նիւթական նպատակասլաց ներդրումներով, կրնան ըլլալ իսկական լուսաւոր ճամբան, որպէսզի մեր իրաւունքները վերականգնին, փորձենք զանոնք վերականգնել, ազգերու ընտանիքին լիիրաւ եւ հաւասար անդամ ըլլալու համար:
Եթէ շարունակենք ընթանալ անցեալի կոխուած ուղիներով եւ ճապաղած սովորութիւններով, վաղն ալ այսօրուան պիտի նմանի:
Կասթոն Պաշըլար, Ի դարու ֆրանսացի մեծ գիտնական իմաստասէրը ըսած է, որ «Իրականութեան ճանաչումը լոյս մըն է, որ տեղ մը միշտ ստուերներ կը նետէ»: Այսինքն, քանի ընդլայնի մեր ճանաչողութեան դաշտը, այնքան կ’աւելնան հարցականները:
Հետեւաբար կ’աւելնան նաեւ իրականութիւնները հասկնալու եւ ճշմարտութեան մօտենալու մեր կարելիութիւնները:
Առաջնորդը, ղեկավարը, ինքզինք պէտք չէ բանտարկէ ամենագիտութեան մէջ, որպէսզի ճիշդ տեսնէ եւ ճիշդ գործէ, նուազ սխալի:
Ինչպէ՞ս, որոնցմո՞վ գործել եւ առաջնորդուիլ:
Գորշ նիւթը ուժ է: Այդ ուժը այսօր պետութիւններու մէջ հզօրութիւն է եւ անոնց կը թելադրէ որդեգրուելիք ուղղութիւնները:
Այս նպատակին համար պէտք է գոյացնել Հիմնադրամ, որ չըլլայ ճնշումի միջոց:
Բոլոր ժողովուրդներու մէջ իմացական եւ դրամատիրական վերնախաւը առաջնորդը եղած է մեծ փոփոխութիւններու եւ յաջողութիւններու: Այդ չի վկայեր մեր անցած ուղին, մեր պատմութիւնը:
Ի հարկէ, այս ընելու համար, հասունութիւն եւ քաջութիւն պէտք է թաղի եկեղեցիի զանգակատունէն անդին նայելու, մասնակին եւ ժամանակաւորը ջոկելու ընդհանրականէն եւ ապագայակերտումէն: Որպէսզի ազգը չնմանի բազմաթիւ ղեկեր եւ բազմաթիւ նաւավարներ ունեցող նաւու մը:
Գաղափարական հասարակաց կոճղ մը պիտի ունենա՞նք, որպէսզի ինչ որ կը կոչենք Իրաւունք կամ Դատ, չնմանին սաւանի մը, որուն ամէն մէկ ծայրէն բռնած խելացիներ եւ առաջնորդներ չքաշեն-չքաշքշեն զայն չզիկ բզիկ ընելու համար, այն առարկութեամբ, որ իրենք ճիշդ տեղէն բռնած են եւ գիտեն թէ ո՞ր ուղղութեամբ պիտի քաշեն եւ ունին այդ ընելու համար առանձին բաւարար ուժ ունին:
Այս խօսքերը զառանցանք չեն: Think tank են: Եթէ այս ուղղութեամբ չընթանանք, պիտի շարունակենք զուարճանալ-մխիթարուիլ-փքուիլ բարեսիրութիւններով եւ ամեակներու տօնակատարութիւններով:
Բայց մինչեւ ե՞րբ:
Չխօսեցայ մեծ հարցականին մասին. ո՞վ պիտի նախաձեռնէ եւ լսուի: Հարց՝ որ կը նմանի ուսողութեան անլոյծ խնդրին, եւ ծանօթ է quadrature cercle* սահմանումով:
Մաթեմաթիկոսները թող ըսեն հայերէն բառը եւ բացատրեն…
* Quadrature du cercle եզրոյթը կը գործածուի բնորոշելու համար անլուծելի խնդիր մը, անիրականանալի ծրագիր մը: Երկրաչափութեան մէջ ան կը կայանայ տուեալ շրջանակի մը հաւասար մակերեսով քառակուսի մը կազմել, միայն կարկինով մը եւ քանակով մը:
yerakouyn.com/2021/04/19/24-ապրիլի-մեր-հայրենահանման-այժմէականո/