ԿԻԶԱԿԷՏ – Ոճրագործ Եւ Ահաբեկիչ Պետութիւններ՝ Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
19 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Կազայի մէջ եւ այլուր, իսրայէլեան իշխանութիւններուն եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու միջեւ նորագոյն պատերազմը կը թեւակոխէ երկրորդ շաբաթը, իսկ աշխարհը «խօսքի ապուր»ով կը զբաղեցնէ ինքզինք, առանց գործնական քայլերու դիմելու՝ վերջ տալու համար մահասփիւռ եւ աւերիչ ճակատումները: Կասեցումի վերջին փորձը կատարուեցաւ Կիրակի, 16 Մայիսին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Լեռը մրջիւն մ՛իսկ չծնաւ…
Նորագոյն բռնկումը կարելի է որակել իսրայէլեան ոճով «արիւնալի նուէր» մը՝ պաղեստինցիներուն, Ռամատանի տօնին առիթով: Փաստօրէն, շաբաթներէ ի վեր, իսրայէլեան ապահովութեան ուժերը բռնամիջոցներու եւ կաշկանդումներու կ՛ենթարկէին պաղեստինցիները՝ ծոմապահութեան օրերուն անցարգելներ եւ հետապնդումներ սարքելով: Այս բոլորը պէտք էր դիտել իբրեւ «սովորական բան» (հարցուցէք անոնց, որ ամէն օր ենթակայ եւ նման բռնադատութիւններու, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է վարժուիլ նման «սովորութեան»): Յետոյ, յաջորդեցին նոր զարգացումներ. Երուսաղէմի մէջ, պաղեստինցի արաբներով բնակուած շէնքի մը շուրջ վէճ ծագեցաւ. բնակիչներուն վերջնագիր տրուեցաւ, որպէսզի պարպեն տասնամեակներու իրենց բնակարանը (կ՛ըսուի, թէ շէնքը իսրայէլացիներու կը պատկանի եւ քանի մը յարկաբաժիններ վարձու տրուած են արաբներու): Եթէ չըլլար արաբական հողեր եւ բնակավայրեր բռնագրաւելու, անոնց վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրեր կառուցելու, պաղեստինցիներու պարտէզները ծառահատելու-փճացնելու եւ բնիկները վանելու իսրայէլեան խտրական քաղաքականութիւնը, կարելի էր «կլլել» հրամցուած բացատրականը, սակայն հարցը հոն չվերջացաւ. իսրայէլացի կրօնամոլներ շաբաթ մը առաջ ցոյցի ելան՝ արաբական թաղամասեր խուժելու եւ վանումի միջոցառումներ կիրարկելու դիտաւորութեամբ, մթնոլորտը այնքան մը սրելով, որ իշխանութիւնները մետասաներորդ պահուն արգիլեցին ցոյցը: Սակայն պատրոյգը վառած էր: Իրենց բնակարանէն հեռանալու պարտադրանքին տակ դրուած պաղեստինցիները պաշտպանելու նպատակով, «Համաս»ը սկսաւ Կազայէն հրթիռակոծել իսրայէլեան քաղաքներ եւ աւաններ. Իսրայէլ հակադարձեց օդանաւերով, մարտանաւերով, անօդաչու սաւառնակներով, հրասայլերով եւ ցամաքային ուժերը գործի լծելով: Պատերազմը ստացաւ ամբողջական ծաւալ: Մէկ շաբթուան «հասոյթը» եղան աւելի քան 200 զոհ (աւելի քան 90 առ հարիւրը պաղեստինցիներէն, ներառեալ կիներ ու մանուկներ), լայնածաւալ քանդում ու աւերում:
ԼՐԱՏՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ՝ ԹԻՐԱԽ
Բնականաբար ամէնէն ահաւորը՝ մարդկային կորուստներն են՝ նիւթական վնասներուն կողքին: Սակայն պատերազմին վեցերորդ օրը տեղի ունեցաւ հազուադէպ դէպք մը, որ խլեց աշխարհի լրատու աղբիւրներու լուսարձակները:
Իսրայէլեան օդուժը բոլորին աչքին առջեւ ռմբակոծեց եւ հիմնայատակ կործանեց շէնք մը, ուր գրասենեակներ ունէին «Ճազիրա», «Էսոշիյէթըտ Փրէս» եւ այլ լրատուամիջոցներ: Պատճառաբանութիւնը այն էր, որ շէնքին մէջ կար «Համաս»ի կեդրոն մը: Ի դէպ, բազմաթիւ այլ քաղաքային կառոյցներ ռմբակոծուեցան (մի՛շտ «սովորութեան համաձայն») նոյն պատճառաբանութեամբ: «Համաս»ի բարձրաստիճան ղեկավար մըն ալ զոհ գնաց: Շէնքին ռմբահարումը գրեթէ միաձայնութեամբ «ողջունուեցաւ» իբրեւ դէպքերը անսքող ներկայացնող լրատուամիջոցները լռութեան մատնելու փորձ, որ յամենայնդէպս չյաջողեցաւ, որովհետեւ շէնքին փլուզումն ու ընկերացող դէպքերը տեսաերիզներով տարածուեցան աշխարհով մէկ: Ո՛չ ոք կրցաւ արդարացում փնտռել իսրայէլեան այն բացատրութեան, թէ՝ յարձակումէն ժամ մը առաջ, շէնքին բնակիչները զգուշացուած են եւ յարձակման պահուն, շէնքը պարապ էր…
ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐ
Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր, ամէնէն աւելի հասկնալի են հայերուս համար, եւ պարզ խօսքով՝ նոր էջեր կ’աւելցնէ պետական ոճիրներու եւ պետական ահաբեկչութեան հատորներուն մէջ: Ո՛չ մէկ բան կրնայ արդարացնել ուժի կիրարկման եւ մահ ու աւեր սփռելու իսրայէլեան այդ վարքագիծը, որ ահա դարձեալ կիրարկման դրուած է ««Համաս»ին կը հակադարձենք»ի պատճառաբանութեամբ: Արեւմտեան լրատու աղբիւրները, արդէն լուսանցքի վրայ ձգած՝ բախումներուն եւ փոխադարձ ռմբակոծումներուն սկզբնաղբիւրներու անմիջական պատճառը, ոչ-աննախընթաց միաձայնութեամբ մը՝ «Համաս»ը կը մեղադրեն եւ ջատագովը դարձած են «ինքնապաշտպանութեան Իսրայէլի իրաւունք»ին: «Համաս»ը հռչակուած է իբրեւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն», նման պաղեստինեան եւ այլ կազմակերպութիւններու, որոնք ճամբայ ելած են իրենց ժողովուրդներուն տարրական իրաւունքները պաշտպանելու եւ այդ իրաւունքներուն հետեւողական անտեսումէն ծնած՝ «բաժակը յորդեցաւ»ի պոռթկումով: Մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան դրօշակները պարզած ուժեր այլ «սովորութեան» վերածած են անտեսուած իրաւունքներ պահանջողները եւ, իբրեւ վերջին միջոց՝ բիրտ ուժի դիմողը «ահաբեկիչ» դասելը…
Եթէ «Համաս»ը տեղ մը մեղադրելի է՝ հազարաւոր հրթիռներ բնակարանային թաղերու վրայ արձակելուն համար (ի դէպ, քանդուեցաւ այն վարկածը, թէ իսրայէլեան հակօդային սարքերը անխոցելի են), անոր դիմաց, Իսրայէլի պետութիւնը պաշտպանութեան շիւղ մը չունի եւ անոր արարքները համապատասխան են պետական ահաբեկչութեան ու պատերազմական ոճիրներու սահմանումին: Ստեղծուած ահաւոր վիճակին մէջ, կը խլանան նաեւ այն մեկնաբանութիւնները, ըստ որոնց՝ Նեթանիահու, քաղաքական անելի մատնուած ըլլալով (չյաջողեցաւ կառավարութիւն կազմել եւ երկիրը դարձեալ կրնայ քուէատուփ երթալ քանի՛երորդ անգամ ըլլալով), կը փորձէ «աւանդական բրտութեամբ» ժողովրդականութիւն շահիլ…
ԹՈՒՐՔԻԱ…ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
Իսրայէլեան բիրտ յարձակումները բնականաբար դատապարտումի եւ ընդվզումի ալիքներ ստեղծեցին աշխարհի տարբեր ծագերուն, հակառակ անոր, որ խաղաղութեան եւ ինքնազսպումի կոչերը, ինչպէս նշեցինք, Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք ալ, գործնական արդիւնքի չեն հասած:
Դատապարտանքի ալիքին մէջ, կ՛արժէ առանձնացնել Էրտողանի Թուրքիոյ դիրքորոշումը: Ան հանդէս եկաւ, այն ալ՝ ի՛ր «սովորութեան» համաձայն, իբրեւ պաշտպան պաղեստինցիներուն, դատապարտելով Իսրայէլը:
Զարմանալին, աւելի՛ն՝ ծիծաղելին այն է, որ Թուրքիա կը խօսի դատապարտանքի լեզուով, ա՛յն Թուրքիան, որ դեռ 6-7 ամիս առաջ, իր բանակներով եւ իր հովանաւորած ահաբեկչական խմբակներով Ազրպէյճանի կողքին նո՛յնքան ոճրային եւ ահաբեկչական պատերազմի մէջ մտաւ Արցախի դէմ, պատերազմ՝ որ մահ ու աւեր սփռեց, արգիլեալ զէնքերու գործածութեան հանդէսի վերածուեցաւ (յաւելեալ յիշեցումի չենք կարօտիր): Այդ օրերուն, թրքական «Պայրաքտար»ներն ու իսրայէլեան անօդաչու սաւառնակները հաւասարապէս մասնակից էին պետական ոճիրներուն եւ ահաբեկչութեան, հոգ չէ թէ 44օրեայ պատերազմը Կազայի դէպքերուն ծաւալով տեղ չգտաւ միջազգային մամուլին մէջ, բայց այդ օրերուն ալ ցուցաբերուեցաւ ընդհանրապէս նոյն կողմնակալ մօտեցումը, հայկական կողմը ներկայացուեցաւ իբրեւ «ազերիական հողեր գրաւող»: Աշխարհի այդ վերաբերմունքը, նաեւ՝ ազդու կողմերուն անընդունելի կրաւորականութիւնը պատճառ դարձած է, որ Ազրպէյճան այսօր նոյն ոճրային կիրարկումներուն սկսի նոյնինքն Հայաստանի դէմ…
Էրտողան, Ալիեւ եւ Նեթանիահու պետական ոճիրներու մէջ իրարու հաւասար մրցակից-ախոյեաններ են, հաւատարիմ ժառանգորդները մէկ կողմէ՝ Կարմիր Սուլթաններու, Թալէաթներու, Ճեմալներու, Մուսթաֆա Քեմալներու, Էրպաքաններու եւ Էնվրէններու, իսկ միւս կողմէ՝ Մենահիմ Պեկիններու ու Արիէլ Շարոններու…
Եթէ «մարդասէր» աշխարհը տեղ մը կը շարունակէ իր կրաւորական անտարբերութիւնն ու ոճրագործ պետութիւններուն քաջալերանքը, ոճիրներուն թիրախ եղողներուն կը մնայ տեղ մը կամուրջներ ստեղծել իրարու հետ, տեսնել թէ դատապարտող ոճրագործ մը նոյնքան յանցապարտ է՝ որքան իր դատապարտանքին թիրախը, եւ աւելի՛ն՝ ցոյց տալ, որ նման վարմունքով, ո՛վ ինչպէ՞ս իր նստած ճիւղը կը սղոցէ:
16 Մայիս 2021
asbarez.com/arm/389679/ոճրագործ-եւ-ահաբեկիչ-պետութիւններ՝-ի/