Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին (Շար. 18)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Կարօ Սասունի

Կարօ Սասունի (Վիգէն Գլակ). բանասէր, արձակագիր, խմբագիր, իրաւաբան, ուսուցիչ, քաղաքական-պետական գործիչ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 15 յուլիս 1888-ին, Սասունի Խուլբ գաւառակի Ահարոնք գիւղը: Մայրը (Աննա մայրիկ) զինք աշխարհ բերած է դէպի Սուրբ Կարապետ վանքի ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ, ուրկէ ալ` իր Կարապետ անունը (Կարօ):

Իր ազգական Հրայր Դժոխքէն եւ Գէորգ Չաւուշէն կը ներշնչուի եւ կ՛որակուի «Ծուռ»` իր անսպառ եռանդին եւ Սասունցի Դաւիթի ծռութեամբ յատկանշուած ըլլալուն համար: Նախնական ուսումը գիւղի վարժարանին, ապա Մուշի Մուրատ-Մխիթարեան միջնակարգ վեցամեայ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, քանի մը տարի, 1906-1908, ուսուցիչ եղած է Տիգրանակերտի մէջ:

1908-ին կ՛անցնի Պոլիս, ուր մէկ տարի կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան: 1909-1914 կը յաճախէ Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժինը եւ զայն կ՛աւարտէ 1914-ին:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբը կը մեկնի Կովկաս, ուր կը լծուի կամաւորական շարժումին. հայ կամաւորական եւ ռուս բանակներու հետ կը մտնէ Տարօն, 1916-ին, ուր կը նշանակուի Տարօնի կառավարիչ: Հետագային, ռուս բանակի նահանջի ատեն կրցաւ փրկել շատ մը գաղթականներ եւ կազմակերպել անոնց տեղափոխումը դէպի Արեւելեան Հայաստան:

1917-ին կ՛ամուսնանայ Միսաք Մեծարենցի զարմուհի` Հռիփսիմէ Մեծատուրեանին հետ եւ կը պարգեւատրուի չորս զաւակներով: Նոյն թուականին ռուսական Փետրուարեան յեղափոխութիւնէ ետք կը ստեղծուի Թրքահայաստանի կոմիսարիատը: Կարօ Սասունին կը նշանակուի Տարօնի նահանգապետ:

Տարօն նահանգի վարչական եւ կուսակցական գործերը արդիւնաւէտ ընթացք ունէին, երբ տեղի ունեցաւ 1917-ի հոկտեմբերեան յեղաշրջումը, որուն հետեւեցաւ ռուսական ճակատի արագ քայքայումը: Ռուսերու նահանջին յաջորդեց թուրքերուն յառաջխաղացումը, որուն հետեւանքով Կարօ Սասունին ժողովուրդի բեկորներու հետ նահանջեց Արեւելեան Հայաստան: Ան կարեւորագոյն նպաստ ունեցաւ Էջմիածինի, Աշտարակի եւ Թալինի թաթար բնակչութեան հալածման եւ անոնց բնակավայրերուն մէջ արեւմտահայութեան տեղաւորման գործին մէջ: Իսկ Թալինի բերդի գրաւման կազմակերպումը անոր կողմէ 5 մայիս 1918-ին` կարեւոր նշանակութիւն կ՛ունենայ Սարդարապատի ճակատամարտին հայութեան յաղթանակին համար: Սարդարապատի թրքական բանակը կը զրկուի Արագածի թաթարական ուժերու օժանդակութենէն: Կ. Սասունին փաստօրէն իր ներդրումը կ՛ունենայ Հայաստանը հայացնելու գործին մէջ` Ռուբէնի եւ Արամի հետ մէկտեղ, նոր պետականութեան արարումէ առաջ:

1919-ի յունուար-յուլիս ամիսներուն Կ. Սասունին կուսակցական-կազմակերպական աշխատանքներով կը գտնուի Կ. Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Վերադառնալով Հայաստան` ան 21-23 յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն կ՛ընտրուի խորհրդարանի պատգամաւոր:

Կ. Սասունի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմքերը խարխլող ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ կը նկատէր ստեղծել կուսակցական մենատիրութիւն:

Այնուհետեւ, Սասունին կը նշանակուի Շիրակի նահանգապետ: Մինչեւ այդ, ան Ռուբէնի եւ Սեպուհի հետ համախորհուրդ` կը ճնշէ Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) մայիսեան խռովութիւնները եւ կ՛ազատէ ան պոլշեւիկներէ:

Մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը Սասունին վճռական քայլեր կ՛իրականացնէ Շիրակի նահանգի վարչական գործերու կարգաւորման, կուսակցական կառոյցներու ամրապնդման, կաշառակերութեան վերացման առումներով: Իսկ 1920 սեպտեմբերին սկսած հայ-թրքական պատերազմի օրերուն ջանք ու եռանդ չի խնայեր թրքական յառաջխաղացումը կասեցնելու ուղղութեամբ:

1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան ընթացքին Կ. Սասունի մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ: Ան էր մշեցիներու, խնուսցիներու եւ սասունցիներու դէպի Աշտարակ, Էջմիածին եւ ապա Երեւան շարժող ուժերուն հրամանատարը: Իսկ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի գործունէութեան շրջանին ներքին գործոց նախարարն էր:

1922-ին կը սկսի Սասունիի թափառական կեանքը` Պուլկարիա, Զուիցերիա, Աւստրիա եւ ապա` Ֆրանսա, ուր կը հաստատուի 1924-ին: Փարիզեան արուարձան Շաւիլի մէջ (իրեն կը միանայ իր ընտանիքը) կը հաստատէ փոքրիկ ընկերութիւն մը: Ազգային-քաղաքական գետնի վրայ կը գործէ յանուն ՀՅԴ-ի նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին: Հայ լրագրութեան զարթօնքի օրերուն («Հայրենիք»` Պոսթըն եւ «Յառաջ»` Փարիզ) կը նուիրուի գրականութեան: Ան միշտ կը վերլուծէ եւ կը փորձէ հասկնալ 1915-ի իրադարձութիւնները:

1933-ին կը փոխադրուի Հալէպ, հոնկէ ալ` Պէյրութ, ուր կը գործէ հանրային-մշակութային մարզի մէջ իբրեւ ուսուցիչ (Համազգայինի Ն. Փ. Ճեմարան), գործիչ ու խմբագիր: Այնտեղ կը հրատարակէ արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը, իսկ 1962-ին կը հիմնադրէ «Բագին» գրական հանդէսը: Անոր կողքին, ունի բազմաթիւ աշխատութիւններ` բանասիրական-գրապատմական եւ պատմաքաղաքական, լոյս տեսած` մամուլի մէջ, եւ որոնք հետագային մասամբ միայն հրատարակուած են հատորով:

Կարօ Սասունի կը մահանայ Պէյրութ, 11 օգոստոս 1977-ին:

Արամ Սաֆրաստեան

Արամ Սաֆրաստեան. յայտնի հայ գիտնական-թրքագէտ, քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1888-ին Վանի Այգեստան թաղամասը: Ուսանած է Այգեստանի միջնակարգ կեդրոնական դպրոցին մէջ, ուսումը աւարտելէ ետք ան մանկավարժական աշխատանք տարած է Վանի Հայ կոյսերու դպրոցին մէջ, իսկ այնուհետեւ` Աղթամարի վանքի, Պայազիտի եւ Շապին-Գարահիսարի դպրոցներուն մէջ: 1911-ին ան կը մեկնի Կ. Պոլիս եւ կ՛ընդունուի Կ. Պոլսոյ բարձրագոյն մանկավարժական հիմնարկի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը, որ շուտով կը միանայ Կ. Պոլսոյ համալսարանի համանուն բաժանմունքի հետ: 1915-ին գերազանց վկայականով աւարտելով համալսարանը` Սաֆրաստեան կը ստանայ Թուրքիոյ միջնակարգ դպրոցներու մասնագէտ-ուսուցիչի կոչում եւ աշխատանքի կ՛անցնի Բերա թաղամասի Կալաթասարայի ճեմարանը, ուր ան կը դասաւանդէ 1915-1917 թուականներուն: Երիտթրքական կառավարութիւնը պատերազմի առիթը օգտագործելով` 1915-1918 թուականներուն կ՛իրականացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով Արամ Սաֆրաստեան 1919 սեպտեմբերին ընտանիքով կը տեղափոխուի Հայաստան:

Արամ Սաֆրաստեան երիտասարդ տարիներուն եղած է ՀՅԴ-ի անդամ, Ա. Աշխարհամարտէն ետք ղեկավարած է Կ. Պոլսի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին, հրատարակած է մանկավարժութեան նուիրուած պարբերականներ: Իբրեւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ 1919-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ստանձնած է կրտսեր քարտուղարի պաշտօնը: Արամ այդ պաշտօնը վարած է 5 օգոստոս 1919-էն մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:

1921-ին հեռանալով քաղաքական գործունէութենէն` զբաղած է գիտական եւ դասախօսական աշխատանքով, Թիֆլիսի մէջ: 1958-էն մինչեւ կեանքին վերջը եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող` հիմք դնելով օսմանագիտական հետազօտութիւններուն` Հայաստանի մէջ:

1922-1923 թուականներուն, երբ սկսաւ արաբական տառերէ հրաժարելու շարժումը, Արամ Սաֆրաստեան այդ գործի առաջին շարքերուն էր: Ան աշխուժօրէն կ՛աշխատակցի Թիֆլիսի մէջ նոր ազրպէյճաներէն տառերով լոյս տեսնող «Եէնի եոլ» թերթին եւ «Թան եըլտըզի» ամսագրին` որպէս վերջինիս պատասխանատու քարտուղար: Շուտով ան կ՛ընտրուի Վրաստանի մէջ ազրպէյճանական նոր տառերու կոմիտէի անդամ-քարտուղար: 1926-ին Սաֆրաստեանը մասնակցած է Պաքուի մէջ գումարուած Համամիութենական թրքագիտական համագումարին` իբրեւ Վրաստանի պատգամաւոր: Խորհրդային իշխանութեան կողմէ ենթարկուած է հալածանքներու. 1937-1939 թուականներուն բանտարկուած է, իսկ 1949-1955-ին աքսորուած է Սիպիր: Աքսորէն վերադառնալէ ետք տեղափոխուած է Երեւան:

Արամ Սաֆրաստեանը մահացած է 1966-ին, Երեւան:

Զօր. Սեպուհ

Արշակ Ներսէսեան. աւելի յայտնի է` որպէս Սեպուհ, հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 20 ապրիլ 1872-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Բաբերդ քաղաքի Թոմնա գիւղը: Հայ ազատագրական շարժումին մաս կազմած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, հետագային գործած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Սկիզբը յարած է ՍԴՀ կուսակցութեան, 1894-ին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ: Ուսանած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ: Ապրած եւ գործած է Կ. Պոլսոյ մէջ, 1890-ին, Գում Գափուի ցոյցէն ետք անցած է Խրիմ (Սեւասթափոլ, Եալթա):

1895-ին սկիզբը անցած է Կարս: Այստեղ մտած է Հրայր Դժոխքի (Արմենակ Ղազարեան) խումբին մէջ եւ անոր հետ 1895 օգոստոսի վերջը անցած է Բասէն, այնտեղէն` Խնուս, ուր քանի մը ամիս մնալէ ետք, 1895-ին հոկտեմբերին սասունցիներու եւ մշեցիներու խումբով անցած է Տարօն: 1896-ին վերադարձած է Կովկաս:

1899-ին Խանի (Բարսեղ Թիրաքեան) խումբին հետ անցած է ռուս-թրքական սահմանը` Սասուն հասնելու նպատակով, սակայն Խաստուրի մէջ խումբին մղած հարկադիր հերոսամարտէն ետք նոյն խումբին կազմին մէջ վերադարձած է Կարս: 1900-1903 թուականներուն աշխուժօրէն մասնակցած է Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) ՀՅԴ «Քար»-ի Կեդրոնական կոմիտէի ծաւալած աշխատանքներուն: 1903-ին` Թորգոմի «Մրրիկ» խումբին (23 հոգի) հետ անցած է Սասուն: Մասնակցած է 1904-ին Սասունի ինքնապաշտպանութեան, որուն ընթացքին մնացած է ծանր կացութեան մէջ: Անոր օգնութեան հասած Հրայրը զոհուած է, իսկ ինքը` վիրաւորուած: Այնուհետեւ տեղափոխուած է Վան, գործակցած է Վանայ Իշխանին (Նիկոլ Պօղոսեան) հետ, իսկ կարճ ժամանակ անց մեկնած է Կովկաս: Յեղափոխական գործունէութեան համար ձերբակալուած եւ բանտարուած է Մուշի բանտին մէջ: 1907-ին Վիեննայի մէջ գումարուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան Դ. Ընդհանուր ժողովին մասնակցելէ ետք մեկնած է Բաբերդ, մինչեւ 1912 գործած է Տարօնի մէջ, ապա` Կարնոյ, Թիֆլիսի մէջ, 1913-ին ապրած է Խարկով:

Ա. Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը 21 հոգիէ բաղկացած խումբով միացած է Անդրանիկին: Եղած է հայկական 1-ին կամաւորական գունդի 2-րդ վաշտի հրամանատար: Այդ պաշտօնին վրայ մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան ճակատին վրայ մղուող կռիուներուն: Այդ ընթացքին Սեբաստացի Մուրատի հետ հիմնադրած է «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» հիմնադրամը, որուն նպատակն էր քիւրտերէն հաւաքել հայ որբերը եւ նիւթական օգնութիւն ցոյց տալ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով գաղթական դարձած արեւմտահայ ընտանիքներուն:

1918 սեպտեմբերին Մուրատի եւ խմբապետ Համազասպի (Սրուանձտեան) հետ կռուած է Պաքուի հայութիւնը թրքական զօրքերէն պաշտպանելու համար: Պաքուի անկումէն եւ թուրքերու կողմէ գրաւուելէն ետք անցած է Երեւան: Եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, ճնշած է 1920-ին պոլշեւիկեան մայիսեան խռովութիւնները:

1920-ի աշնան Կարսի ճակատին վրայ մասնակցած է թուրք-հայկական պատերազմին: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Զանգեզուրի ճամբով նախ անցած է Պարսկաստան, այնուհետեւ մեկնած է արտասահման: Բնակած է Ամերիկայի Միացեալ Նահագներ, ուր ալ գրած եւ տպագրած է երեք հատորէ բաղկացած իր յայտնի յուշերը:

Արշակ Ներսիսեանը մահացած է 31 յուլիս 1940-ին, Նիւ Եորքի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ: 20 նոյեմբեր 2014-ին զօրավար Սեպուհի աճիւնասափորը, որ պահուած էր Տիթրոյթի ՀՅԴ կուսակցութեան ակումբին մէջ, ամփոփուած է Եռաբլուր պանթէոնի մէջ` համաձայն իր վերջին կամքի:

(Շար. 18) « ՆԱԽՈՐԴԸ »

aztagdaily.com/archives/420986

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail