Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով (Ե. մաս)
29 Նոյեմբերի 2017 – ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ:
Յովսէփ Պարազեան
(Ե. մաս) //ՆԱԽՈՐԴԸ//:
Արքեպիսկոպոսական առաքելութիւն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մեսրոպ Արք. Աշճեան իր կրօնական առաքելութեան տուած էր իւրայատուկ դերակատարութիւն՝ կրօնական հաւատքին միացնելով ազգային ներշնչում ու հաւատք։
Թերեւս այն սակաւաթիւ հոգեւորականներէն եղաւ ան, որ կրցաւ յաջողապէս միախառնել, աւելի ճիշդ՝ միաձուլել այս երկու արժանիքները, ծնունդ տալով Մեսրոպաշունչ ոգեւորութեան նոր ուղիի մը, որ մեր վերջին տարիներու պատմութեան մէջ անջնջելի ու օրինակելի հետք մը ձգեց։
Յատկապէս իր կեանքի վերջին տարիներուն, 2003-2004, իր վախճանումէն առաջ, քանի մը առիթներով, Թուրքիա, յատկապէս Արեւմտեան Հայաստան այցելեց ու հարիւրաւոր իսլամացած ծպտեալ հայեր ու համշէնահայեր մկրտեց, զանոնք հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ միւռոնով օժտելով ու քրիստոնեայ դարձնելով։
Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս կ’այցելէ նաեւ Վանայ լիճի հարաւ-արեւելեան ծովախորշին գտնուող քրտաբնակ Բագրատլը գիւղի յարակցութեամբ զետեղուած Վարագայ պատմական վանքը, որ 19րդ դարու 60ական թուականներուն հիւրընկալեց տեւաբար հալածանքի ենթարկուած Խրիմեան Հայրիկը, իսկ աւելի հին ժամանակներուն Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորը, Խուշխուշ թագուհին, ինչպէս նաեւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսը։ Այս երեքի գերեզմանները կը գտնուին այս վանքին մէջ։ Ըստ աւանդութեան՝ այս վանքը (Արգելանոց Ս. Գրիգորի վանք) կառուցած է ինք՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը։
Արքեպիկոպոսը դէմ յանդիման կուգայ կիսաքանդ, աւերուած ու լքուած Վարագայ վանքին, որու շուրջ չքաւոր քիւրտեր իրենց խրճիթները կառուցած են, օգտուելով նաեւ վանքի բարձր պարիսպներու քարերէն։
Սրբազան հայրը իր մօտ կը կանչէ վանքին կից գտնուող քիւրտ ընտանիքը՝ այր ու կին (կինը հազիւ 25 տարեկան) եւ երկու զաւակները (7էն 8ը տարեկան)։ Իր ներքինէն զատ արտաքինով ալ պատկառանք ազդող հոգեւորականը քիւրտ ընտանիքին հեղինակաւոր ոճով խնդրելով կը հրահանգէ, որ՝ մինչեւ 1977 թուականը անասուններու գոմի վերածուած վանքը երեք օրուան մէջ մաքրել, քանի ան վճռած էր երեք օր վերջ ուխտաւիորներու խումբի մը ընկերակցութեամբ գալու հոն եւ հայածէս պատարագ մատուցանելու։ Իբրեւ վարձատրութիւն այս սրբաստեղծ գործին համար, սրբազանը քիւրտ ընտանիքը կը վարձատրէ 300 ամերիկեան տոլարով։
Այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Ծրագիրը կ’իրականանայ Պատարագով, ներշնչուած քարոզով, հաղորդութեամբ ու շրջանի քրիստոսածին երեխաներու մկրտութեամբ։
Մեկնելէ առաջ, Սրբազան Հայրը 300 տոլար եւս կը յատկացնէ քիւրտին, որպէս տարեկան վարձատրութիւն եկեղեցին ու շրջապատը մաքուր վիճակի մէջ պահելու ու գացող-եկող ուխտաւորներու այցելութեան առիթով եկեղեցին բանալու յանձնառութեամբ։
Քիւրտ ընտանիքը վեհ հոգեւորականի վերաբերումէն յափշտակուած, իր մեկնումէն ետք կը վերանորոգէ փլած պարիսպները, մասամբ կիսաւեր ու քանդուած պատերը, դուռը, կղպանք կ’անցնէ դրան եւ ըստ պահանջի յօժառօրէն կը բանայ եկեղեցին այցելուներուն առջեւ։
Վանքը՝ իր ինքնութիւնը կը վերահաստատէ առանց մնայուն հոգեւորականի, պարագայական աղօթքով մը որ պիտի կատարէր ուխտաւորներու խումբի մը ընկերակցող անյայտ հայ հոգեւորական մը, ժամկոչ, դպիր, աբեղայ, հայ եկեղեցւոյ գոյատեւման աւանդութիւնը փոխադրելով հայկականութիւն արտայայտող քրիստոսաւանդ բարձր մակարդակի վրայ։
Այս պայքարը անորոշ կը թուի ըլլալ, բայց խորքին մէջ բնաւ ալ անորոշ չէ, քանի կը սահմանուի հայու աներեւոյթ ու ոգեղէն բնորոշ կապի մը մէջ, որ ինքնին հայու գոյութենական բաղադրիչը կը հանդիսանայ, լուռ համակերպումով, երբեմն ալ լռակեացութենէ ժայթքող հայրենաւանդ պոռթկումով մը։
Սրբազանի թելադրութեամբ խոստացուած գումարը քանի մը տարի, յաջորդականօրէն ու կանոնաւորաբար կը մատուցուի քիւրտ ընտանիքին։ Իր վախճանումէն յետոյ, հայ ուխտաւորներ, որ քիչ թէ շատ տեղեակ են Սրբազան հօր այդ յանձնառութեան, վանքէն հրաժեշտ առած միջոցին խոստացուած նուէրը չեն մոռնար տալու քիւրտ կնոջ, ինչպէս նաեւ այլեւս հասակ նետած երկու ազնիւ զաւակներուն։
Վարագայ վանքը այսօր, թէեւ վիրաւոր՝ տէր ունի եւ շնչելու համար ալ յաւելեալ ազատ օդի պէտք ունի։
Հայ ուխտաւորներ վանքին մէջ զետեղած են Խրիմեան Հայրիկի լուսանկարը (վախճանած 1905ին), կրօնական սրբակեաց այլ յիշատակարաններ, բուրումնաւէտ խունկ, կանթեղի իւղ, սպասներ։
Վարագան՝ ձեւով մը կը վերադառնայ իր ակունքներուն, հակառակ ժամանակի մէջ մաշումի դատապարտուած սիսթեմաթիկօրէն կիրարկուող թուրք յաջորդական իշխանութիւններու հակահայ մարտավարութեան։
Մեսրոպ Սրբազան։ Մարդ մը, որ կողմնացոյց եղաւ հայկական արժէքներու պահպանման։
Մարդ մը, որ ազգային ու հոգեւոր ժառանգականութեան ակունքի հարազատ խորհրդանիշ մը կը համարուի։
Զարմանալու բան չկայ։ Կրօնական մշակոյթը կը թելադրէ խօսքը գործի վերածել։
Չարենցի տունը Կարսի մէջ Առաքելոց վանքի շուքին տակ
Եղիշէ Չարենցի (Եղիշէ Սողոմոնեան, 1897-1937) ծնած տունը կը գտնուի Կարսի թաղամասերէն մէկուն մէջ, Առաքելոց վանքէն ոչ շատ հեռու, «Վարդանի կամուրջի» յարակցութեամբ։ Հոն ապրած է մեծանուն բանաստեղծը իր պատանեկութեան տարիներուն՝ ուրկէ տեղափոխուած է իր ընտանիքին հետ։
Վարդանի կամուրջը զուտ հայկական թաղամաս մըն էր (մահալէ), միայարկ տուներով ու պարտէզով, Ախուրեան գետէն բխող վտակներու իբրեւ շարունակութիւն։ Ատոր վրայ Բագրատունիներու ժամանակ (885-1045) կառուցուած է խնդրոյ առարկայ կամուրջը։ Պատմութիւնը կ’ըսէ, որ Կարսի բերդէն քար մը իյնալով գետին մէջ, Վարդանը հարկադրաբար կոխած ու անցած է վրայէն, ինչ որ առիթ հանդիսացած է աւանդաբար այդ մարդուն անունով կոչելու կամուրջը։ Չարենցի գրականութեան մէջ անդրադարձ կայ այս կամուրջի մասին։ Ըստ յուշագրութեան մը վկայութեամբ՝ այս կամուրջէն անցած է նաեւ Դրոն։
Իր կեանքի ընթացքին Չարենցը երեք տարբեր տեղամասերու մէջ ապրած է։ Չարենցի կեանքին մասին տեղեկատուական հարուստ նիւթ կայ Հայաստանի Ազգային Արխիւային Կեդրոնին մէջ, որմէ մաս մը կը ցոլանայ արդէն Երեւանի իր անուան թանգարանին մէջ։ Ազգային Արխիւին մէջ կայ նաեւ ծննդավայրի տան լուսանկարը։
Հայաստանի պատկան մարմիններ 2005 թուականին նամակագրական կապի մէջ կը մտնեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ, դիմելով որ ձեւականօրէն եւ թրքական օրէնքի համապատասխան՝ պոլսահայու մը անուամբ գնեն ու վերանորոգեն տունը։
Իբրեւ պատասխան այս դիմումնագրին, թուրք իշխանութիւնները կը պատասխանեն, թէ Կարսի մէջ ապրող ազերիները, իմանալով Հայաստանի պատկան մարմիններու դիմումին մասին, խանդաղատալից յորդումի դրսեւրումով, 25.000 հոգիով ցոյց մը կը կազմակերպեն պահանջելով, որ որեւէ՛ պարագայի, բացարձակապէս չընդառաջուի հայկական դիմումին։ Թուրք իշխանութիւններն ալ օգտուելով այս «թատերականացուած» ու դրածոյ իրավիճակէն, կը պատասխանեն թէ ժողովուրդը անհանգիստ ըլլալով՝ չեն ուզեր ներքին ու աննախատեսելի կացութիւններ ստեղծել Վանի մէջ։
Հայկական դիմումի մերժումէն տարի մը վերջ՝ 2006ին, թրքական Անթալիա քաղաքէն Անատոլուի արուեստով, մշակութային ժառանգութեամբ ու ուսումնասիրութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւն մը՝ Անատոլու Քուլթուրը 70.000 թրքական լիրայի փոխարէն կը գնէ Չարենցի տունը եւ սեփականատէր կը դառնայ ատոր, փակելով ապագայի առուծախի հաւանական ու աննախատեսելի որեւէ հետապնդում ու գործընթաց։
Հետաքրքրական է որ թրքական այս կազմակերպութեան նախագահը Օսման Քաւալա, ծագումով կէս յոյն մըն է, ծնած հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ Քավալա քաղաքին մէջ։ Ենթական՝ իր առուծախի իբրեւ հիմնական մտահոգութիւն ու առաջադրանք հանդիսադրած է՝ Չարենցի տունը «հայկական օճախի» վերածելու փափաքն ու հեռանկարը։ Ան երկու անգամ այցելած է Հայաստան եւ 2010 թուականէն ի վեր, իւրաքանչիւր Ապրիլ 24ին, Եղեռնի ոգեկոչական ձեռնարկներու կազմակերպման մղիչ ուժը եղած է, մանաւանդ որ ան սեփականատէրն է Թուրքիոյ ամէնէն ծաւալուն հրատարակչատուներէն «Իլէթիշիմ»ին, եւ կը համարուի հայ եւ յոյն փոքրամասնութիւններու պաշտպան անձնաւորութիւն մը։
Մօտ ամիս մը առաջ, Օսման Քաւալան ձերբակալուեցաւ Պոլսոյ օդակայանին մէջ, 2016ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձին հետ կապուած անհիմն ամբաստանութիւններով։
Կ’երեւի, թէ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր ազատախոհութիւնը լիովին կը մսխէ իր առաքելութիւնը։
Թուրքիոյ բռնատիրական վարչակարգը օր առաջ պէտք է ազատագրէ Օսման Քաւալան։
Մենք կը խոնարհինք իր ըմբռնումներուն, արժէքներուն եւ պայքարելու հաւատքին առջեւ։
Հայրենի սրբացած բնութիւն
Պատմական Հայաստանի լեռնաշխարհը կը բաղկանայ լեռներէ, լեռնաշղթաներէ, բարձրաւանդակներէ, լիճերէ, գետերէ։
Առաջինը՝ ամենաբարձր լեռը մեր հեթանոսական Արարատն է 5160 մեթր բարձրութեամբ։ Ան կը գտնուի բռնագրաւուած Հայաստանի Թուրքիոյ տարածքին մէջ։
Երկրորդը՝ Արարատէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Արագածն է, 4095 մեթր բարձրութեամբ։ Կը կոչուի նաեւ Ալաքեազ։
Երրորդը՝ Վանայ լիճի հիւսիսը գտնուող՝ Սիփանն է։ Աւանդականօրէն Սիփանին կը տրուէր 4065 մեթր բարձրութիւն, սակայն, վերջին տարիներուն օտարահպատակ լեռնագնացներ, որոնք մագլցած ըլլալով մինչեւ լերան գագաթը, մանրամասն ճշդութիւն ցոյց տուող ելեկտրոնիկ սարքերով գնահատած են որ անոր բարձրութիւնը կը հասնի 4.055 մեթրի, այսինքն՝ նախկին գնահատումէն 10 մեթր նուազ։ Որոշ աղբիւրներ ալ անոր բարձունքը կը գնահատեն 4034 մեթրով։
Սիփանէն զատ Թուրքիոյ տարածքին կը գտնուին Նեմրութ եւ Գրգուռ լեռները։ Այս լեռներու տարածքին կը գտնուին Կարսի, Ալաշկերտի, Կարինի, Երզնկայի, Խարբերդի դաշտերը։
Գալով լիճերուն, գլխաւորներէն Վանայ լիճը ունի 3300 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն։
Վանայ լիճը պատմութեան ընթացքին ունեցած է երեք տարբեր անուանումներ ալ՝ Նայիրի ծով, Բզնունեաց ծով, Ռշտունեաց լիճ։
Այս լիճէն դուրս ջուր չի հոսիր, միայն կը լեցուի զեղուն գետերու անընդհատ հոսքով։ Լիճին մակարդակը 5-6 տարի անգամ մը մէկուկէս մեթրով կ’աւելնայ։ 1914 թուականէն հաշուելով՝ գետը 11 մեթր բարձրացած է, իսկ կարգ մը պարագաներու՝ բնակչագրական պայմաններու բերումով՝ 1.5 մեթր ջուրի մակերեսը իջած է։ Լիճին երկարութիւնն է 170 քիլոմեթր։ Խորութիւնը՝ 30 մեթր է, իսկ ամէնէն խորունկ մասերը 90-120 մեթր։
Լիճին ջուրը աղի է եւ սոտայի մեծ բաղադրութիւն կը պարունակէ, ինչպէս նաեւ բորակային աղեր, որոնցմէ մի քանի տեղերու մէջ կ’օգտագործուի լուացքի համար։ Այս լիճի աղերը մաքրիչ յատկութիւններ ունին եւ անոր ջուրերուն մէջ լողալէ ետք, մաշկային հաճելի եւ օգտակար թեթեւացում մը կը զգայ ջուրի մէջ մտնողը։
Ուրմիոյ լիճը ատենին կը կոչուէր Կապուտակ ծով։ Այժմ Պարսկաստանի մէջ կը գտնուի։ Իսկ Սեւանայ լիճը կը կոչուի նաեւ Գեղամայ ծով։
Վանայ լիճին մէջ միայն մէկ տեսակ ձուկ կ’ապրի՝ Վանայ տառեխը։ Հայաստանի մէջ այս ձուկը ծանօթ է որպէս «նուրբ ու պնդաճակատ»։ Փաստօրէն մեր «քեֆալոն» է։ Որեւէ այլ ձուկ այս ջուրին մէջ 5-10 վայրկեանէն կը սատկի։ Ձկան որսը տարին քանի մը ամիս կ’արգիլուի, բազմաբուծման եւ բազմասնուցաւորման աճի գործընթացին սատարելու պահանջով։ Վանի մէջ գեղեցկօրէն կեդրոնական պողոտայի մը վրայ կը հանդիսադրուի տառեխի արձանը՝ երկու իրար գրկուած ձուկերով։
Վանայ լիճի ձկնորսները օրական 15 թոն կ’որսան։ Յոռեգոյն պարագային քանակութիւնը օրական 4 թոնի կ’իջնէ։
Նախակրթարանի դասարաններէն՝ հայոց պատմութեան, կամ Հայաստանի աշխարհագրութեան մեր ուսուցիչները հայրենիքով մեզ հրապուրելու համար հպարտ շեշտով ու մեր հետաքրքրութիւնը որոշիչ ու յատուկ հռետորական ոճով կը գովաբանէին Սեւանայ լիճի եւ Վանայ լիճի իշխանաձուկը եւ տառեխը վկայակոչելով։ Անոնք այն ձուկերն էին, որ ամէն օր կը զարդարէին մեր յաջորդական արքունիքի հարուստ ճաշասեղանները։
Ամէն ձուկ իր անունը եւ բնորոշումը ունի։
Մենք այդ անունները մոռցած չենք, որովհետեւ մեր սիրելի ուսուցիչները մոռցած չենք, եւ ահաւասի՛կ տասնամեակներ վերջ, կը բնորոշենք մեր սէրը, մանաւանդ կարօտը՝ իրենց անձին ու հայրենասիրութեան հանդէպ։
Վանայ լիճի կղզիները
Լիմ։ Փաստօրէն անբնակ, քարոտ ու անապատային վիճակի մէջ կը գտնուի։
Կտուց։ Այս ալ անմշակ ժայռերով անապատային վիճակ մը կը ներկայացնէ։ Կտուց անապատի վանահօր վկայութեամբ 1892 եւ 1893 թուականներուն, լիճին ջուրը այնքան իջած է, որ կղզին միացած է ցամաքին (ջուրի նահանջին պատճառով արդէն ստացած է իր անունը)։ Ուխտաւոր հաւատացեալները սայլերով ուղղակի վանք կ’երթային։ 1896ի կոտորածներու ժամանակ, երբ մեծ թիւով փախստական ժողովուրդ (8.000 հոգի) ապաստան գտած է կղզիի վրայ, յաջորդաբար լիճի ջուրը այնքան բարձրացած է, որ կղզին անջատուած է ցամաքէն, որու պատճառով ալ քրտական հալածող ջոկատները չեն կրցած վանքին հասնիլ եւ հայ ժողովուրդը փրկուած է սպանութիւններէ, վայրագութիւններէ եւ կողոպուտներէ։
Հայութիւնը փրկող երկու վարդապետները 1906ին, թուրք իշխանաւորներու կողմէ փոխադրուած ու հինգուկէս ամիս բանտարկուած են Վանի մէջ, քանի օսմանեան օրէնսգիտութեամբ փախստականներուն ապաստան տալը բանտարկութեան համազօր յանցագործութիւն էր։
Վանայ լիճի ջրային մակարդակի այս վերիվայրումները գրաւած են օտար ճանապարհորդներու եւ գիտնականներու ուշադրութիւնը, որոնցմէ ոմանք փորձած են բնալուծական եւ բնապատմական որոնումներ ու վերլուծումներ կատարել։
Առտէր։ Այս կղզիին վրայ կառուցուած է Ս. Աստուածածին վանքը, որը մէկ դար առաջ, կիսաւեր եւ անմարդաբնակ վիճակի մատնուած էր։
Աղթամար։ Անոր վրայ կառուցուած է կատարելատիպ Ս. Խաչի վանքը, որ կը կոչուի Աղթամարի վանք, (16րդ դար)։ Վանքը ունեցած է Մատենադարան, մագաղաթեայ ձեռագրեր, մատեաններ, գրչագրական արուեստ, պատմական յիշատագրեր եւ կաթողիկոսական կոնդակներ։
Վանայ լիճը աւելի հին ժամանակներուն կոչուած է Բզնունեաց ծով։
Պատմական Հայաստանի լիճերէն մէկն է նաեւ Ուրմիոյ լիճը, որ ան ալ Վանայ լիճին պէս չափազանց աղի է եւ ոչ մէկ ձուկ չ’ապրիր անոր ջուրերուն մէջ։ Վերջապէս, ներկայ Հայաստանի մէջ կը տարածուի Սեւանայ լիճը, որու ջուրը համեղ է, վճիտ եւ տարբեր տեսակի ձուկեր կը սնուցանէ, ինչպէս՝ իշխանը (իշխանաձուկ), բաղտակը, կողակը, եւայլն։
Լիճին մէջ կը թափին 28 գետակներ եւ անկէ դուրս կուգայ միայն Հրազդանը, կամ Զանգուն, որ Երեւանի ճամբով կը թափի Արաքսի մէջ։ Սեւանը խորհրդանշականօրէն մայր հայրենիքի շնչառական թոքն է։ Առանց անոր տեւաբար ծարաւ պիտի ըլլար եւ հայ ժողովուրդը եւ հայրենի հողը։ Սեւանի ջուրը կը վերարժեւորէ հայու կեանքը։
azator.gr/?p=7712