Հայոց «Փափուկ» Սիրտը Եւ Թուրքերու «Առնական»-Ութիւնը (Ապրիլեան Խոհեր – 104-ամեակ)

24 ԱՊՐԻԼ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

թուրք ժողովուրդը «հնագոյն, հերոսական, ուժեղ,
շատ վառ, ամուր եւ առնական» ժողովուրդ է:
Ա. Լուքաշենքօ
Պիելոռուսիոյ նախագահ
(«ԱԶԴԱԿ», 17-4-2019)

Ինչպէս շատերու, նաեւ մեր աչքէն չվրիպեցաւ վերոնշեալ արտայայտութիւնը, ոչ թէ անոր համար որ անիկա բացառիկ հնչեղութիւն ունի, այլ որովհետեւ խօսքը կը պատկանի երկրի մը նախագահին, որ սահմանադրականօրէն կոչուած է ներկայացնել իր ժողովուրդին, ազգին ու պետականութեան քաղաքակրթական որակը, առանձնայատկութիւնը:

Այլ խօսքով,մեզ զարմացնողը այն չէ, որ տուեալ երկրի մը պետութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչը աշխարհաքաղաքական թէ շահամոլական պէս-պէս պատճառներով կ՛ուզէ քաղաքական վարկանիշ ապահովել ի դէմս ժողովուրդի մը, որուն հեռակայ թէ մօտիկ անցեալը արեամբ ներկուած է, այլ անոր համար, որ սուտի, կեղծիքի, անբարոյութեան եւ քաղաքական մտքի հոսհոսութիւն կը կիրարկուի, ձեւով մը, իր սեփական ժողովուրդին հաշուոյն, այդ ալ նախագահի մը կողմէ:

Պիտի ըսուի, թէ որքանո՞վ ճիշդ է բարոյական կեցուածքի կամ արդարադատի մօտեցում փնտռել քաղաքական կեանքի մէջ, երբ ամբողջ աշխարհ կլանուած է մարդակերի պահուածքով, արիւնարբու եւ խօլ պատերազմներու առկայութեամբ:

Փաստօրէն, միամիտ պէտք է ըլլալ հաւատալու, որ արդի ժամանակներու կեանքի կիզակէտին ապրող պետական այրեր իրազեկ չըլլան դրացի երկիրներու մօտիկ անցեալի պատմութենէն եւ կատարելու այնպիսի հաստատումներ, որոնք եթէ մէկ կողմէ քմծիծաղ կը պատճառեն ողջ մարդկութեան, ապա միւս կողմէ տուեալ անձնաւորութեան քաղաքական մտքի բոպիկութիւնն ու տխեղծ մակարդակը ցոյց կու տան ըստ ամենայնի:

Յիշեցնե՞լ է պէտք, որ օսմանական, համիտեան, քեմալական թէ էրտողանական Թուրքիոյ գոյութիւնը ցեղասպանութեամբ պաշտպանուած է դարերէ ի վեր, վարչակարգը` բռնատիրութեամբ կեանքի կոչուած, այսպէս ըսած, «քաղաքակրթական նուաճումներ»-ը` դրացի ազգերը բնաջինջ ընելու եւ անոնց հայրենիքը բռնագրաւելով հանդէս է եկած, որով կը պարծենայ ինք` թրքութիւնը, ու անոր կամակատար` տխրահռչակ քաղաքական այրը:

Ըստ երեւոյթին, քանի մը տարի ետք վատահամբաւ քաղաքական այրեր ու պետական գործիչներ պիտի սկսին նաեւ խօսիլ մոնկոլ-թաթար ցեղախումբերու աշխարհին ու մարդկութեան բերած «բարիք»-ին մասին, պարզապէս զուարճացնելու անոնց ժառանգորդ թուրքը, թրքութիւնը:

Ի դէպ, կարելի չէ իրարմէ անջատել թուրքն ու թրքութիւնը, որովհետեւ այս երկու անուանումները, եզրերը չեն կրնար առանձնաբար իմաստաւորուիլ, ապրիլ եւ գոյատեւել, այլեւ անոնք ագուցուած են այնքանով, որքանով մարդկութեան տուած են իրենց էութիւնը բնորոշող մէկ բառ`բարբարոսութիւն, որուն բառարանային իմաստները շատ են ու բազմակողմանի, ընդ որում` մարդակերութիւնը:

Ըսուածին ապացոյցը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւումը, հայութիւնը բնաջինջ ընելու ցարդ գոյութիւն ունեցող թուրքին թաքուն ու բացայայտ մտադրութիւնը, ասոնց զուգահեռ նաեւ` հաւատադրժողական շարժումներու սնկանման բուսնիլը, սանձարձակ տարածուիլը, ջատագովութիւնն ու ֆինանսաւորումը` թուրք պետութեան կողմէ:

Պիտի ներեն մեզի բոլոր անոնք (հայ թէ օտար), որոնք հաճոյքով, հոգեմեծար եւ լորձնաշուրթն կը խօսին թուրքի «բարեմասնութիւն»-ներուն մասին, ջերմեռանդօրէն կը պաշտպանեն պետական անձնաւորութիւններու «մարդկայնական» վերաբերումները, կը դրուատեն թուրք այլախոհները, ազատամիտներն ու հայութեան ցաւերը սրտակից բաժնողները եւ այլն, եւ այլն:

Ըսենք նաեւ, որ կանխամտածուած կամ ենթակայական կապանքներով մենք մեզ չենք շղթայած` ժխտական կեցուածք ցոյց տալու թուրք այլախոհներու հանդէպ, որոնք այս կամ այն առիթին բարձրաձայն կը խօսին հայոց իրաւունքին մասին եւ կը դատապարտեն Մեծ եղեռնը:

Այլ հարց, եթէ երբեք անոնք «զտարիւն» թուրք են, կամ ունին քիւրտի, ասորիի, հրեայի թէ այլ փոքրամասնութեան մը արմատները:

Միւս կողմէ, հայութիւնը ցարդ կը սպասէ բոլոր «հայասէր» թուրքերէն, որ գէթ համարձակութիւնը ունենան Թաքսիմ փողոցի սրտին, թէ այլ քաղաքներու մէջ Եղեռնի վշտակցութեան առընթեր յայտարարելու, թէ հայութիւնը ունի առհաւական ու անժամանցելի դատ` բռնագրաւուած հայրենիք, Վանի, Կարսի, Արտահանի, Մուշի, Սասունի, Վասպուրական աշխարհի ու Հայկական պարի վերադարձ, այսինքն` հազարամեայ հողին վերատիրանալու իրաւունք եւ հատուցման խնդիր:

Փաստօրէն, հայ քաղաքական միտքն ու հայութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կարենան կողմնորոշուիլ եւ ի հարկին իրենց բացարձակ աջակցութիւնը ցուցաբերել` յանուն երկու դրացի ժողովուրդներու խաղաղ գոյացութեան եւ բարօրութեան, երբ օրն ի բուն թուրք պետական համակարգը կը սպառնայ հայութիւնը բնաջինջ ընել, իսկ հայոց նորանկախ պետականութիւնը կործանել:

Արդեօք բաւարար չե՞ն այն բոլոր հրապարակային ելոյթները, որոնց յաճախ կը հանդիպինք արեւմտեան կողմն աշխարհի, Մերձաւոր թէ Միջին Արեւելքի տափաստաններու վրայ, երբ տուեալ երկրի մը դեսպանը, ծերակուտականը թէ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեան, ընթացք տալով աշխարհաքաղաքական նորովի պայմաններու, կը սկսի ջատագովել հայութիւնը, դատապարտել էրտողանական ոճրամիտ արտայայտութիւնները եւ թուրքին յիշեցնել, թէ անոր նախահայրերը` օսմանցիները ջարդած են հայերը եւ այլն:

Իրօք, այս բոլորը որ կը կատարուին` ունին քաղաքական որոշակի առաւելներ, որոնց հարկ է քաջալերել եւ ընդունիլ որպէս բարոյական յաղթանակներ:

Ընդգծենք նաեւ, որ հայութեան տառապանքէն եւ իրաւունքի պաշտպանութենէ ծնունդ առած Հայ դատի նուիրական աշխատանքները (անցեալի թէ ներկայի) ունին իրենց սրբազան իմաստն ու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնցմով ողջ աշխարհ իրազեկ կը դառնայ հայութեան անվիճելի իրաւունքներուն եւ թուրքի իսկական դիմագիծին:

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակ:

Հայութիւնը անգամ մը եւս կը խոնարհի 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ, կը նորոգէ պայքարի ուխտը` անոնց կտակին հաւատարիմ մնալու եւ տիրութիւն ընելու հայոց նորանկախ հայրենիքին, որուն երկնակամարին տակ ապրող հայրենապաշտ եւ նուիրեալ սերունդներ, իրենց կողքին ունենալով սփիւռքահայութիւնը, կը շարունակեն բռնցքուիլ, էապէս շաղախուիլ ու պայքարի դրօշը բարձր պահել` ընդդէմ թուրք-ազերիական բարբարոսութիւններու:

Բնական է, որ ոգեկոչման դասական ձեռնարկներ աշխարհով մէկ տեղի պիտի ունենան, միջազգային մակարդակներու վրայ հայանպաստ կեցուածքներ ու բարեխիղճ խօսքեր պիտի լսուին, Հայ դատի ի նպաստ աշխատանքներու ընթացքն ու քաղաքական տարբեր կողմնորոշումներ որդեգրելու մօտեցումն ու եռուզեռը պիտի չդադրին, Թուրքիոյ սրտին վրայ պիտի կազմակերպուին հաւաքներ եւ այլն, այդուհանդերձ կը մնայ հիմնական ու անյետաձգելի հարցադրումը, ինչո՞ւ կը յամենայ հզօր հայրենիք կերտելու մեր դարաւոր երազը:

Երազ, որ ունենայ արդի ժամանակներու բոլոր տուեալները, ռազմավարական ու մարտավարական առաջադրանքները, որոնց մասին այնքա՜ն կը բարբառենք ու կը ճառենք մեր ամէնօրեայ ելոյթներու ընթացքին` եկեղեցւոյ խորաններէն, բեմերէն, հրապարակներէն ու գիտաժողովներու ամպիոններէն:

Այո՛, հայոց հզօր պետականութեան մասին է խօսքը, որ պիտի կարենայ իր ծոցին մէջ 10 միլիոն հայութիւն պահել ու պահպանել, Արցախի ազատագրական սուրբ պայքարը իր լրումին հասցնել, յաչս աշխարհին ցոյց տալ հաւաքական կամքի ու կորովի դրսեւորումներ, միասնականութեան եւ ժողովրդասիրութեան եզակի կեցուածքներ, փոխադարձ ընկալումի եւ հանդուրժողութեան գեղեցիկ պատկերներ, արդարադատական համակարգի նախանձելի պատուանդաններ, քաղաքացիական իրաւունքի եւ արժանավայել կեանք վարելու մօտեցումներ եւ մասամբ նորին:

Այլապէս ալ ի՜նչ խօսք հզօր պետականութեան մը մասին, երբ տուեալ երկրի մը հիմնասիւները` բարգաւաճ ու ինքնաբաւ տնտեսութիւն, բարեկեցիկ կեանք ու յառաջադէմ հասարակութիւն գոյութիւն չունի կամ գոնէ այդ ուղղութեամբ իրապաշտ եւ յանդուգն քայլեր չեն առնուիր:

Հաւատացողն ենք, որ Հայաստան իր մարդկային ներուժով կրնայ յայտնուիլ ամբողջ աշխարհի կիզակէտին` դառնալով արհեստագիտութեան թէ մարդկային պաշարներու աղբիւր, աւելի՛ն. գիտահետազօտական նուաճումներու օրրան, որով պիտի կարենայ ինքզինք պարտադրել ամբողջ աշխարհին:

Կ՛ըսենք, որ 21-րդ դարը հայութեան կը պատկանի, մենք քաջ հաւատացողն ենք, սակայն պէտք է համեստութիւնն ու քաղաքական փայլուն մտածողութիւնը կլանէ մեր ներաշխարհը, թրծէ մեր մտքերը, որպէսզի զերծ մնանք թեթեւսոլիկ եւ հաճոյակատար բարբաջանքներէ, տեղի-անտեղի քաղաքական մօտեցումներէ եւ աժան վերագրումներէ:

Հայութիւնը ինքզինք նուաճած ազգ է, հազարամեակներ շարունակ տոկալու եւ ապրելու անոր բնազդը` փորձութեան ենթարկուած ժողովուրդ է, քաղաքակրթական ամէնէն բարձր արտայայտութիւններու շտեմարան է, մարդկայնութեան փարոս ու ազգային ազատագրական պայքարի ուսմունք է, փաստը` Արցախեան խոյանքը:

Ապրիլեան խոհերու այս առիթին, հեռուն մնալու համար ձանձրոյթի թէ տաղտուկի վիճակներէ, արդեօք նպատակայարմար չէ՞ մենք մեզի ընծայելու հաշուետուութեան պահեր, մենք մեզի ընծայելու, փոխանակ սուգի, ողբի, եւ Ծիծեռնակաբերդի ու Եռաբլուրի զոյգ բարձունքներէն ինքնավստահօրէն գոչելու, թէ հայութիւնը պիտի կարենայ սրբագրել եւ ուղղել իր բոլոր սխալները, եւ հաւաքական թերութիւնները, անյապաղ լծուիլ միասնական ոգիի առաւել ամրապնդման եւ պայծառացման, կրկին երդուելու, որ տէրն ենք հայոց նահատակներու կտակին եւ արար աշխարհին յայտնելու, թէ` «մերն է լինելու 21-րդ դարը»:

Չմոռնանք, որ թուրք-ազերիական հայատեաց եւ բնաջինջ պետական մակարդակի քաղաքականութեան առընթեր գոյութիւն ունին աւելի վտանգաւոր եւ թաքուն թշնամիներ, որոնց անուանումները (աղանդներ, այլասեռածներ, թմրամոլներ, վաշխառուներ, միասեռականներ եւ այլն) կը տարբերին, սակայն անոնց նպատակը յստակ է ու մեկին` կործանել հայոց երազը, այս աշխարհին վրայ ապրելու մեր իրաւունքը:

Հայ քաղաքական միտքը, որպէսզի ձերբազատի «փափուկ» սիրտ ունենալու յատկութենէն, իր տարբեր բնագաւառներով` արտաքին գործոց նախարարութիւն, դեսպանութիւն, արդարադատական թէ զինուորական համակարգ, պարտաւոր են որդեգրելու յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն եւ իր սաղմին մէջ խեղդելու հայատեաց նկրտումներ` ինչպիսին է լուաքաշենքոյական վարքագիծը:

Ի դէպ, Հայաստանի պետութիւնը պարտաւոր է Պիելոռուսիոյ նախագահին ուղղել հրաւէր մը, այցելելու Ծիծեռնակաբերդ ու Եռաբլուր, եւ յաւուր պատշաճի փոխանցելու առնականութեան դասեր:

22-4-2019

aztagdaily.com/archives/435493

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail