Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

04 ՅՈՒՆԻՍ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Իրաքահայոց Ազգային իշխանութեան
նախկին փոխատենապետ

Հաւաքավայրերու Մէջ

Առաջին հաւաքավայր` Պաքուպա

Խումբ մը որբեր Պաաքուպայի մէջ

Այսպէս, Վասպուրականէն վերջին նահանջողներուն համար, դառն ճակատագրով, Իրաքը դարձաւ հերոս ժողովուրդի կեդրոնական հաւաքավայրը եւ առաջին կայանը` Պաղտատէն արեւելք 45 քիլոմեթր հեռու` Պաքուպա կոչուած գիւղաքաղաքին կից, Տիալա գետի աջ ափին ընդարձակ անապատը, ուր իրար ետեւ բարձրացող անգլիական զինուորական մեծ վրաններու տակ շարան-շարան եկող  բազմահազար հայ եւ ասորի տարագիրները տեղաւորուեցան:

Անգլիացիք Իրաքի մէջ ժողովուրդները զանազան տեղեր տեղաւորելու  կամ ի մի հաւաքուած պահելու կարգ մը տարբերակներ նկատի առնելէ ետք, որոշած էին հայերն ու ասորիները մէկ տեղ կեդրոնացնել` ապագային անոնց վերաբերմամբ ըլլալիք կարգադրութիւններու ատեն դժուարութեան չհանդիպելու համար:

Սկզբնական շրջանին կարգ ու կանոն չըլլալով` ուժասպառ բազմութիւնները խառն ի խուռն կը լեցուին պատրաստուած վրաններուն մէջ: Չ՛ուշանար, սակայն, անգլիացիներու դասաւորումները, անոնք նախ հայերը ասորիներէն կը զատեն երկու վրանաւաններու մէջ: Գաղթականներուն թիւը կը հասնէր 75 հազարի (25 հազարը հայ եւ մնացածը` ասորի):

Իւրաքանչիւր վրանաւան բաժնուեցաւ քանի մը քեմփերու, ամէն քեմփ իր պատասխանատու անգլիացի սպայով եւ քանի մը հնդիկ զինուորներով: Սպաները ենթակայ էին աւանի կեդրոնական գրասենեակին, որ կը տնօրինէր բարձրաստիճան սպայ մը` իր օգնականներով եւ գրագիրներով: Կեդրոնի գրասենեակի պարտականութիւններն էին հսկել նպաստի բաշխումներուն եւ տարագիրներու կարգապահութեան:

Պաաքուպայի տարագիրներ կառավարող յանձնախումբ. Հայերէն՝ որբանոցի մասին հոգատարեր. Պրն. Սարգիս Շիրուանեան, տնօրէն. Պրն Մարտիրոս Գույումճեան, Րէլիֆ Միութեան ներկայացուցիչ, տոքթ. Քարսլեան, որբանոցի բժիշկ

Ամէն մէկ քեմփի կեդրոնը շինուած էր համայնական խոհանոց մը` օճախներու վրայ կերակուր պատրաստելու իւրաքանչիւր ընտանիքի կողմէ ու վրանի տակ ուտելու: Վրանը կը պատսպարէր մէկէ աւելի ընտանիքներ: Խոհանոցի մէջ թոնիրներ ալ շինուած էին` ընտանիքներու համար հերթով հացը թխելու: Նմանապէս կային երկաթեայ ջրամբարներ, որոնց ծորակներէն դարձեալ հերթով ջուր կ՛առնուէր: Նաեւ կային հանրային զուգարաններ, որոնց համար վարձուած էին յատուկ մաքրողներ` պէտքերը վառելու եւ արտաքնոցները հականեխելու:

Գալով նպաստին, երկաթուղիով կը բերուէր կայարան` մթերանոց, ուրկէ քեմփի պատասխանատու սպաները ստանալով` փոխադրել կու տային իրենց քեմփի բաշխման վայր, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիք ներկայանար անձամբ ստանալու իր բաժինը:

Խնամատարական գետնի վրայ ալ անգլիացիք դարմանատուն, հիւանդանոց, բաղնիք եւ առողջապահական արգելարան (քարանթին) բացին համաճարակներու դէմն առնելու համար:

Վրանաւանի անգլիացի իշխանութիւնը, առողջ ու երիտասարդ գաղթականներէն աշխատողներ հաւաքելով, լծեցին տեղական զանազան աշխատանքներու` Տիալա գետի եզերքը ջրանցքներ փորելու, երկաթուղիի մթերանոցի պարէնը տեղաւորելու ու փոխադրելու, աւանի ճամբաները հարթելու, մաքրելու եւ այլն: Անոնք թէեւ իրենց լաւագոյնը կ՛ընէին, սակայն հիւանդութիւնները եւ բնական մահերու թիւը կը մնային բարձր, անցեալի ամիսներու տառապանքի, ճամբաներուն կրած դժուարութիւններու, յոգնածութեան եւ անսովոր անապատային կլիմային պատճառով:

Այս ծանր վիճակին կ՛աւելնար նաեւ այն, որ զիրար լրիւ չէին հասկնար լեզուագիտութեան պակասի պատճառով, եւ կարգ ու կանոնի խստիւ գործադրումը աստիճանաբար դառնութիւն կը բերէր ժողովուրդին` դէպի խնամատարները: Այսպիսի պայմաններու տակ, Եղեռնի արհաւիրքներէն ազատած, ինչպէս` աշխարհով մէկ ցրուած ցեղակիցները, ուր որ ալ հաստատուեցան, առաջին հերթին մտածեցին եկեղեցի ունենալու մասին: Առ այդ, անգլիական բանակի օգնութեամբ առժամեայ եկեղեցի մը կը կառուցուի պաշտամունքի համար:

1918-ի վերջերը անգլիական բանակը գրաւած ըլլալով Մուսուլը, Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր կողմերէն գաղթական փոքր հոսանքներ Տէր Զօրի եւ Ռաս Ուլ Այնի սպանդանոցէն ու արհաւիրքներէն ազատած, կը հասնէին Մուսուլ: Ազգային առաջնորդարանի խնդրանքով անգլիացիները կ՛արտօնեն հայի այս բեկորներու Պաքուպա փոխադրութիւնը, ուր կը տեղաւորեն զանոնք Վանէն եկողներու քեմփի արեւելեան կողմը: Պաքուպայի վրանաւանին մէջ հայ տարագիրներուն թիւը այսպէս բազմացաւ:

Պաաքուպայի գաղթականներու վրաններ, 1918-ին

Հայ գաղթականութեան այս հաւաքը Պաքուպայի մէջ, անգլիացիներու կողմէ, մղեց իրաքահայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը` տարագիրներու մանրամասն արձանագրութեան ձեռնարկելու եւ  անգլիական իշխանութեան պաշտօնական արտօնութեամբ, օրուան առաջնորդ Մուշեղ արք. Սերոբեանը այցի գալով տառապած ժողովուրդին` հոգեկան մխիթարութեան համար պատարագ մատուցեց եւ կրօնական գործերով զբաղելու համար գաղթականներու մէջ գտնուող 18 կղերականներէն ընտրեց հետեւեալները` որպէս Կրօնական ժողովի անդամներ.

Վահրամ ծ. վրդ. Կանաչեան` նախագահ, Յովհաննէս քհնյ. Սիմոնեան` քարտուղար, Ստեփան քհնյ. Ստեփանեան եւ Մարտիրոս քհնյ. Եղեազարեան` անդամներ: Հետագային այս մարմինին նախագահութիւնը ստանձնեց Սահակ ծ. վրդ. Մարմետցին, ապա` Յովհաննէս ծ. վրդ. Հիւսեանը:

Նոյն տարին` 1918-ին, անգլիական իշխանութիւնը ընթացք տուաւ առաջնորդարանի դիմումին` իր որբահաւաքի ծրագրով որբանոց բանալու արձանագրուած 1500-է աւելի երկսեռ որբերու համար: Որբանոցի տնօրէն նշանակուեցաւ Արսէն Գօրկիզեանը (Համատանէն), ուսուցիչներ` տարագրուած վանեցի ուսեալ երիտասարդներէն` Գեղամ Վարդանեանը, Մարտիրոս Խերանեանը, Համազասպ Պետրոսեանը, Տրդատ Սօրոյեանը եւ Սենեքերիմ Սիմոնեանը:

Պատուելի տնօրէնի բողոքական քարոզչութիւնը շուտով դժկամութիւն պատճառեց, նախ` ուսուցչութեան, ապա` ժողովուրդին, որուն պատճառով Ազգային իշխանութեան կազմած Տարագրելոց յանձնախումբի ատենապետ Մարտիրոս Գույումճեանը Պաքուպա գալով` պարտն ու պատշաճը տնօրինեց գաղթակայանի պատասխանատու` հրամանատար Օսթինի արտօնութեամբ, որբանոցի տնօրէնութիւնը ժամանակաւորապէս յանձնելով գաղթական վանեցի սպայի մը` փաստաբան Համբարձում Մելքոնեանին, մինչեւ որ թեմի Քաղաքական ժողովին որոշմամբ որբանոցի տնօրէն ղրկուեցաւ Սարգիս Շիրվանեան անունով կրթուած եւ բարեկիրթ անձ մը: Քաղաքական ժողովին կողմէ մայրապետ մըն ալ վարձուած էր, որ ստանձնեց որբերու հագուելիքի եւ անկողիններու հայթայթումը եւ մաքրութեան հսկողութիւնը:

1918-ին Իրաք աքսորուած Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն արք. Եղեայեանի եւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Սերոբեանի կողմէ Մուսուլի մէջ բացուած որբանոցի 327 որբերն ալ իրենց ուսուցչուհի-մայրիկ Խոսրովիդուխտի հետ 1919 յունիս 24-ին փոխադրուեցան Պաքուպա:

(Շար. 2)

aztagdaily.com/archives/440160

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail