ԵՐԲ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԵՐՈՒ ՀՈԳԱՒՈՐԱԿԱՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՍԱՆԱԾ ԿՂԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱԶԳԸ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐՕՆԸ ՊԻՏԻ ԶԱՆԱԶԱՆԷՆ ԻՐԱՐՄԷ:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ, ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉԵԼՈՒ ԵՒ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ:

Աթէշեանի Վիճելի Խօսքերը, եւ Արմենական Շարժումի շեշտադրումները:

ԵՐԲ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԵՐՈՒ ՀՈԳԱՒՈՐԱԿԱՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՍԱՆԱԾ ԿՂԵՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱԶԳԸ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐՕՆԸ ՊԻՏԻ ԶԱՆԱԶԱՆԷՆ ԻՐԱՐՄԷ:

Պոլսոյ Ֆէրիքէոյի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ «Վարդանանց» երգչախումբի հիմնադրման 83-րդ ամեակին նուիրուած ընդունելութեան ժամանակ ելոյթ ունեցած Պոլսոյ հայոց պատրիարքի գլխաւոր փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեան անդրադարձած է բազմաթիւ խնդիրներու` իսլամացած հայերէն մինչեւ խառնամուսնութիւններ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով Պոլսոյ հայկական «Ակօս»-ը, Ֆէրիքէոյի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը եւ «Վարդանանց» երգչախումբի հիմնադրման 83-րդ տարելիցը նշուած է Կիրակի օրը` Փետրուար 15-ին, կայացած ընդունելութեան ժամանակ: Եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի գլխաւոր փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեան, որ անդրադարձած է տարբեր հարցերու, որոնց շարքին` իսլամացած հայերու եւ խառնամուսնութիւններու թեմաներուն:

Արքեպիսկոպոս Աթեշեանի ելոյթի հիմնական շեշտադրումները հետեւեալներն են.
Արքեպիսկոպոս Աթեշեանի շեշտադրումները:

«Հայ եմ ըսելով` հայ չես դառնար»

«Ընդունինք թէ ոչ` որպէս համայնք հեռացած ենք մեր կրօնական հաւատքէն: Կրօնը երկրորդական դարձած է մեզի համար: Եթէ հնարաւոր է հայերէն խօսելով հայ դառնալ, ապա ինծմէ շատ աւելի լաւ հայերէնով հաղորդակցուող շարք մը մահմետականներ կան: Հա՞յ են անոնք: «Իմ մեծ մայրը հայ է եղած է»… Քու մեծ հայրն ալ իսլամ էր: Որո՞ւն արիւնը կը կրես դուն: Հայը կրօնէն անքակտելի մէկ ամբողջութիւն է: Եթէ կ՛ուզես հայ ըլլալ, կու գաս կը մկրտուիս, Հայոց եկեղեցւոյ անդամը կը դառնաս եւ միայն այն ժամանակ կ’ըսես` «Ես հայ եմ»: Այդ հաւատքին համար պատերազմներ մղուած են, այդ դաւանանքին համար մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը զոհեր տուած ենք: Հիմա չենք կրնար մեր պապերու թափած արիւնը ժխտել»:

Արմենական Շարժումի շեշտադրումները:

Այո շատ շիտակ, 1700 տարի է ԱԶԳԸ կրօնի խառնելով բզիկ-բզիկ ըրիք, բաժնեցիք որ տիրէք ձեր կրօնական ընկերութեան համար, եւ հազարամեակներու մեր ԱԶԳԻ տարիքը վերածեցիք 1700 տարեկան, հայկական լեռնաշխարհի մէջ եկուոր վերածեցիք մեզ, նոյնիսկ հայկական տառերը մեսրոպ մաշտոցին նուիրեցիք, բայց այսօր գիտնականները հինգ-հազար տարուայ հայկական տառեր գտած են, ձեր կրօնի ընկերութիւնը ինչ հիմքի վրայ հիմնուած է, հեթանոսական, քուրմական, ասոնք որ տառերով կը գրէին եթէ ոչ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ հայկական տառերով, նախ պէտք է ՀԱՅ ըլլաս, հետոյ ընկերութեան մը կրօնի մը անդամը ըլլաս,կրօնի ԱՐԻՒՆ չենք կրեր, այլ ՀԱՅՈՒ ԱՐԻՒՆ կը կրենք, հայը կրօններու անքակտելի մէկ ամբողջութիւն պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ մէկ կրօնի, մեր պապերը այդ քու ըսած հաւատքին եւ դաւանանքին համար չէ որ պատերազմներ մղած են, այլ իրենց տունը, տեղը, պատիւը, ընտանիքը, ազգը, հողը պաշտպանելու համար, ձեր այս խօսքերով, շեշտադրումներով, մինչեւ իսկ այսօր դեռ Հայու արիւն կը թափեք, վասն ձեր կրօնի ընկերութեան սիրոյն, մինչեւ այսօր հայ ազգը պաշտպանուելու վիճակի մէջ է, իսկ երբ հայ ազգը որոշէ հարցակողականը, առաջին հերթին ձեր ընկերութիւնը պիտի ըլլայ թիրախը, եթէ արգելակէք հարցակողականը:

Արքեպիսկոպոս Աթեշեանի շեշտադրումները:

«2170 եկեղեցիէն 42-ը մնացած են»

«Մէկտեղուած ենք` Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը եւ եկեղեցւոյ երգչախումբի հիմնադրման ամեակը նշելու նպատակով: Եկեղեցին ունի մէկ ու կէս հարիւրամեակի, իսկ երգչախումբը` մէկդարեայ պատմութիւն: Հայեացք նետեցէք 1914 թուականի օրացոյցներուն. Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ կան հայկական 2170 եկեղեցիներ ու 100 դպրոցներ: Ո՞ւր են այժմ անոնք: Մեր ձեռքին 42 եկեղեցի եւ 13 դպրոց մնացած է: Մեր դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն նկատմամբ ձեր սէրը ո՞ր չափանիշով կը սահմանուի: Ասո՞նք ալ մեր ձեռքէն պիտի փախցնենք: Մեր պապերն իրենք զիրեք զոհեցին` յանուն անոր, որ մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները կանգուն մնան»:

Արմենական Շարժումի շեշտադրումները:

Այո շատ շիտակ, դեռ պղտոր ջուրի մէջ ձեր ուզած ձուկը կ՛ուցէք որսալ, թէ այսպէս շարունակեք, այդ քու ըսած 42-սն ալ պիտի չի մնայ, այդ ժամանակ որու պիտի այպանեք, վստահ եմ զոհ մը պիտի գտնաք ձեր հանցանքները այլոց վրայ բեռցնելու:

Արքեպիսկոպոս Աթեշեանի շեշտադրումները:

«Խառնամուսնութիւնները սպիտակ ցեղասպանութիւն են»

«Եւրոպայի մէջ քրիստոնէութիւնը մեռած վիճակի մէջ է: Գացէք Ֆրանսա. Դպրոցներուն մէջ արգիլուած է խաչ կրել: Այստեղ իսլամ երկրի մէջ ես. ուզածիդ չափ խաչ կրէ, ոչ ոք քեզ բան կ՛ըսէ: Այնինչ, մենք մեր իսկ հանդէպ սպիտակ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնենք: Խառնամուսնութիւնները սպիտակ ցեղասպանութիւն են: Օտարազգիներուն մեր դպրոցներ, հաստատութիւններ ընդունիլը եւս սպիտակ ցեղասպանութիւն է: Մենք մեզի ոչնչացուցինք: Քիչ մը կը գիտակից ըլլանք»:

Արմենական Շարժումի շեշտադրումները:

Քիչ մը գիտակից եղէք, եւ ձեր ըսած ապիտակ ցեղասպանութիւնը խարն ամուսնութեան մէջ մի փնտռէք, այլ փնտռեցէք ձեր ընկերութիւն կրօնի մէջ, որովհետեւ դուք իսկ ձեր կրօնի հանդեպ սպիտակ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնեք:

Ձեր ըսած իսլամ երկրի մէջ ազատութիւն ունիս ուզածիդ չափ խաչ կրելու, որ հետոյ բոլորիդ հաւաքեն եւ սպանդի ենթարկեն, դեռ պատմագրութիւներէ դաս չարիք, մեր պապերուն նախահայրերուն քրիստոնեայ են ըսելով չէ որ ցեղասպանութիւն իրագործեցին, այլ կրօնը իրենց ցեղային հաւատամքներու իղձի փարփարասութիւնը, իրենց ձեւով օգտագործելով քաղաքականութեան մէջ, մեր նախահայրերուն ունեցուացքը, հարստութիւնը եւ մեր լեռնաշխարհը գրաւեցին ձեր իսկ օգնութեամբ:
Արքեպիսկոպոս Աթեշեանի շեշտադրումները:

«Պարտաւոր ես ապացուցել քու հայ ըլլալդ»

«Հայաստան քանի մը տարիէ քաղաքացիութիւն կը շնորհէ սփիւռքի բոլոր հայերուն, սակայն` մկրտութեան մասին փաստաթուղթի առկայութեան պարտադրանքով… Պարտաւոր ես ապացուցելու քու հայ ըլլալդ: Չես կրնար քաղաքացիութիւն ստանալ` «Ես հայ եմ» ըսելով: Չես կրնար քաղաքացի դառնալ` հայերէն խօսելով միայն: Հայաստանը կ՛ըսէ` «մկրտութեան մասին փաստաթուղթդ բեր, ապացուցէ քու հայ ըլլալդ, որ քեզի քաղաքացիութիւն շնորհեմ»… Մենք որմէ ի՞նչ կը պահանջենք: Աշակերտներէն մկրտութեան փաստաթո՞ւղթ կ՛ուզենք: Ղեկավար խորհուրդի անդամներէն մկրտութեան փաստաթո՞ւղթ կը պահանջենք: Ուրկէ՞ կը գիտնանք, թէ ինչ է: Կ՛ըսէ` «Հայ եմ», հայերէն կը խօսի, հերիք է: Մեր կրօնը այդչափ աժան պէտք չէ ըլլայ: Եթէ մենք հայ ենք, քրիստոնեայ ենք, ապա պէտք է պահպանենք մեր կրօնն ու ինքնութիւնը: Տէր կանգնինք մեր բոլոր ազգային եւ կրօնական արժէքներուն: Եթէ ոչ դատարկ խօսք է «Ես հայ եմ» ըսելը: Այս հարցին շուրջ ըսելիք շատ կայ. մեր տառապանքները չափէն դուրս շատ են: Սակայն այսօր այդքանով պիտի բաւարարուիմ, քանզի այսօր ուրախութեան օր է: Կը շնորհաւորեմ «Վարդանանց» երգչախումբի իւրաքանչիւր անդամը: Միեւնոյն ժամանակ, քանի որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրն է, կը շնորհաւորեմ նաեւ ղեկավար խորհուրդը: Աստուած ամուր պահէ կանգուն մնացած մեր եկեղեցիները, քանզի 1915-էն ետք չափէն դուրս շատ եկեղեցի կորսնցուցինք»:

Արմենական Շարժումի շեշտադրումները:

Այո պարտաւոր, ստիպուած եւ պարտական ես ապացուցել քու հայ ըլլանդ , ԱՐԻՒՆՈՎ եւ ոչ կրօնով, ձեր ըսած ֆրանսան ԼԱՅԻՔ քաղաքականութիւն կը վառէ, ազգը անձնագիրը չի խառներ կրօնի հետ ինչպէս դուք, մինչեւ այսօր ձեր կրօնական ընկերութեան հաշիւին չի գար լայիքութիւնը, վնաս կ՛ուտայ, բայց վնաս չի տար եթէ հայ ազգը փճանայ, միայն ձեր ընկերութիւնը ջուրի երես մնայ, կրօնով ինքնութիւն չի կրնար պահել, մարդն է պահողը թէ ինքնութիւն թէ կրօնը, ձեզի կը մնայ որոշել առաջին հերթը ով է, ԱԶԳԸ թէ կրօնը:

1700 տարի առաջ ձեր կրօն ընկերութիւնը եկաւ հայկական լեռնաշխարհ եւ գրիգոր լուսաորիչի միջոցաւ պարտադրեց ձեր կրօն ընկերութիւնը ազգը բաժնելու չլատելու համար, որ իւրացնէ եւ սեփականացնէ հարստութիւնը, հողը, որ պարտադրէ ինքզինք, այնպէս ալ քոչուորները եկան հայկական լեռնաշխարհ ձեր գործը շարունակելու, մինչեւ այսօր քոչուորները կը շարունակեն իրենց գործը / կարմիր եւ սպիտակ ցեղասպանութիւն / ինչպէս ձեր կրօն ընկերութիւնը:

Եթէ դուք կորսուած հոտերը ՀԱՅ չէք սեպեր, ճիշդ ուղղութիւնը չունիք հոտերը հաւաքելու, ձեր ըսած անառակ որդիի պէս, մենք ունինք, եթէ դուք ձեր 1700 տարուայ հիմքերու վրայ պիտի մնաք, ապա մենք պարտաւոր ենք նոր հայկական աստուած ստեղծելու, այս անգամ մեր մէջէն վստահ, ոչ դուրսէն:

Իմաստուն եւ լայնամիտ եղէք պատմութիւնը մէկ աչքով մի դիտէք:

Արմենական Շարժում

Կարին Դաշտենց 28/02/2015

Այս տողերը կարդալէ ետք շատերը պիտի ցեխարձակեն, շատերը արգելք պիտի ըլլան թերթերու մէջ տպագրելու, շատերը պիտի ըսեն այս որ ճհուտներ սիոնիստներն են, որ շեղէն իրադրութիւնը, դուք ձեր բթամատի ետեւ չէք կրնար պատսպարուիլ, մենք պատրաստ ենք ցեխարձակումներուն:

Աթէշեանի Վիճելի Խօսքերը – Աղբիւրը ԵՐԱԳՈՅՆ — yerakouyn.com

akunq.net/am/?p=43374

http://www.agos.com.tr/tr/yazi/10690/atesyandan-tartisilacak-sozler
Թարգմանեց Մելինե Անումյանը
Akunq.net

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail