ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ – Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները Զ.

Արենիի քարայրներուն համայնապատկերը Արփա գետի ափին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ – Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները Զ.

30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴԸ//:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Էպլայի 20 հազար պատմական թանկարժէք սեպագիր գրատախտակներուն յայտնաբերումը ցարդ հաստատեց Ք.Ա. 3500-2300 թուականներ, Էպլայի` դասական պատմութեան մէջ անյայտ թագաւորութեան մը գոյութիւնը, որ դատելով իր դարակներու վրայ պահպանուած այս արխիւ-գրադարանէն, պէտք է նկատել զայն քաղաքակրթութեան բարձր մակարդակի հասած երկիր եւ ժողովուրդ: Տակաւին այս գրատախտակներուն ուսումնասիրութիւնը պատմական նորութիւններ, կամ գոյութիւն ունեցողին մասին հաստատումներ պիտի կատարէ:

Պատմաբաններ ընդհանրապէս ՑԱՐԴ ընդունած էին, որ քաղաքակրթութիւնը սկսած է Ք.Ա. շուրջ 3500 թուականին, շումերներուն կողմէ, Միջագետքի մէջ, այժմու Իրաք. Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն միջեւեւ անոնց շուրջի տարածութեան մէջ, մինչեւ Պարսից ծոց, եւ թէ` իրենց լեզուն, նախ պատկերագիր, ապա` սեպագիր, իբրեւ գրաւոր եւ խօսակցական` առաջինն էր, որ հետագային օգտագործուեցաւ նաեւ շրջանի այլ ժողովուրդներու կողմէ: Շումերները Հայկական Լեռնաշխարհէն գաղթած էին դէպի հարաւ, որուն պատճառով է, որ յարաբերութիւնները պահպանած էին հիւսիսին հետ:

Արենիի քարայրներուն համայնապատկերը Արփա գետի ափին:

Յատկանշական է, որ Հայաստան լեռնաշխարհի Վայոց Ձորի Արենի քաղաքին մօտակայքը, թիւ 1 քարայրին մէջ 2007-ին սկսած պեղումները

2010-ին յայտնաբերեցին ցարդ յայտնի աշխարհի ամենահին կաշիէ կօշիկը, որ նո՛յնպէս Ք.Ա. 3500 թուականին կը պատկանի: Նոյն քարայրին մէջ յայտնաբերուեցաւ նաեւ գինիի ցարդ աշխարհի ամենահին` Ք.Ա. շուրջ 4100 թուականի հնձանը եւ հողի մէջ թաղուած հսկայական կարասներ, որոնց մէջ կային սնամէջ եղէգի ցօղուններ` հաստատելով Քսենոֆոնի (յոյն զօրավար, պատմաբան, Ք.Ա. 431-354) վկայութիւնը հայկական գիւղի մը մասին («Անապասիս», 5-րդ գլուխ, 26-րդ համար), որ հայերը գինի եւ գարեջուր կը խմէին իրենց տան հողին մէջ թաղուած կարասներէն` օգտագործելով եղէգի սնամէջ ցօղուններ (1), (2), (3):

Այնտեղ յայտնաբերուեցաւ նաեւ Ք.Ա. 39-րդ դարու կանացի յարդէ հիւսուած գունաւոր երանգներով հագուստի մաս մը եւ այլ կտորներ, որոնք կատարելապէս պահպանուած էին: Այս եւ Հայաստան աշխարհի այլ հնավայրերը մեր հնագոյն պատմութեան մասին տակաւին շատ բան պիտի յայտնաբերեն: Մէկ բան յստակ է սակայն, որ արդէն Ք.Ա. 4100 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը թափառաշրջիկ չէր, հաստատուած էր եւ երկրագործութեամբ կը զբաղէր, խաղողի այգիներ, գարիի եւ հացահատիկի մշակում, մետաղագործութիւն եւ արհեստներ, այսինքն քաղաքակրթութեան տէ՛ր էր:

«Գերմանացի բազմամիլիոնատէր, արկածախնդիր, հնագէտ Հէյնրիխ Շլէյման (Heinrich Schliemann, 1822-1890), որ ծանօթ է իբրեւ հիմնադիրը այժմու  հնագիտութեան եւ Տրովադայի (Troy) հնութիւնները գտնողը (4), գրած է. «Ամբողջ Եւրոպայի մշակոյթը ինքզինք ժառանգորդը կը նկատէ հնադարեան յունական եւ հռոմէական քաղաքակրթութիւններուն` առանց գիտակցելու, որ այդ երկուքը իրենց կարգին գոյացած են հնադարեան հայկական քաղաքակրթութենէն» (5):

Արենիի աշխարհի ամենահին գինիի հնձանը եւ Ք.Ա. 39-րդ դարու կանացի կիսաշրջազգեստէն մաս մը:

«Միջագետքի քաղաքակրթութիւնը իր սկիզբը կ՛առնէ Հայաստանէն» խորագիրով «Փանարմինեան.նեթ»-ի 2 յուլիս 2010-ի յօդուածը կ՛ըսէ. «(Երեւանի, Հրազդանի ափին*) Շէնգաւիթի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած եզակի հնութիւնները կը հաստատեն, որ Հայաստանը մետաղագործութեան, ոսկերչութեան, գինեգործութեան ու ձիաբուծութեան հայրենիքն է: Ամէն ինչ կ՛ապացուցէ, որ Ք.Ա. 4-3 հազար տարի առաջ Հայաստանը զարգացած պետութիւն եղած է, բացառիկ մշակոյթի տէր: Նման եզրակացութեան յանգած է այդ հինաւուրց  բնակատեղին ուսումնասիրող հայ-ամերիկեան հնագիտական գիտարշաւախումբը»:

«Օրինակ, Շէնգաւիթի տարածքին յայտնաբերուած ապակեայ ուլունքները իրենց որակով կը գերազանցեն Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուածները: Իսկ ձիերու ոսկորներու քանակը գերազանցած է հնագէտներուն բոլոր ակնկալիքները: Գերմանացի հնակենդանաբան Հանս Փիթըր Ուորթմանը յայտարարած է, որ այդ քանակութեամբ ձիերու ոսկորներ չէ տեսած ամբողջ Հին Արեւելքի մէջ: Արհեստանոցներուն մէջ յայտնաբերուած են մեծ քանակութեամբ քարէ գործիքներ, իսկ պղնձագործութեան հետքերը կը փաստեն, որ Հայաստանի մէջ կանոնաւոր պրոնզի արտադրութիւն կար», ըսած է հնագէտ Յակոբ Սիմոնեանը` աւելցնելով, որ` «Այս միայն սկիզբն է: Տակաւին բազում անակնկալներ կը սպասեն մեզի» :

Շէնգաւիթի հնութիւններն ու պեղումները եւ Վարդգէս Սուրէնեանցի «Ասպետ կինը»

Փենսիլվանիոյ համալսարանի դասախօս Միշէլ Ռոտման յայտարարեց, որ ամէն ինչ կը վկայէ, որ մօտաւորապէս Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակին Շէնգաւիթի մշակոյթը տարածուեցաւ հին աշխարհին մէջ: «Այն, ինչ որ Միջագետքի մէջ, կրնային ընել, Հայաստանէն եկած է: Հայաստանն է հին աշխարհի քաղաքակրթութիւններու խճանկարին բացակայող տարրը: Շէնգաւիթը ամբողջացուց այն բոլոր թերի օղակները, որոնք կը պակսէին Միջագետքի հին մշակոյթը ուսումնասիրելու ժամանակ», ըսած է ան (6)(7):

Հայաստանը աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններու օրրանը ըլլալու բոլոր տուեալները ունի` առանց շինծու ու կեղծ ապացոյցներու: Այս ճշմարտութիւնը նախ մենք` հայերս պէտք է գիտնանք եւ այդպէս ներկայանանք աշխարհին:

Շումերական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ, Ք.Ա. 28-էն 27-րդ դար, Հայաստանը կոչած են Արատտա, որ Արարատ լերան անուան հետ առնչուած է:

Արատտան կը նշուի իբրեւ որոշ չափի զարգացում ունեցող պետական համակարգ, ուր նշուած են տնտեսական բնագաւառի պաշտօնեաներ` հարկահաւաքներ եւ վերակացուներ: Արձանագրութիւններ կան Արատտայի եւ Շումերի տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին:

Արատտացիները հացահատիկ եւ այլ երկրագործական ապրանքներ ներածած եւ փոխարէնը մետաղներ ու թանկարժէք քարեր արտածած են: Հարաւ ուղարկած են նաեւ շինարարական նիւթեր` «լեռնային քարեր»: Արատտայէն ճարտարապետներ Շումեր կ՛երթային այնտեղ մեծ շինութիւններ կառուցելու համար: Արատտայի հովանաւոր չաստուածը Հայկն էր, որ իմաստութեան եւ ջուրերու չաստուած Հայայի որդին էր:

Շումերի մէջ, իբրեւ փոխադրամիջոց`  կ՛օգտագործէին էշեր, Արատտայի մէջ` ձիեր: Շնորհիւ ձիերու գործածութեան` տնտեսութեան եւ ռազմարուեստին մէջ Արատտան մեծ յառաջդիմութիւն ձեռք բերած էր: Շումերական բնագիրները լայն տեղեկութիւններ կը պահեն Արատտայի բանակին եւ պարսպապատ մայրաքաղաքին մասին:

Հայերէն տառերու զարգացումը                                  Արատտայի նշումը շումերական այս սեպագիր արձանագրութեան մէջ (8)

Օրինակներէն մէկը. շումերական բանակը կը պաշարէ Արատտայի համանուն մայրաքաղաքը, սակայն մէկ տարի պաշարելով` չի կրնար գրաւել զայն: Այսպէս, «Քաղաքէն նետեր կը տեղային, ինչպէս անձրեւը` ամպերէն, պարսատիկներու  քարերը անձրեւի կաթիլներու նման Արատտայի պարիսպներէն կը թափէին ամբողջ տարին, աղմկող սուլոցով: Օրերը կ՛անցնէին, ամիսները` կ՛երկարէին, տարին այսպէս բոլորեց ամբողջ շրջան մը»®

Արատտայի մասին կարեւորագոյն տեղեկութիւններէն մէկն է սեփական լեզուի եւ գիրի գործածութեան մասին նշումը, որ ապացուցուած է նաեւ Հայկական Լեռնաշխարհէն յայտնաբերուած Ք.Ա. 4-էն 3-րդ հազարամեակի մեհենագիր արձանագրութիւններով, որոնք տակաւին վերծանուած չեն, կարելի չէ եղած կարդալ (9):

Հայաստանը տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պատմական վաղեմի արձանագրութիւններու մէջ կոչուած է Արատտա, Արմի, Արմանում, Թեգարամա  (թեգ, որ կը նշանակէ տուն եւ արամա, որ Արամ-արմէն ժողովուրդին անունը) կամ  ԹիլԳարիմու` Թորգոմի տուն , Արմանի, Հայասա, Նայիրի, Արարատեան թագաւորութիւն (Ուրարտու), Արմէ-Շուպրիա, Արմենիա:

Արագածոտնի Փարպի գիւղին մօտ 2010-ին կատարուած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուեցաւ ամենահին զոհաբերուած ձիու աճիւններ: Գերեզմանը կը պատկանի Ք.Ա. 25-26 դարուն: Յուղարկաւորութեան այս վայրը կը վկայէ Հայաստանի ձիաբուծութեան հնագոյն աւանդութեան մասին (10):

Լճաշէնի 4 հազարամեայ ձիու սայլերէն եւ Ք. Ա. 15-րդ դարու պրոնզէ մարտակառք

1950-ական տարիներուն Սեւանայ լիճին մակարդակի անկումին պատճառով լիճին հիւսիս-արեւմտեան ափին գտնուող Լճաշէն գիւղին մօտակայքը յայտնաբերուեցան Ք.Ա. չորրորդ եւ երրորդ հազարամեակին պատկանող բնակավայրեր, 15 բլուրներու վրայ տարածուող բերդ-ամրոցներ ու առանձին կոթողներ: Ուշագրաւ է այնտեղ շուրջ 100 x 800 մեթր տարածութեամբ շուրջ 800 դամբարանով դաշտը, հարուստ` թանկագին հնագիտական պարունակութեամբ:

Յատկապէս բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն դամբարաններէն յայտնաբերուած 8 տարբեր տեսակի, լաւ պահպանուած ձիաքարշ 20 դիակառք սայլերը, որոնք պատկանած են Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակի բնիկ երեւելիներուն, եւ անոնց հետ թաղուած են այլ արտակարգ արժէքաւոր գոյքերու հետ` պրոնզեայ եւ ոսկեզօծ զարդեր, իրեր, խեցեղէն եւ այլն:

Հնութիւնները ցոյց կու տան, որ սայլագործ վարպետները մասնագիտական ոճով տիրապետած են փայտի յատկութիւններուն եւ արուեստին ու սայլի տարբեր մասեր` անիւները, սռնակը, առեղը, լուծը, թափքի (սայլի մարմին) նախշերով տախտակները պատրաստած են տարբեր ծառատեսակներէ` կաղնի, թեղի, կարմիր մայրի, որոնք այն ժամանակ աճած են Սեւանի աւազանի շրջանին մէջ: Սայլի այդ տեսակները դարեր ու հազարամեակներ շարունակ գործածուած են Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ: Լճաշէնէն պեղուած ձիաքարշ ռազմակառքերն ու սայլերը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հնագիտական նիւթերը Հայաստանի պատմութեան թանգարանին համաշխարհային չափանիշով հազուագիւտ զարդերէն են:

Լճաշէնի դամբարաններէն պեղուած աճիւններուն` մարդկային ոսկորներուն վրայ ծինային քննութիւններ կատարուեցան` բաղդատելով զանոնք Հայաստանի այժմու բնակչութեան ոսկորներու նմուշներուն հետ: Քննութիւնը կը կատարուի 0-1 աստիճան չափանիշով, ուր 0-100 տոկոս նոյն նախնիներուն պատկանիլը կը յայտնէ, իսկ 1-ը` բացարձակ կապ չունենալը: Հետազօտութեան արդիւնքը 0,0071 էր, որ կը փաստէ, թէ այժմու հայութիւնը 99,29 տոկոս համեմատութեամբ, առնուազն 5000 տարի է Հայաստան աշխարհին բնիկ է, տես` «Հայաստանի առեղծուածները – Լճաշէն-ստորջրեայ գաղտնիքներ» տեսանիւթը (11)(12)(13):

Հայրենի վեցերորդ դասարանի Հայոց պատմութեան դասագիրքի ներածականէն հատուածով մը կ՛աւարտեմ. «Համոզուած ենք, որ ծանօթանալով հայոց պատմութեան հերոսական էջերուն` ձեզմէ իւրաքանչիւրը անսահման սիրով կը լեցուի դէպի հայոց աշխարհը, կը համակուի հպարտութեան զգացումով եւ վաղը կը դառնայ մեր երկրի իսկական քաղաքացին ու իր ծնողներուն արժանի փոխարինողը» (8):

21 սեպտեմբեր 2019
Շար. 6

——————-

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1).-  https://hy.wikipedia.org/wiki/Արենիի_քարանձավ

(2).- «The Anabasis or Expedition of Cyrus and the Memorabilia of Socrates», by Xenophon, literally translated from the greek, by Rev. J. S. Watson, M. A. M. B. S. L., London, 1859:

(3).- https://www.armgeo.am/areni-cave/  (տեսանիւթ)

(4).- https://www.dw.com/en/heinrich-schliemann-the-man-who-discovered-troy/a-18946144

(5).- https://allinnet.info/interesting/armenia-the-homeland-of-the-sumerians/

(6).- http://www.panarmenian.net/arm/news/50844/

(7).- https://allinnet.info/news/shengavit-an-ancient-center-of-export-ancient-armenia/

(8).- «Հայոց Պատմութիւն 6-րդ դասարան, դասագիրք հանրակրթական հիմնական դպրոցի համար, հեղինակներ` Աշոտ Մելքոնեան, Արամ Սիմոնեան, Արամ Նազարեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2013:

(9).- https://hy.m.wikipedia.org/wiki/Արատտա

(10).- https://rusarminfo.ru/2016/02/28/5-drevnejshix-naxodok-v-armenii/

(11).- https://youtu.be/NRc6WCB_B8Y

(12).- https://allinnet.info/antiquities/ancient-hillfort-of-lchashen-armenia/

(13).- https://www.armgeo.am/_lchashen/

aztagdaily.com/archives/459591

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail