Փաշինեան Եւ Մնացականեան Արձագանգած են ԱՄՆ Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունման
16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: ««ԱՄՆ Ծերակոյտը Հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը»»
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յիրաւի պատմական իրադարձութիւն համարած է ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւի ընդունումը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ան Թուիթըրի իր էջին մէջ ԱՄՆ օրէնսդիրներու այդ քայլը համարած է յարգանքի տուրք` 20-րդ դարի առաջին Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին եւ մեծ քայլ` կանխարգիլման օրակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ:
«ԱՄՆ Ծերակոյտին թիւ 150 բանաձեւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակն է: Աշխարհասփիւռ հայերու անունէն կը յայտնեմ մեր երախտիքը Ծերակոյտի այս նշանակալից որոշման համար»,- նշած է ՀՀ վարչապետը` օգտագործելով «այլեւս երբեք» (#NeverAgain):
Հայաստանի հանրապետութիւն արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան իր հերթին գրած է․ «ԱՄՆ Ծերակոյտին կողմէ 150 բանաձեւի միաձայն ընդունումը վճռորոշ քայլ է` ծառայելու արդարութեան, ճշմարտութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ան յարգանքի տուրք է զոհերու յիշատակին եւ անոնց արժանապատուութեան: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեսին, Թետ Քրուզին եւ ԱՄՆ Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն»:
ԱՄՆ Ծերակոյտը Դեկտեմբեր 12-ին միաձայն ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող 150 բանաձեւը:
yerakouyn.com/2019/12/13/փաշինեան-եւ-մնացականեան-արձագանգած-ե/