ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը` Ծերակոյտին Մէջ. Արձագանգները Եւ Հետագայ Անհրաժեշտ Քայլերը
21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««//ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:»»»
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
1915-ի Ցեղասպանութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը, առաջին անգամ ըլլալով, 12 դեկտեմբեր 2019-ին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ` հանրապետական տարբեր ծերակուտականներու կողմէ, երեք շաբաթ անընդմէջ Սպիտակ տան պահանջով զայն արգելափակելէ ետք: Այդ ժամանակէն սկսեալ ես անթիւ հեռաձայններ եւ ելեկտրոնային նամակներ ստացած եմ հայերէ, որոնք կը հարցնեն, թէ այս բանաձեւը իր ուղեկից բանաձեւին հետ միասին, որ մեծամասնութեամբ ընդունուած է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 29 հոկտեմբեր 2019-ին, արդեօ՞ք այժմ պիտի ներկայացուի նախագահ Տանըլտ Թրամփի` առ ի ստորագրութիւն:
Նախապէս շատ գրած եմ այս թեմային մասին, սակայն կարիք կայ կրկնելու, որ այս երկու բանաձեւերը «առանձին» բանաձեւեր են, եւ ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք Սպիտակ տուն չեն յղուիր, եւ նախագահէն չի պահանջուիր ստորագրել զանոնք: Սա երկու բանաձեւերու վերջակէտն է: Եթէ այս երկու բանաձեւերը ներկայացուէին Քոնկրեսի երկու պալատներուն որպէս «համատեղ բանաձեւ», ապա ստորագրութեան համար պէտք է որ այնուհետեւ ներկայացուէին նախագահին:
Այսուամենայնիւ, անկախ բանաձեւի տեսակէն, եթէ Թրամփ ուզէ, կրնայ օգտագործել «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը 24 ապրիլ 2020-ի իր ամէնամեայ ուղերձին մէջ:
Թէեւ 29 հոկտեմբեր 2019-ին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երրորդ անգամն էր, որ ընդունած է նման բանաձեւ, Ծերակոյտի բանաձեւը 12 դեկտեմբեր 2019-ին պատմական է, քանի որ 1915-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը այսպիսի բանաձեւ ընդունած է` օգտագործելով Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը: Աւելի՛ն. այս երկու «առանձին» բանաձեւերը օրէնքի ուժ չունին, հետեւաբար որեւէ իրաւական հետեւանք չունին: Անոնք պարզապէս կը համարուին «Քոնկրեսի կարծիքը»:
Այսուամենայնիւ, այս երկու բանաձեւերու ընդունումը եւ միջազգային լրատուական միջոցներու կողմէ անոնց լուսաբանումը զայրացուցած են Թուրքիոյ կառավարութիւնը: Որոշ թուրք պաշտօնեաներ յայտարարութիւններ տարածեցին` դատապարտելով Միացեալ նահանգներու Քոնկրեսը եւ սպառնալով ամերիկեան զօրքերը դուրս վռնտել Թուրքիոյ օդանաւային երկու խարիսխներէն… Թուրք պաշտօնեաները փորձեցին նաեւ նուազագոյնի հասցնել այս բանաձեւերուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ անոնք «ընդհանրապէս ոչ մէկ արժէք ունին»: Թրքական կառավարութիւնը այնքան հեռու գնաց, որ ստիպեց իր խորհրդարանին բանաձեւ ընդունիլ` դատապարտելով Ծերակոյտը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ կանչեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սեթըրֆիլտը` ըսելով անոր, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը պիտի վնասէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, միաժամանակ պնդելով, որ բանաձեւը «ընդհանրապես որեւէ արժէք չունի»: Այդ պարագային ինչո՞ւ թրքական կառավարութիւնը տարիներ շարունակ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ լոպիիստներու վրայ` փորձելով արգելափակել բանաձեւի ընդունումը Քոնկրեսի մէջ: Ինչպէ՞ս կրնայ «անարժէք» բանաձեւը վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, եւ ինչո՞ւ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներուն կը սպառնայ` վռնտել զայն թրքական օդանաւային խարիսխներէն:
Նոյնքան վիրաւորական են Ազրպէյճանի պաշտօնեաներու կողմէ ծերակոյտի բանաձեւին վրայ կատարուած յարձակումները: «Բանաձեւի ընդունումը… պատմական փաստերը կեղծելու փորձ է եւ ատոր գործածումը` որպէս քաղաքական ճնշման միջոց», յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Լէյլա Ապտուլլայեւան: Բանաձեւը «կը ծառայէ միայն հայկական լոպիի շրջանակներու աղտոտ նպատակներուն», աւելցուց ան: Հայաստանի պաշտօնեաները պէտք է խիստ արձագանգեն` դատապարտելով Ազրպէյճանի ժխտողական յայտարարութիւնը, որ Ազրպէյճանը կը դարձնէ Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան յանցակից` դէպքէն ետք: Իբրեւ պատիժ` Հայաստան պէտք է յայտարարէ, որ ժամանակաւորապէս կը սառեցնէ Արցախի վերաբերեալ բոլոր բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ:
Թէեւ կը սպասուէր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խարազանէր Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերը, մեզ կը ցաւցնէ այն փաստը, որ Պոլսոյ նորընտիր hայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան երկար հարցազրոյց տուած է թրքական «Սապահ» թերթին` ծերակոյտի բանաձեւը անուանելով «ոչ այնքան բարոյական»: Թէեւ հասկնալի է, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ պատանդներ են, զրկուած` մարդկային հիմնական իրաւունքներէ, այսուամենայնիւ, պատճառ չկար, որ պատրիարքը, որ ընտրուած էր ծերակոյտի բանաձեւի ընդունումէն միայն օր մը առաջ, այդքան ջանք թափէր` թութակի պէս կրկնելով Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քարոզչութիւնը… Ան ոչ միայն դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը, այլեւ ըսաւ այնպիսի վիրաւորական բաներ, ինչպէս` կոչ, որպէսզի պատմական յանձնաժողովը ուսումնասիրէ, թէ արդեօ՞ք տեղի ունեցած է Ցեղասպանութիւն, կեղծ պնդում, որ որոշ հայեր ռուսական զօրքերու կողմը եղած են օսմանեան ուժերու դէմ գրոհելու ատեն, մեղադրանք հայերուն եւ թուրքերուն` զիրար կոտորելու մէջ, նաեւ կոչ հայերուն եւ թուրքերուն` համատեղ լուծում գտնելու առանց «երրորդ կողմերու» միջամտութեան եւ աջակցութիւն` տխրահռչակ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ընդունման, երկու երկիրներու կողմէ: Ասոնք բոլորը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ առաջ քաշուած առարկութիւններ են: Պատրիարք Մաշալեան իր հարցազրոյցի աւարտին յայտարարեց. «Ես քաղաքական գործիչ չեմ, այս (հարցին մէջ) կայ քաղաքական երեւոյթ»: Մաշալեան պէտք է որ հրաժարէր «Սապահ»-ի հետ հարցազրոյց ունենալէ` պարզապէս յայտարարելով, որ ինք հոգեւոր առաջնորդ է եւ չ՛ուզեր ներքաշուիլ քաղաքական հարցերու մէջ:
Ինչ կը վերաբերի պատրիարքի այն առաջարկին, որ երրորդ երկիրները պէտք չէ ներգրաւուին Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ, ամբողջապէս սխալ է: Եթէ չըլլային սփիւռքի լոպիիստական ջանքերը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, ապա աշխարհը արդէն վաղուց մոռացութեան մատնած էր այս հարցը… Ժխտողականներու եւ ստախօսներու կողմը ըլլալու փոխարէն` պատրիարք Մաշալեան պէտք էր անխոնջ աշխատանք տանէր նոյնինքն Թուրքիոյ ներսը ճշմարտութիւնը հաստատելու համար: Ասիկա ամէնէն քիչն է, որ կարելի է ակնկալել Աստուծոյ մարդէն…: Վերջապէս, թէեւ պատրիարքը թութակի պէս կը կրկնէր թրքական ժխտողական դիրքորոշումները, մենք վստահ չենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իրականութեան մէջ ճնշում կը գործադրէ անոր վրայ, որպէսզի հարցազրոյց տայ «Սապահ»-ին: Թերեւս ան ինքնակամօրէն կատարած է այդ, որպէսզի առաւելներ շահի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ` ակնկալելով, որ Անգարան շուտով կը հաստատէ իր ընտրութիւնը որպէս պատրիարքի: «Այս համայնքին մէջ ոչ ոք կը փափաքի քուէարկել պետութեան կողմէ հաւանութեան չարժանացած ոեւէ պատրիարքի օգտին», «Սապահ»-ին ըսած է Մաշալեան: Կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ պատրիարքը հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ…
Քանի որ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները շտապեցին շնորհաւորել Պոլսոյ նորընտիր պատրիարքը, կ՛ուզէի գիտնալ, թէ արդեօք «Սապահ» թերթին Մաշալեանի տուած վախկոտ յայտարարութիւններէն ետք, երկու կաթողիկոսները յետս չե՞ն կոչեր իրենց շնորհաւորանքները եւ չե՞ն դատապարտեր հայոց պատրիարքին ժխտողական յայտարարութիւնները…
Հայաստանի պետական պաշտօնեաները, ներառեալ` նախագահը, վարչապետը եւ արտաքին գործերու նախարարը, հանդէս եկան յայտարարութիւններով` շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ ամերիկահայերուն` Ցեղասպանութեան բանաձեւին աջակցելու համար: Մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ բանաձեւին ընդունումը կը նուազեցնէ Հայաստանի ապահովութեան գծով թրքական սպառնալիքը, ան, ցաւօք, աւելցուց, որ կը զօրակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման` «առանց նախապայմաններու»: Եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը պաշտպանէ Հայաստանի ապահովութիւնը, ապա ինչո՞ւ պէտք է վարչապետը ըսէ, որ` «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզի համար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու օրակարգի հարց չէ»:
Յաջորդ քայլերու առումով, ժամանակն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը դիմէ Համաշխարհային դատարան (Արդարադատութեան միջազգային դատարան)` պահանջելով Թուրքիայէն բոլոր այն բաները ինչ որ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է Ցեղասպանութեան պատճառով: Անոնք են`
1) Վճարել դրամական հատուցում` Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու դիմաց,
2) Վերադարձնել զոհերու ժառանգներուն բոլոր անձնական ունեցուածքները, ինչպէս` տուները, ագարակները, դրամատնային հաշիւները եւ դրամատնային պահարաններու մէջ գտնուող արժէքաւոր իրերը,
3) Վերադարձնել եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ գերեզմանատուները Թուրքիոյ հայ համայնքին,
4) Ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը եւ զայն միացնել Հայաստանի Հանրապետութեան:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/458332