Նամակ երկրէն – ԳՈՀ, ԴԺԳՈՀ, ԲԱՅՑ ՄԻՇՏ ԼԱՒԱՏԵՍ – Րաֆֆի Տուտագլեան
Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Անոնք, որոնք կը պնդեն, թէ մեր ժողովուրդի պանծալի յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ լաւ բաներ տեղի չեն ունեցած եւ ամէն ինչ աւելի վատ է՝ չարաչար կը սխալին։
Անոնք, որոնք կը պնդեն, որ աշխարհի հիացմունքին արժանացած մեր ժողովուրդի յեղափոխութենէն ետք միայն ու միայն լաւ բաներ տեղի կ՚ունենան ու վատ երեւոյթները անհետացած են՝ դարձեալ կը սխալին, եւ այո՛, չարաչար։
Նախկին իշխանաւորներուն եւ անոնց սպասարկած ուժերուն համար, Հայաստանը անդունդի ծայրը հասած է, քար ու քանդ կ՚ըլլայ, ամէն ինչ ահաւոր վատ է եւ եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը երկիրը պիտի կործանի։ Եւ մենք չափազանց դժգոհ ըլլալու բոլոր տուեալները ունինք ու ամէն ինչ պէտք է ընենք, երկրի նոր իշխանութիւնները փոխելու համար։
Իսկ ներկայ իշխանութիւններուն մօտիկ շրջանակներուն համար, սակայն, ամէն ինչ փայլուն է Հայաստանի մէջ, նախկիններու սարսափելի բոլոր սխալները սրբագրուած են եւ մեր հայրենիքը շատ մեծ ոստումներով առաջ կ՚երթայ։ Եւ մենք շատ գոհ պէտք է ըլլանք մեր իրավիճակէն եւ բողոքելու ու գանգատելու պատճառներ չունինք։
Իրականութիւնը, սակայն, ուրիշ է։ Ես, օրինակ, իբրեւ հասարակ մահկանացու (եւ իմ նման բազմահազար հայեր) թէ գոհ, եւ թէ դժգոհ եմ հայրենիքի մէջ իրերու դրութենէն եւ ընդհանրապէս յեղափոխութենէն ետք երկրի իրավիճակէն։
Գոհ եմ, որ կոռուպցիան մեծապէս նահանջած է ու լուրջ պայքար կը տարուի փտախտին դէմ։
Գոհ եմ, որ բանակի եւ զինուորներու կեանքին մէջ դրական մեծ փոփոխութիւններ կան, իսկապէս աննախընթաց են փոփոխութիւնները եւ հազար շնորհակալութիւն մեր իշխանութիւններուն՝ հայ զինուորին այս ձեւով ուշադրութիւն դարձնելուն եւ զինուած ուժերու հզօրացման աշխատանքները մեծ թափով շարունակելուն համար։
Գոհ եմ բազմահազար զինուորականներու, ուսուցիչներու, փրկարարական ջոկատներու, հանրային առողջապահութեան աշխատողներու աշխատավարձերը, եւ տարեցներուն թոշակները բարձրացնելուն համար։
Գոհ եմ Առողջապահութեան նախարարութեան, եւ Սոցիալական հարցերու նախարարութեան բարեփոխումներէն, Բարձր Տեխնոլոգիաներու նախարարութեան աշխատանքներէն։ Գոհ եմ ճանապարհաշինութեան աննախընթաց ծաւալէն ու որակէն, դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու մէջ սկսած ու ծրագրուած նորոգութիւններէն, բանտերու եւ բանտային ընդհանուր վիճակը բարեկարգելու Արդարադատութեան նախարարութեան նախաձեռնութենէն։ Գոհ եմ դեռ շատ բաներէ եւ կը գնահատեմ այս ուղղութիւններով կառավարութեան տարած իրապէս գնահատելի աշխատանքը։
Միաժամանակ, ունիմ նաեւ շարք մը դժգոհութիւններ։ Դժգոհ եմ Ամուլսարի հանքերուն վերաբերեալ կառավարութեան անվճռական եւ խուսափողական քաղաքականութենէն։ Վարչապետն ու իր թիմը պէտք է յստակ ՈՉ ըսեն Ամուլսարին եւ վերջ դնեն այս անորոշութեան։
Դժգոհ եմ նաեւ դատական համակարգի բարեփոխման երկար ձգձգումներէն, մանաւանդ յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք մօտ մէկ տարուան ամլութենէն, որ յանգեցուց այսօրուան բարդ եւ վիճելի, երբեմն նոյնիսկ խայտառակ իրավիճակին։ Դժգոհ եմ հարկերը համահարթեցնելու որոշումէն։
Դժգոհ եմ օրէնսդրական յանդուգն եւ յառաջադէմ նախաձեռնութիւններու պակասէն, որուն պատճառով կ՚ուշանան բարեփոխումները ոստիկանական համակարգին, առհասարակ պիւրոկրասիի՝ ընթացակարգերու, թղթաբանութեան եւ քաղաքացիներու մատուցուող ծառայութիւններու, ընտրական օրէնսգրքին, Սահմանադրութեան եւ շատ այլ բաներու մէջ։ Դժգոհելու շատ բաներ կան, եւ այո, այս առումով քննադատելի են նոր իշխանութիւնները։
Բայց ամէնէն կարեւորը, գոհ ու դժգոհ ըլլալու կողքին՝ լաւատես եմ։ Լաւատես էի նոյնիսկ Սերժ Սարգսեանի եւ իրեն լծակից դարձած ուժերու տխրահռչակ իշխանութեան օրերուն։ Այսօր աւելի շատ պատճառ ունիմ լաւատես ըլլալու, որովհետեւ յեղափոխութենէն ետք մեր ժողովուրդն ու մեր երիտասարդութիւնը նոյնը չեն այլեւս։ Գրած էի ասկէ առաջ՝ հայ ժողովուրդը տարբեր էր Ապրիլ 23, 2018-էն առաջ եւ հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ այլ է՝ Ապրիլ 23, 2018-էն յետոյ։ Եւ աւելի կարեւորը, յեղափոխութեան անկեղծօրէն մասնակցած, տարիներ շարունակ նախկին փտած իշխանութիւններու դէմ պայքարած, այդ պայքարին մէջ թրծուած ու հասունցած քաղաքական եւ քաղաքացիական ուժերը, որոնց կարեւոր մէկ հատուածը կը գտնուի իշխանութենէն դուրս, պիտի շարունակէ պայքարիլ ու տքնիլ նոյն ոգիով եւ նոյն վճռականութեամբ, մինչեւ ի կատար ածուին մեր ժողովուրդի պանծալի յեղափոխութեան բոլոր նպատակները։
Կասկած չունենաք յանկարծ, որ կրաւորականութիւնը դարձեալ արմատ պիտի նետէ մեր հասարակութեան մէջ։ Ընդհակառակը, յեղափոխութեան մասնակից, բայց ոչ-իշխանական ուժերը ամէն ինչ պիտի ընեն՝ իշխանութիւններու դրական աշխատանքներուն յաւելեալ թափ տալու համար։ Միաժամանակ, պիտի քննադատեն եւ պատասխանատւութեան պիտի կանչեն իշխանութիւնները ամէն անգամ, երբ անոնք սխալ ընթացքի մէջ յայտնուին։
Ուրեմն, սիրելի հեռաւոր ու մօտիկ ընկերներ, հարազատներ, բարեկամներ եւ ծանօթ ու անծանօթ ընթերցողներ, Լաւատես մնացէք ու մի՛ հաւատաք նախկիններուն, երբ անոնք կ՚ըսեն, թէ ամէն ինչ վատ է Հայաստանի մէջ եւ համատարած դժգոհութիւն կը տիրէ ամէնուրէք։
Նախկինները անցեալին կը պատկանին ու սա ինքնին արդէն բաւարար է, որ լաւատես ըլլանք բոլորս։
Միաժամանակ, իմացէք, որ նոր ու երիտասարդ իշխանութիւններէն պահանջատէր ըլլալը աւելի քան անհրաժեշտ է այսօր, մանաւանդ երբ նորեկները դեռ երկար ճամբայ ունին կտրելիք՝ յեղափոխութենէն ետք իրենց խոստումները իրականացնելու համար։
Եւ Նոր Տարին դիմաւորեցէք լաւատեսութեամբ եւ հպարտութեամբ, որովհետեւ մեր հանրութիւնը այլեւս վաղուց իր վրայէն թօթափած է վախն ու կրաւորականութիւնը։ Մեր յանդուգն, անվախ, համարձակ, նորարար եւ նախաձեռնող երիտասարդութիւնը մեր լաւատեսութեան աղբիւրն է, մեր Նոր Հայաստանն է, մեր նոր հայրենիքը։
Եւ այս առիթով՝ շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորիդ։ Մաղթենք, որ 2020-ը ըլլայ խաղաղութեան ու նորանոր յաջողութիւններու տարի։
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com