ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ – Սէյիտ Նասրալլա «Բաց Պատերազմ» Կը Յայտարարէ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Դէմ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ – Սէյիտ Նասրալլա «Բաց Պատերազմ» Կը Յայտարարէ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Դէմ

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ»»»

//ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

5 յունուար 2020-ին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա կարեւոր յայտարարութիւններ կատարեց` ի պատասխան ամերիկեան ուժերուն կողմէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի ղեկավար Քասեմ Սիւլէյմանիի Պաղտատի մէջ ահաբեկման:

Սէյիտ Նասրալլա նախ բացայայտեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ բազմիցս փորձած էին մահափորձի ենթարկել Սիւլէյմանին, ան նաեւ խօսեցաւ այն ծրագիրին մասին, որ ամերիկացիները պատրաստ էին պայթեցնելու այն մզկիթը, ուր Սիւլէյմանին կ՛այցելէր, եւ ուր աւելի քան 5000 մարդիկ կ՛աղօթեն: Ասիկա ցոյց կու տայ նաեւ Իրանի հետախուզական եւ անվտանգութեան խորհուրդին բծախնդրութիւնը` բացայայտելու այսպիսի կարեւոր դէպքեր:

Սէյիտ Նասրալլայի համար յստակ էր, որ Միջին Արեւելքը 2 յունուարէն ետք կը տարբերի իր նախկինէն, որովհետեւ այդ օրէն ետք շրջանը պիտի ունենար աշխարհաքաղաքական նոր պատկեր մը: Լիբանանեան զարգացումներէն մեկնելով, Սէյիտ Նասրալլայի համաձայն, իսրայէլեան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւն մը դժուար թէ տեղի ունենայ, որովհետեւ ան պիտի բախի Դիմադրութեան ուժին: Անոր համաձայն, Իսրայէլ կը կանգնի այս ոճիրին ետին եւ ան օգնութիւն խնդրեց Ամերիկայէն` սպաննելու Սիւլէյմանին, հարուածելու համար Դիմադրութեան առանցքը: Հոս Սէյիտ Նասրալլա նաեւ կ՛արդարացնէ ապագային իսրայէլեան շահերուն հարուած մը հասցնելը: Այս խօսքին մէջ կասկած չկայ: Ռոպերթ Պրկման Մոսատի (Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւնը) պատմութեան վերաբերեալ իր

նշանաւոր գիրքին մէջ «Rise and Kill: The Secret History of Israel՛s Targeted Assassinations» (2018) կը բացայայտէ Մոսատի եւ «Սի. Այ. Էյ.»-ի (ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան) միջեւ գործակցութիւնը` Հըզպալլայի մարտական գործերու պատասխանատու Իմատ Մուղնիէի սպանութեան հարցին մէջ: Հետաքրքրական է, որ հազիւ մօտ 20 տարի ետք ամերիկեան եւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնները կրցան ահաբեկել իրենց թիրախը:

Սէյիտ Նասրալլայի Համաձայն, Ինչով Պայմանաւորուած Են Թրամփի Ձախողութիւնները

Գաղտնիք մը չէ, որ նախագահ Թրամփի` միջինարեւելեան Արեւելքի քաղաքականութիւնը մինչեւ օրս ձախողութեան մատնուեցաւ: Անոր միակ յաջողութիւնները եղան չորս հարիւր միլիառ տոլարնոց զէնքի վաճառքը Սէուտական Արաբիոյ, Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը, նաեւ` սուրիական Կոլանի բարձունքները իբրեւ իսրայէլեան տարածք նկատելը: Ըստ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին, նախագահ Թրամփ եւ Ազգային անվտանգութեան իր նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն քանի անգամ յայտարարեցին, որ Իրանի վարչակազմը պիտի քայքայուի շուտով, անոնք նաեւ փորձեցին տնտեսական պատժամիջոցներով տնտեսական ծանր կացութեան մատնել Իրանի ժողովուրդը, որպէսզի ապստամբի իր կառավարութեան դէմ, սակայն այս քայլերը ապարդիւն անցան: Թրամփ նաեւ փորձեց փոխարինել նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրը` ստորագրելով նոր համաձայնութիւն մը նախքան նոյեմբեր 2020-ի  նախագահական ընտրութիւնները, սակայն ասիկա նոյնպէս չկատարուեցաւ: Հետեւաբար Թրամփ Իրանի շուրջ իր բոլոր խոստումներուն մէջ յաջողութիւն չկրցաւ արձանագրել եւ ամպայման ուզեց իր ձեռքը քարտ մը ունենալ ներքին ընտրական պայքարին համար օգտագործելու համար, ինչպէս որ նախկին նախագահ Պարաք Օպամա օգտագործեց պըն Լատենի սպանութեան հարցը:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ բացայայտեց, որ վերջին ամիսներուն ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ իրենց Լիբանան պաշտօնական այցելութեան ժամանակ քաղաքական ղեկավարներուն իրենց հանդիպումներուն ժամանակ կրկնեցին այն տեսակէտը, որ Դիմադրութիւնը իր զէնքերը պէտք է յանձնէ Լիբանանի պետութեան:

Առաւել, Թրամփ նաեւ ձախողեցաւ ոչնչացնել  հուսիներու դիմադրութիւնը Եմէնի մէջ, իսկ Աֆղանիստանի մէջ ստիպուեցաւ բանակցիլ Թալեպան ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ, որպէսզի միջոց մը գտնէ ապահով կերպով իր զօրքերը հեռացնելու այդերկրէն: Ան նաեւ նշեց, որ «Դարու գործարք»-ը, որով ամերիկացիք կը կանխատեսէին, որ նիւթական որոշ օժանդակութեան դիմաց «կը թաղեն» պաղեստինեան դատը, անոր մէջ ալ չկրցան յաջողիլ, շնորհիւ պաղեստինցի ժողովուրդի դիմադրական կամքին եւ Դիմադրութեան առանցքին:

Սէյիտ Նասրալլայի համաձայն, Թրամփի միակ մտահոգութիւնը Իրաքի նաւթն է, որուն պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութիւնը Իրաքի մէջ արդարացուց ամերիկեան ռազմական ներկայութիւնը: Մինչ ամերիկեան ուժերը դանդաղօրէն կը մօտենային ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութեան հարցին, Իրան եւ Իրաքի մէջ Իրանի դաշնակիցները, առանց տատամսելու,  ռազմական գործողութեան լծուեցան: Հետեւաբար ՏԱՀԵՇ-ի պարտութեամբ այլեւս շրջանին մէջ ոչ մէկ կարիք կայ օտար ուժերու:

Միջին Արեւելքը Քասեմ Սիւլէյմանիի Սպանութենէն Ետք

Սէյիտ Նասրալլայի համաձայն, այսուհանդերձ, շրջանին եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ Դիմադրութեան ուժերը ա՛լ աւելի ուժգին ձեւով պիտի պատերազմին թշնամիին դէմ: Արդեօք մօտիկ ապագային պիտի տեսնե՞նք սուրիական բանակին կողմէ յառաջխաղացք Իտլիպի մէջ կամ հուսիներուն կողմէ հրթիռային հարուածներ` Սէուտական Արաբիոյ դէմ:

Այս ծիրին մէջ կարեւոր է վերլուծել նաեւ Սէյիտ Նասրալլայի զգուշաւոր պատգամը քիւրտերուն վերաբերեալ: Ան զգուշացուց քիւրտերը` ըսելով, որ Միացեալ Նահանգները զիրենք պիտի ձգեն մինակ, եւ Միացեալ Նահանգներուն աշխարհաքաղաքական շահը կը դառնայ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի նաւթի հանքերուն շուրջ եւ ոչ թէ պահպանելու քրտական անկախ կամ կիսանկախ ինքնավարութիւն մը Սուրիոյ մէջ: Այլ խօսքով, Սէյիտ Նասրալլա կոչ կ՛ուղղէր քրտական զինեալ ջոկատներուն եւ մասնաւորապէս իրենց քաղաքական վերնախաւին` վերատեսութեան ենթարկելու իրենց ռազմական դաշինքը Միացեալ Նահանգներու հետ, որովհետեւ երբ սուրիական բանակը իր հակակշիռին տակ առնէ քիւրտերուն կողմէ կառավարուած տարածքները,եւ քիւրտերը հակադրուին այս քայլին, ապա անոնք անպաշտպան պիտի մնան, ինչպէս պատահեցաւ Քերքուքի մէջ, երբ 2017-ին իրաքեան ուժերը ազատագրեցին քաղաքը քրտական լուծէն եւ վերջ դրին Մասուտ Պարազանիի անկախ Քիւրտիստանի երազին:

Սէյիտ Նասրալլա եզրափակեց իր խօսքը` նշելով, որ Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկման դիմաց Դիմադրութեան ուժերը պիտի ազատագրեն շրջանը ամերիկեան զինուորական ներկայութենէն: Ան յստակացուց, որ թիրախ պիտի ըլլան ամերիկեան բոլոր ռազմական կեդրոնները եւ ամերիկացի զինուորականները եւ ոչ թէ անմեղ ամերիկացիները: Ան նաեւ հաստատեց, որ Դիմադրութեան հակահարուածը կախեալ պիտի չըլլայ Իրանի հակադարձութենէն, այսինքն, եթէ նոյնիսկ Իրան չպատասխանէ, ապա Դիմադրութիւնը ինքը պարտականութիւնը կը վերցնէ հարուածելու ամերիկեան ռազմական թիրախները: Այսպիսով, Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Սիւլէյմանիի ահաբեկումը իրանեան ներքին հարց մը չէ, այլ շրջանին մէջ Դիմադրութեան բոլոր ուժերը պարտաւոր են նախանձախնդիր ըլլալ եւ հարուածել ամերիկեան շահերը:

Yeghia.tash@gmail.com

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

aztagdaily.com/archives/460346

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail