Ատրպէյճանի Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցը Համակարգային Է. ԵԽԽՎի Զեկուցող

Սուննա Էվարստոթիր - Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Իսլանտիայէն ընտրուած պատգամաւոր, իրաւապաշտպան եւ հետաքննող լրագրող

Ատրպէյճանի Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցը Համակարգային Է. ԵԽԽՎի Զեկուցող

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ»»»

TOWARDS THE ARMENIAN MOUNTAINS – GO TO THE TERRITORY OF ARMENIAN ORIGINS «LOUSAVOR AVEDIS»

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) յառաջիկայ նիստին, որ պիտի կայանայ Յունուարի վերջաւորութեան, քննարկման պիտի դրուի Ատրպէյճանի մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալներու մասին հերթական զեկոյցը, որուն մէջ անգամ մը եւս խստօրէն կը քննադատուին Պաքուի կողմէ քաղաքացիական տարրական իրաւանց ոտնակոխումները։

Ծաւալուն ուսումնասիրութեան հեղինակն է Իսլանտիայէն ընտրուած պատգամաւոր, իրաւապաշտպան եւ հետաքննող լրագրող Սուննա Էվարստոթիր, որ յայտնի է զեղծարարութեանց եւ բռնապետութիւններու դէմ իր մղած վճռական պայքարով:

Պաքու կատարած այցելութենէն, իշխանութիւններուն, ընդդիմութեան ու իրաւապաշտպաններու հետ զրուցելէ ետք, եւրոպացի պատգամաւորը արձանագրած է հետեւեալը. «Այլեւս որեւէ կասկած չկայ, որ Ատրպէյճան քաղաքական բանտարկեալներու հարց ունի, եւ որ ատիկա կառուցուածքային ու համակարգային բնոյթ ունի»:

Ան կը նշէ, որ 2001ին, երբ Ատրպէյճան միացաւ Եւրոպական խորհուրդին, պաշտօնապէս ընդունեց, որ երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ կան եւ խոստացաւ ազատ արձակել զանոնք: «Սակայն, այնուհետեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը դարձաւ ժխտողական», կը շարունակէ Էվարստոթիր:

Մանրամասնօրէն նկարագրելով վերջին տարիներուն քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալուած ընդդիմադիրներու եւ լրագրողներու դէմ քրէական գործերը՝ իսլանտացի պատգամաւորը կը նշէ. «Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը շարք մը որոշումներ տուած է Ատրպէյճանի դէմ՝ փաստելով, որ ընդդիմադիր գործիչները, լրագրողները եւ իրաւապաշտպանները կամայականօրէն կը բանտարկուին եւ քաղաքացիները զրկուած են հաւաքներու եւ ազատ արտայայտուելու իրաւունքէն:

Պաքու տարիներէ ի վեր կ՛արհամարհէ ոչ միայն իր քաղաքացիներու իրաւունքները, այլեւ Սթրազպուրկ հաստատուած դատարանի որոշումները։ Վեհաժողովը մտահոգ է, որ դատական վճիռէն հինգ ու կէս տարի ետք, Իլհամ Մամատովի, Անար Մամատլիի եւ Ռասուլ Ճաֆարովի վերաբերեալ վճիռները կը մնան թուղթի վրայ»:

Իսլանտացի պատգամաւորը զեկոյցին մէջ նաեւ կը յիշեցնէ, որ նախորդ անգամ՝ 2013ին, երբ այս հարցով հերթական զեկոյց կազմուած էր, Պաքուն «խաւիարային քաղաքականութեամբ» կաշառած էր եւրոպացի պատգամաւորները, ապահովելով անոր ձախողութիւնը։

Նշենք, որ զեկոյցին քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 Յունուարին:

Zorats Karer – CONTROVERSY SURROUNDS THE STONES – Photo Via ancient-code.com

asbarez.com/arm/361677/Ատրպէյճանի-Մէջ-Քաղաքական-Բանտարկեալ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail