Մայիլեան Կը Պնդէ` Անհրաժեշտ Է Վերականգնել Բանակցային Գործընթացի Լիարժէք Եռակողմ Ձեւաչափը
16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ»»»
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 2019-ն արդիւնաւէտ կը նկատէ առաջադրուած նպատակներու իրականացման առումով. «Ո՛չ միայն շարունակուած են ջանքերը` Արցախի առկայ միջազգային կապերու ամրապնդման, այլեւ քայլեր ձեռնարկուած են` ընդլայնելու Արցախի միջազգային համագործակցութեան աշխարհագրութիւնը», ասուլիսին յայտարարեց Մայիլեան:
Նախարար Մասիս Մայիլեան անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին` նշելով, որ Արցախի միջազգային ճանաչման, միջազգային գործընթացներուն մէջ անոր ներգրաւուածութեան ընդլայնման եւ տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ բանակցութիւններու հետ կապուած գործընթացները կ՛ընթանան զուգահեռ: Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղուած նախաձեռնութիւնները եւ արձանագրուած յաջողութիւնները ո՛չ միայն թոյլ կու տան մեղմացնել Ազրպէյճանի անզիջում բանակցային դիրքերը, այլեւ կը նպաստեն Արցախի անվտանգութեան եւ շրջանային կայունութեան մակարդակի բարձրացման:
Մասիս Մայիլեան շեշտած է, որ խաղաղ գործընթացին մէջ իրական յառաջընթաց ապահովելու եւ տագնապի վերջնական լուծումին հասնելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել բանակցային գործընթացի լիարժէք եռակողմ ձեւաչափը` պաշտօնական Ստեփանակերտի լիիրաւ մասնակցութեամբ:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ 2019-ին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացը հիմնականին մէջ ուղղուած էր շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման: Նշուած է, որ ընդհանուր առմամբ, Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանին պահպանուած է զինադադարի դրութիւնը: Ընդգծելով պատերազմի հեռանկարները բացառելու եւ տագնապի գօտիին մէջ կայունութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը` Մասիս Մայիլեան նշած է, որ Արցախի իշխանութիւնները շարունակած են աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան կողմէ զինադադարի պահպանման դրութեան դիտարկումներու պարբերական կազմակերպման:
aztagdaily.com/archives/461023