Մինչ Պաղեստինցիները Կը Սպառնան Դուրս Գալ Օսլոյի Համաձայնագիրէն. Նեթանիահու Թրամփի Խաղաղութեան Ծրագիրը Կը Կոչէ «Պատմական» Եւ «Անկրկնելի Առիթ Մը»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու

Մինչ Պաղեստինցիները Կը Սպառնան Դուրս Գալ Օսլոյի Համաձայնագիրէն. Նեթանիահու Թրամփի Խաղաղութեան Ծրագիրը Կը Կոչէ «Պատմական» Եւ «Անկրկնելի Առիթ Մը»

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Պատերազմի հանցագործությունների եւ մարդկության դեմ հանցագործությունների նկատմամբ վաղեմության ժամկետ չկիրառելու մասին» ՄԱԿ-ի Կոնվենցիա, 26-ը նոյեմբերի 1968 թ.»»

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ յայտնած է. «Ամերիկեան վարչակարգին շուտով հրապարակելիք Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ծրագիրը պիտի ըլլայ պատմական»:

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի առիթ մը ունինք եւ պէտք չէ զայն փախցնենք: Այսօր Սպիտակ տան մէջ ունինք Իսրայէլի մեծագոյն բարեկամը, ուստի երբեւիցէ մեծագոյն առիթը ունինք», աւելցուցած է ան:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իսրայէլեան քաղաքական աղբիւրի մը, հաղորդեցին, որ Նեթանիահու երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օր Թրամփի հետ հանդիպում պիտի ունենայ` քննարկելու համար անոր Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ծրագիրը` «Դարու գործարք»-ը:

«Ամբողջ երեք տարիներ նախագահ Թրամփի եւ անոր աշխատակազմին հետ խօսեցայ մեր շատ կենսական անվտանգութեան ու ազգային կարիքներուն մասին, որոնք պէտք է ներառուած ըլլան որեւէ քաղաքական լուծումի մէջ, եւ Սպիտակ տան մէջ այդ կարիքներուն ականջ տուող գտայ: Ուստի, ամբողջովին յուսալից եմ, որ մեր պետութեան ստեղծումէն ի վեր պատմական պահու մը առջեւ կանգնած ենք», աւելցուցած է Իսրայէլի վարչապետը:

Ան նշած է, թէ Ուաշինկթըն կը մեկնի «մեծ պատասխանատուութեան ու Իսրայէլի ապագայի երաշխաւորման համար անկրկնելի մեծ առիթի հոյակապ զգացումով»:

Իսրայէլեան ընդդիմադիր «Կապոյտ» կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց իր կարգին յայտարարեց, որ երկուշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, ապա վերադառնայ Իսրայէլ` երեքշաբթի օր քննարկելու համար վարչապետ Նեթանիահուի անձեռնմխելիութեան հարցը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Թրամփի հետ «Դարու գործարք»-ի քննարկման համար ջանքեր գոյութիւն ունին արաբ արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումներ ունենալու, եւ ըստ կայանին, կը նախատեսուի, որ Ուաշինկթըն ներկայանայ նաեւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը, «որուն հետ վերջին շրջանին կռիւի բացառման համաձայնութեան մը շուրջ ամերիկեան միջնորդութեամբ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան»:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ հաղորդեց, որ պաղեստինցիները կը սպառնան հեռանալ Օսլոյի համաձայնութենէն, եթէ Թրամփ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան իր ծրագիրը յայտարարէ:

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ յայտնեց. «Յստակ կերպով կը յայտարարենք, թէ կը մերժենք «Դարու գործարք»-ը, զայն նկատելով ճակատամարտ մը, որմէ ետդարձը արգիլուած է: Պատրաստ ենք Գահիրէի մէջ Ֆաթհ շարժումի եւ բոլոր խմբաւորումներու մեր եղբայրներուն հետ արտակարգ հանդիպումի մը` գծելու համար մեր ուղին եւ հարցին տէրը ըլլալու համար», աւելցուց ան:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս անցնող օրերուն մերժած է իրեն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտնելու Թրամփի բոլոր փորձերը:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895

www.aztagdaily.com/archives/462462

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail