ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «Թէեւ ես կը մեռնիմ, բայց դուք պիտի ապրիք»

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – «Թէեւ ես կը մեռնիմ, բայց դուք պիտի ապրիք»

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Թէեւ ես կը մեռնիմ, բայց դուք պիտի ապրիք»

27 Յունուար 2020

Բարի լոյս՝ խառն ժամանակներու մէջ ճշմարտութիւնը սուտէն եւ իրաւը կեղծէն զանազանելու, այլեւ մաքրազտելու զգաստ տրամադրութեամբ, արթնամտութեա՛մբ։

Բարի լոյս՝ բոլոր ժամանակներու գաղափարի մեր մարտիկներուն, որոնց ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴէն ներշնչուած է պատնէշի վրայ արթուն հսկելու մեր այսօրուան վճռականութիւնը, մեր ժողովուրդին ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ նորօրեայ զարթօնքը հունի մէջ պահելու, այլեւ հաստատակամութիւնը՝ մեր յաղթարշաւը գաղափարականօրէն ու ներքնապէս կրծել եւ ջլատել փորձող ամէն կարգի ցեցերուն դէմ։

Յիշենք եւ նորահաս մեր սերունդներուն չյոգնինք յուշելէ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը ուղղակի հայ ազգային-ազատագրական շարժման մայր աղբիւրէն կ’ըմպեն ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ իրենց ներշնչման անապակ ջուրը։

Հայ յեղափոխական ԱՒԱՆԴին միակ տէրն ու պահապանը նոյնինքն հայ ժողովուրդն է, որուն ծոցէն ծնած ԱՐԺԷՔՆԵՐուն հետ ո՛չ ոք առեւտուր կատարելու արտօնութիւն ունի՝ ազգային հարստութիւնն ու ժառանգութիւնը փերեզակի պէս սեփականաշնորհելու եւ աճուրդի հանելու պատեհապաշտութեամբ։

Բարի լոյս՝ մեր սերունդները պաշտպանելու գաղափարապաշտութեան, որ ահա անհաշտ պայքար կը մղէ հայաշխարհի տարածքին մոլեգնած գձուձ ինքնասքանչացումի, նարգիսականութեա՜ն եւ ինքնահաւանութեա՜ն յորձանքին դէմ։
Մանաւա՛նդ Յունուար 27ի այս օրը, որ մեր ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած է իբրեւ անզուգական ՄԱՐԳԱՐ ՎԱՐԺԱՊԵՏի կախաղան բարձրանալու օրը 1893 թուին։

Այն Մարգար Վարժապետին՝ որ ոչ միայն իր մորթը փրկելու փորձ չըրաւ, ոչ միայն յանձն առաւ սուլթանական բանտի չարչարանքը, այլեւ հերոսաբար կախաղանէն իր վերջին շունչը աւանդեց՝ պոռթկալով, որ Հայաստանի եւ հայութեան անխուսափելի յաղթանակը պատրաստելու կը ծառայէ արեան իր զոհաբերումը։

Ահա՛ վկայութիւնը Սիմոն Վրացեանի․

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

*
* *

1892ին, Այվզուտ գիւղում, հայերի ձեռքով սպաննւում է մի թուրք սպայ։ Բաղէշից եկած հրամանի վրայ, գիւղը շրջափակւում է զինուորներով, որոնք խիստ չարչարանքիի են ենթարկում գիւղացիներին՝ պահանջելով յանձնել սպաննողներին։ Մատնութեան վրայ ձերբակալւում եւ բանտ է նետւում եւ Մարգար Վարժապետը։

Մի ամբողջ տարի պահւում է բանտում՝ անլուր տառապանքներ կրելով։ Եւ հակառակ որ ինքը մաս չունէր սպանութեան մէջ, խոստովանում է իր յեղափոխական լինելը եւ աներկիւղ պարզում այն պատճառները, որոնք ստիպել էին նրան կռուի դուրս գալ անարդար ու բռնակալ կառավարութեան դէմ։ Տեղի է ունենում դատական կատակերգութիւն, եւ Մարգար Վարժապետը դատապարտւում է մահուան։

Համարեա մի տարի Մարգար Վարժապետը մնաց Բաղէշի բանտում՝ ամէն վայրկեան սպասելով մահուան, բայց երբեք չկորցրեց իր բարոյական կորովը։ Բանտում էլ նա նոյն արի, հաւատաւոր եւ ըմբոստ յեղափոխականն էր ու բախտակից բանտարկեալներին ներշնչում էր իր գաղափարները։

1893 թ․ Յունուար 27ին Մարգար Վարժապետը կախուեց Բաղէշում։ «Դրօշակ»ի ականատես թղթակիցը հետեւեալ ձեւով է նկարագրում նրա վերջին վայրկեանները․․․

«Երբ Մարգար կը հրաւիրուի ի կախաղան՝ երեսնամեայ երիտասարդը պարզ, անխռով կը դիմէ դէպի մահ եւ կանգնած աթոռի վրայ, կախաղանի տակ, կը դիմէ դէպի խուռն բազմութիւնը եւ կը պոռայ․- «Հայեր, մի՛ վհատիք, քաջ գիտցէք, որ հասած ենք մեր նպատակին։ Թէեւ ես կը մեռնիմ, բայց դուք պիտի ապրիք։ Միայն այն երջանիկ ժամանակ զիս ալ չմոռնաք։ Եթէ խանդակաթ այցելուներ ունենամ գերեզմանիս շուրջը, ոսկերքս ալ կը հրճուին ու կը խայտան»։

«Երիտասարդի գլուխը մտնում է օղակի մէջ, դահիճը քաշում է ոտքերի տակից աթոռը։ Մի կարճ խրխռոց, ոտքերի եւ կապած թեւերի անկանոն մի երկու թափահարութիւն եւ․․․ ամէն բան վերջացած է արդէն»։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են
Թէեւ ես կը մեռնիմ, բայց դուք պիտի ապրիք

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail