ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Խոնարհում,,, Վերջերս աղմկող երեւոյթ մը տեղի ունեցաւ դիմատետրի մէջ եւ մինչ օրս կը շահարկուի
29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆԻ ԱՆԿԻՒՆԸ:
Սկիզբը՝ //ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ//:
Խոնարհում
Վերջերս աղմկող երեւոյթ մը տեղի ունեցաւ դիմատետրի մէջ եւ մինչ օրս կը շահարկուի․
Նկարի մը մէջ Յարգարժան նախկին նախարար մը կը ձեռնուի Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետի հետ եւ այդ նկարը առնուած է շարժուն երիզէ մը այնպիսի երկվայրկեանի պահով որ կարծես թէ նախարարը թեթեւ խոնարհում կընէ․
Ի տես այս բնական երեւոյթին տգէտ անհատներ սկսած նկարը պատրաստողէն մինչեւ վերջին տարբեր մասնագիտութիւններու տէր տգէտները սկսան անիմաստ եւ ոչ յարիր մեկնաբանութիւններ գրել․․․
Նպատակս ոչ նախարարին արդարացնել կամ գովաբանել է եւ ոչ ալ վարչապետին նուաստացնել այլ չակերտեալ կրթուած եւ ուսեալ տգէտներու ուղեղներու մէջ երեւոյթի մը մեկնութիւնը հասկցնելն է․
Մօտիկ անցեալին նոյն տգէտները մեղադրեցին յայտնի երգիչ Յարութ Փամպուքճեանին երբ ձեռնուելու պահին խոնարհեցաւ այն ժամանակուայ Հայաստանի հանրապետութեան Նախագահի առաջ․
Յարգելի բարձր վկայական ունեցող մի քանի լեզու խօսող տգէտներ, Խոնարհումը անհատի չէ, եթէ ձեր ամբողջ ապրած տարիներուն այս չէք կրցած ըմբռնել ապա դժուար թէ այսօր եւս հասկնաք սակայն կարելի է եւս մէկ փորձ ընել․
Վարչապետի, Նախագահի, նախարարի, Քահանայի, Վարդապետի, Կաթողիկոսի, Պապի առաջ կատարուած խոնարհումները անհատներու չէ այլ պետութեան եւ Աստծոյ, որոշ մարդիկ այդ կերպ կը յայտնեն իրենց յարգանքը Պետութեան եւ Աստծոյ եւ ամենեւին այդտեղ անհատը կարեւոր չէ թէ ով է, մաքուր հագուած քաղաքական գործիչ մը կամ «խլինքոտ» անհատ մը, կաշառակեր մը կամ իտէալական մաքուր անձնաւորութիւն մը, խաբեբայ հոգեւորական մը կամ Աստուածավախ եւ ուխտին հաւատարիմ Եկեղեցական մը․
Խոնարհումը Աստծոյ է եւ պետութեան․
Չնայած որ յարգելի նախարարը բացատրած է թէ ինչպէս ստացուած է այդ անյաջող պատկերը սակայն նաեւ ինք երբեք պարտաւոր չէր բացատրելու քանզի եթէ Խոնարհած էր վարչապետի առաջ ապա ինք վեհանձնօրէն խոնարհած էր Եռագոյնի առաջ, Հայաստանի առաջ եւ ոչ թէ վարչապետի պաշտօնին ետեւ կանգնած անհատին․
Իմ խոնարհումը եւ յարգանքը բոլոր այդ խոնարհողներուն իսկ տգէտներուն իմ նողկանքը քանզի իրենց պապերը խոնարհեցան օտարի առաջ, քանդողի առաջ, մեր երկիրը զաւթողի առաջ, թող անոնք մտածէն իրենց ամօթալի անցեալի եւ ներկայի մասին․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ