ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Աղասի Խանճեան (1901-1936) Առաջին զոհը՝ Խորհրդային Հայաստանի պետական ղեկավարութեան ստալինեան գլխատումին

Աղասի Խանճեան (1901-1936) Առաջին զոհը՝ Խորհրդային Հայաստանի պետական ղեկավարութեան ստալինեան գլխատումին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Աղասի Խանճեան (1901-1936) Առաջին զոհը՝ Խորհրդային Հայաստանի պետական ղեկավարութեան ստալինեան գլխատումին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Յուշատետր

Աղասի Խանճեան (1901-1936)․
Առաջին զոհը՝ Խորհրդային Հայաստանի պետական ղեկավարութեան ստալինեան գլխատումին

Ն. Պէրպէրեան

1920ականներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանման, գերեվարման ու խորհրդայնացման ժամանակաշրջանին, Աղասի Խանջեան պատասխանատու ու վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի ու հայութեան կեանքին մէջ։

Ա. Խանջեան հանդիսացաւ խորհրդահայ քաղաքական ու պետական այն ակնառու գործիչը, որ յանուն խորհրդային կարգերը Հայաստանին ու հայութեան պարտադրելու գաղափարաբանական ցնորքին՝ կոյր մոլուցքով պայքար մղեց Դաշնակցութեամբ ոգեղինացած ազգային մեր հիմնական արժէքներուն դէմ։ Իր այդ մոլորանքին համար Աղասի Խանջեան ծանրագոյն գին վճարեց նոյնինքն խորհրդային Չարիքի Կայսրութեան եւ վաղաժամօրէն հայոց նորագոյն պատմութեան անցաւ՝ իբրեւ առաջին նահատակը հայ պոլշեւիկ-համայնավարներու յեղափոխական յորձանքին, ցմրուր ճաշակելով նոյնինքն խորհրդահայ քաղաքական ու պետական միտքը գլխատելու Ստալինեան եղեռնագործութեան։

Խորհրդային ժամանակներուն իսկ տարածուած եւ ընդունելութիւն գտած էր այն վարկածը, թէ Խանջեան սպաննուեցաւ Ստալինի մութ՝ ներքին գործերու յանձնակատար Բերիայի ձեռամբ։

Այդուհանդերձ այդ շրջանին պաշտօնապէս ընդունուած էր յայտարարել, թէ Աղասի Խանջեան հարցաքննութեան եւ հաւատաքննութեան համար Թիֆլիս կանչուած էր Բերիայի կողմէ, որու գրասենեակին մէջ իբր թէ ատրճանակով ինքնասպանութիւն գործելով՝ վերջ դրած էր իր կեանքին։

Աղասի Խանջեանը սպաննեցի՞ն, թէ՞ ինքնասպան եղաւ հարցը անշուշտ կը ներկայացնէ պատմաքաղաքական կարեւորութիւն։ Բայց յուշատետրի այս օրուան խորհուրդը նուիրուած է նորագոյն մեր պատմութեան Մշակութային Եղեռնը խորհրդանշող Ստալինեան «մաքրագործումներուն», որոնք 1936-1937ին մոլեգնօրէն թափ առին Հայաստանի մէջ եւ գլխատեցին մեր ազգային մտաւորականութիւնը՝ առաջին հերթին գլուխը ուտելով Աղասի Խանջեանի։

Պատմութիւնը արձանագրած է Խանջեանի քաղաքական վախճանին մասին երկու հիմնական իրողութիւն։

Առաջին՝ իբրեւ պոլշեւիկ-կոմունիստի եւ «մարտական» յեղափոխականի հռչակին արժանացած «խորհրդահայ հերոս», 1928ին Խորհրդային Հայաստանի պետական ղեկին տիրանալէ ետք, Աղասի Խանջեան ամբաստանուեցաւ եւ մեղադրուեցաւ իբրեւ ազգայնական քաղաքական գործիչի՝ «դաշնակիստ»ի եւ «Թրոցքիստ»ի ու պաշտօնազրկուեցաւ, յետոյ ալ գնդակահարուեցաւ։

Երկրորդ՝ իր մահէն քսան տարի ետք միայն, 1956ի Յուլիս 17ին, Խրուշչովեան տիրապետութեան օրերուն Խանջեան պաշտօնապէս «արդարացուեցաւ»՝ Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկոմի նախագահութեան որոշումով։

Կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը եւս ի՛ր գնահատականը կատարէ Աղասի Խանջեան հայ գործիչին՝ Հայաստանի եւ հայոց պետականութեան ազգային-քաղաքական արժեչափերուն հիման վրայ իր վճիռը կայացնելով անոր անձին ու գործին թէ՛ բացասական, թէ՛ դրական հաշուեկշռին վերաբերեալ։

Անշո՛ւշտ, Աղասի Խանջեանի ողբերգական վախճանը Ազգի եւ Հայրենիքի համար նահատակուած հերոսի լուսապսակով կը զարդարէ անոր դէմքը։ Մանաւանդ որ 1936-1937ի Ստալինեան «մաքրագործումներուն» զոհաբերուած ու ողբերգական միեւնոյն վախճանին դատապարտուած մեր մեծութիւնները՝ Չարենցն ու Բակունցը, որոշակի առումով նաեւ Մահարին, ոչ միայն վայելեցին Խանջեանի ուղղակի հովանաւորութիւնը, այլեւ իրենց գրաւոր վկայութիւններով օրին իսկ մեծարեցին Հայաստանի խորհրդային իշխանաւորին ազգային վարքագիծն ու ծառայութիւնը։

Այսուհանդերձ՝ արդէն ժամանակն է ամբողջական ճշմարտութեան վերականգնումին եւ վերարժեւորումին, ըսելու համար որ՝ ինչպէս Չարենցները, նոյնպէս եւ Խանջեանները պատանեկան գինովութեամբ տարուեցան պոլշեւիզմի քանդիչ մոլեգնութեամբ, հայոց ազգային սրբութիւնները քարկոծեցին ու ոտնակոխեցին եւ իրենց գաղափարական-քաղաքական խաբուածութեան ու մոլորանքին անդրադարձան շատ ուշ, միայն այն ատեն, երբ արդէն իրենց իսկ գլուխը պահելու դժուարութիւն ունէին, որովհետեւ հրէշներ սնուցած էին մեր երկրի եւ ժողովուրդի ծոցին մէջ…

Աղասի Խանջեան պարզապէս «ըմբոստ էր ու չէր կամենում Ստալին-Բերիա զոյգի հլու կամակատարը լինել»,- ինչպէս նշած է անոր կենսագիրներէն Վահէ Անթանէսեան։

Խանջեան Աղասի Ղեւոնդին ծնած էր 30 Յունուար 1901ին Վան, ուր եւ ստացած էր իր նախնական կրթութիւնը։ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Վանի պարպումէն ետք, Խանջեան ընտանիքը եւս գաղթական տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր Խանջեան յաճախեց ու աւարտեց Թեմական դպրոցը եւ Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանը։

Տակաւին 16 տարեկան, 1917ի Ապրիլին, Աղասի Խանջեան արդէն կլանուած համառուսական յեղափոխութեան արձագանգներով, Ղ. Ղուկասեանի հետ, կը հիմնէր Երեւանի այսպէս կոչուած «երիտասարդ մարքսիստ-ինտերնացիոնալիստների միութիւնը»։

Իսկ 1919ին, նոյն Ղ. Ղուկասեանի եւ Ա. Բուդաղեանի հետ, ան կը հիմնէր «Հայաստանի երիտասարդ կոմունիստների Սպարտակ կազմակերպութիւնը», որ ամիս մը ետք՝ Մայիսին, սկսաւ լոյս ընծայել իր ընդյատակեայ պաշտօնաթերթը՝ «Սպարտակ» անունով։ 1919ի Սեպտեմբերին, հեռակայ կարգով, Աղասի Խանջեան ընտրուեցաւ Կոմունիստական Երիտասարդական Կազմակերպութեան Անդրկովկասի Բիւրոյի անդամ։ 1920ի Յունուարին մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ հայ համայնավարներու ընդյատակեայ առաջին համագումարին, որ հիմնեց Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւնը (Հ.Կ.Կ.) ու որոշեց եւ ծրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը Հայաստանի մէջ։

1920ի Մայիս Մէկի խռովութիւններուն մէջ իր ունեցած աշխոյժ գործունէութեան համար, 1920ի Յուլիսին, Ա. Խանջեան ընտրուեցաւ Հ.Կ.Կ.ի Կենտկոմի անդամ եւ ամիս մը ետք, Օգոստոսին, երբ Հ.Հ. Բիւրօ-կառավարութիւնը խստացուցած էր պոլշեւիկ խռովարարներու դէմ իր դիրքորոշումը, Ա. Խանջեան ձերբակալուեցաւ ու 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, Խանջեան ազատ արձակուեցաւ եւ ընտրուեցաւ Հ.Կ.Կ.ի Երեւանի Կոմիտէի քարտուղար Դեկտեմբեր 1920էն մինչեւ Փետրուար 1921ի համաժողովրդական ապստամբութիւնը, որմէ փախուստ տուած հայ պոլշեւիկներու հետ ինք եւս հեռացաւ Հայաստանէն, եւ ուղարկուեցաւ Մոսկուա, որպէսզի ուսումը շարունակէ Սվերդլովի անուան Կոմունիստական համալսարանին մէջ։

1923-1928 տարիներուն, երբ «ռազմական կոմունիզմ»ը աւեր կը գործէր Հայաստանի տարածքին, Ա. Խանջեան ղեկավար աշխատանքի կոչուած էր Լենինկրատի մէջ։ Բայց Օգոստոս 1928ին, Քրեմլի որոշումով, ան ուղարկուեցաւ Երեւան՝ ստանձնելու համար Հ.Կ.Կ.ի Կենտկոմի երկրորդ քարտուղարի պատասխանատուութիւնը։ 1930ին նշանակուեցաւ առաջին քարտուղար եւ մինչեւ պաշտօնազրկումն ու 9 Յուլիս 1936ի Թիֆլիսի մէջ իր խորհրդաւոր մահը՝ մնաց այդ պաշտօնին վրայ։
Կենսագիրները կը վկայեն, որ Աղասի Խանջեան մտաւորական հարուստ պաշարով եւ ազգային արժէքներու խոր ճանաչողութեամբ շնչող մարդ էր, որ սակայն իր սերնդակից պոլշեւիկ աղանդամոլներու ներշնչումով՝ փանջունիական ոճով յեղափոխական դարձած էր. իր առջեւ բաց գտած դուռն անգամ կոտրելով մուտք կ՚ուզէր գործել, որպէսզի նորն ու գալիքը սկիզբէն կերտելու ինքնավստահութեամբ յագենար եւ միեւնոյն ինքնավստահութեամբ խանդավառէր «Ամբոխները խելագարուած»…

Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ պետական յեղաշրջումի ու խորհրդայնացման դրօշակիրներէն եղաւ Խանջեան, որ թուրք-ազերիին մէջ աւելի հոգեհարազատ կուսակից տեսաւ, քան Հայաստանի անկախութիւնը կերտած դաշնակցականին մէջ։

Միաժամանակ Խանջեան յառաջամարտիկներէն մէկը եղաւ նոր ժամանակներու Հայը «կերտել»ու պոլշեւիկեան ցնորքին։
Ան ծանրագոյն սխալը գործեց, երբ այլապէս եւ ըստ ամենայնի արդարանալի իր այդ ինքնորոնումին մարմնաւորումը ուզեց անպայման տեսնել… պոլշեւիզմին մէջ։

Նոր ժամանակներ մուտք գործելու համար, թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական արհաւիրքէն վերականգնած Հայը իրապէս պէտք ունէր համամարդկային մեծ ներշնչումով թռիչքի, որուն թեւերը սակայն Մարքսն ու Էնգելսը չէին կրնար ըլլալ, իսկ գլուխը չէր կրնար ըլլալ, մանաւան՛դ, այսպէս կոչուած «ընկեր Լենին»ը… ո՜ւր մնաց «հայր Ստալին»ը։

Աղասի Խանջեան, ինչպէս եւ Եղիշէ Չարենց, իրենց կեանքի գնով ծանրագոյն գինը վճարեցին գաղափարական այդ մոլորութեան։
Ոգեկոչելով յիշատակը «Ստալինեան մաքրագործումներու» առաջին հայ զոհը հանդիսացող՝ Խորհրդային Հայաստանի ատենի Կոմկուսի Առաջին Քարտուղար Աղասի Խանջեանին, հայոց սերունդներուն մենք պարտք ենք յուշելու պատգամը Հայաստանի անկախութիւնը կերտած սերունդներուն, որոնք պոլշեւիզմին մէջ տեսան անցողիկ փորձանք մը եւ Խանջեաններու մոլորանքին նկատմամբ հայու բարութեամբ շարունակ յորդորեցին, որ վարչակարգները կու գան ու կ՚երթան, մնայուն են միայն հայրենիքները։

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail