ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Բայց չգտայ դեռ քու ճամբադ, Հայաստա՛ն
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Բայց չգտայ դեռ քու ճամբադ, Հայաստա՛ն»
31 Յունուար 2020
Օտար բոլոր ճամբաներէն քալեցի,
Չհարցուցի, թէ ո՜ւր կու գան, ո՜ւր կ՚երթան.
Յաճախ փուշեր, երբեմն ալ վարդ քաղեցի,
Բայց չգտայ դեռ քու ճամբադ, Հայաստա՛ն։
Օտար բոլոր աղբիւրներէն խմեցի,
Չհարցուցի, թէ ջուրերն ո՜ւր կը փութան.
Սրտիս կսկիծն անոնց ցօղով մեղմեցի,
Բայց չգտայ դեռ քու աղբիւրդ, Հայաստա՛ն։
Օտար բոլոր գիրքերն ամբողջ կարդացի,
Չհարցուցի, թէ ի՜նչ կ՚առնեն, ի՜նչ կու տան.
Զանոնք փակած, մերթ լացի, մե՜րթ խնդացի,
Բայց քեզ երբեք չկարդացի, Հայաստա՛ն։
Օտար բոլոր վիշտերն ինձ մոտ զգացի,
Չհարցուցի, թէ մերթ ինչո՛ւ կը կոտտան,
Մոռցայ զանոնք, կամ մէկ օր լոկ սգացի,
Բայց չմոռցայ քու վիշտդ, անգի՛ն Հայաստան։
Ահարոն Տատուրեան – «Հին կարօտ»
*
* *
Բարի լոյս՝ մեր մտքին ու սրտին խորը ՀԱՅԱՍՏԱՆը միշտ փնտռելու
ՀԱՅՐԵՆԱԲԱՂՁՈՒԹԵԱՆ ներշնչումով։
Բարի լոյս՝ հայոց իրերայաջորդ սերունդներուն հոգեմտաւոր ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ու ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ կիզակէտը կազմող Հայաստանը անխոնջ որոնելու եւ գտնելու, այլեւ երբեք չկորսնցնելու պայծառատեսութեամբ։
«Հին Կարօտ»ի քնարականութեամբ Հայաստանը որոնելու եւ Հայաստանով լիանալու այսօրուան խոկումին պատգամաբերն է տաղանդաւոր բանաստեղծ Ահարոն Տատուրեան (1886/7-1965), որուն մահուան տարելիցը կ՚ոգեկոչենք 31 Յունուարի այս օրը։
Որոշապէս հայրենի հողէն տարագրուած՝ Հայաստանէն ՊՈԿՈՒԱԾ ու աշխարհով մէկ ՑՐԻՒ ԵԿԱԾ յետ-Եղեռնեան հայութեան հայրենաբաղձութիւնը երգող սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչն է Ա․ Տատուրեան։
Հայաստանը ԱՄԷՆՈՒՐ եւ ԱՄԷՆ ՔԱՅԼԱՓՈԽի որոնելու Տատուրեանի երգը միաժամանակ կը պատկանի ԱՄԷՆ ՀԱՅու եւ ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ այսօր աղօթք ու մաղթանք է հայոց շրթներուն՝ Ոչ միայն սփիւռքեան ափերու վրայ, այլեւ նոյնինքն հայրենիքի մէջ, որովհետեւ Ազգի ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ եւ Հայրենիքի ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ գաղտնիքը կը գտնուի Հայաստանը փնտռելով ազգային մեր ինքնութիւնը ԱՄՐԱԿԱՅԵԼՈՒ մշտանորոգ ոգորումին մէջ։
Բարի լոյս՝ Հայու Հոգիին խորը գահակալ բազմած Հայաստանին։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի անկախութեան, ազատութեան եւ արդարութեան առջեւ ինքնահաւատարմութեամբ ծնրադրելու եւ ինքնամաքրման յանձնառութեամբ նոր օր սկսելու ջերմեռանդութեամբ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ