ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Յառաջդիմական «դաստիարակութիւնը քաղաքակրթուիլ ուզող ազգի համար կենաց եւ մահու խնդիր մ՚է»
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
Յառաջդիմական «դաստիարակութիւնը
քաղաքակրթուիլ ուզող ազգի համար
կենաց եւ մահու խնդիր մ՚է»
10 Փետրուար 2020
․․․Գուցէ ոմանք կարծեն, թէ աղջկանց դաստիարակութիւնը կարեւոր չենք համարեր, որովհետեւ մինչեւ ցարդ չյիշեցինք, բայց ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ ասիկա, որ բոլոր քաղաքակրթութեան հիմքն է։ Օրիորդները կարդալ գրել գիտնալու են այն բարոյական դաստիարակութիւնն ստանալու համար՝ որ մօր մը անհրաժեշտ կերպով հարկաւոր է։
Ճշդիւ չենք կրնար գիտնալ, թէ քանի՜ հատ աղջկանց դպրոց ունինք, բայց ընդհանուր կերպով կրնանք ըսել, թէ գաւառաց մէջ տակաւին աղջկանց դաստիարակութիւն չկայ, իսկ Կոնստանդնուպոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ ալ առ առաւելն հազիւ թէ հարիւրին քսանը կարդալ գրել գիտեն, առանց ունենալու այն կրթութիւնը (միշտ ընդհանրապէս կը խօսինք), որով միայն օրիորդ մը իրաւամբ դաստիարակեալ ըսուելու արժանի կրնայ ըլլալ։
Կը տեսնուի ուրեմն, որ այս մասին ալ շատ յառաջ գացած չենք, եւ առանց չափազանցութեան կրնանք ըսել, թէ աղջկանց դաստիարակութիւնը դեռ նոր պիտի հաստատուի, եւ այս ալ ազգայնոց անդուլ ջանիցը կը կարօտի՝ բաղձացեալ արգասիքն յերեւան ածելու համար։
Մեր պարտաւորութիւնն է առ այժմ ցոյց տալ, թէ աղջկանց դաստիարակութեան համար նախ դաստիարակուհիներ պէտք են, զոր տակաւին չունին, եւ ամէնէն առաջ ասոր ճարը մտածելու է․ եւ երկրորդ՝ ամէն տեղեր մասնաւոր վարժարաններ բանալու է։
․․․Ուստի ազգային յառաջդիմութեան ի սրտէ ցանկացողները պէտք է որ ամէն բանէ առաջ իրենց ուշադրութիւնը դաստիարակութեան կանոնաւոր դրութիւն մը հաստատելու նուիրեն, առանց որոյ անհնար է չըսենք յառաջդիմութիւն ընել՝ այլ ազգ մը քաղաքակրթել։
Դաստիարակութիւնը տարածելու համար որչափ զոհողութիւն որ ալ ընենք դարձեալ քիչ է, ըստ որում անհուն ասպարէզ մը կայ առջեւնիս, ուր ոչ միայն պէտք եղած նիւթերը կը պակսին, այլ եւ ամէն բան գրեթէ նոր ի նորոյ ստեղծելու է։
Այսպէս իմանալու է նաեւ ազգային ուրիշ պիտոյից համար․ բայց բաներ կան, որ կրնան ետ ձգուիլ, իսկ դաստիարակութիւնը չի կրնար ետ ձգուիլ, որովհետեւ քաղաքակրթուիլ ուզող ազգի համար կենաց եւ մահու խնդիր մ՚է այն։
(Կ․ Ս․ Իւթիւճեան, «Մասիս», 17 Ապրիլ 1865)
*
* *
1860ականներուն Պոլսոյ մեծահռչակ «Մասիս» թերթի էջերուն հրատարակուած յօդուածէ մը քաղուած վերեւի խորհրդածութիւնը կը պատկանի Փետրուար 10ի այս օրը վախճանած Կարապետ Ս․ Իւթիւճեանի (Ութուճեան, 1823-1904), որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայկական հրապարակագրութեան ռահվիրաներէն՝ 19րդ դարու հայոց ազգային զարթօնքին արժանաւոր ջահակիրներէն մէկը։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ հայութեան հազարամեակներու երթը իրենց մտքի ու հոգիի ճառագայթումով հունաւորած ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ հայոց հոգեմտաւոր լուսաւորութեան եւ հայ ազգի հասարակական դաստիարակութեան գործին ու առաքելութեան զինուորագրուելու հրաւէրով։
Կարապետ Իւթիւճեանի կեանքին, գործին ու վաստակին հակիրճ անդրադարձած մը կարելի է գտնել յուշատետրի փոստով․ այստեղ խոկումի կիզակէտին արժանի է հայ կնոջ եւ ընդհանրապէս հայ հասարակութեան ազգային յառաջդիմական դաստիարակութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու Իւթիւճեանի ՊԱՏԳԱՄը։
Բարի լոյս՝ բոլոր պատգամաբերներուն, որոնք յառաջդիմական դաստիարակութիւնը ԿԵՆԱՑ ՈՒ ՄԱՀՈՒ ԽՆԴԻՐ կը հռչակեն «քաղաքակրթուիլ ուզող ազգի մը համար»։
Իւթիւճեանի ջատագոված լիարժէք հայ դպրոցն ու մամուլը այսօր եւս յենասիւնները կը հանդիսանան ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ԲՈՎԷՆ ԱՆՑՆՈՂ Հայաստանի ու հայութեան վերանորոգումին՝ ընդդէմ գաղափարական մեղկութեան եւ մորթապաշտ համակերպումին, ընդդէմ բարքերու խաթարման եւ արժէքներու այլասերման, այլեւ ու մանաւանդ՝ յանուն Ազգի ու Հայրենիքի ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻՆ եւ ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ։
Բարի լոյս՝ «աղջկանց դաստիարակութիւնը․․․ բոլոր քաղաքակրթութեան հիմքն է» պատգամով ազգովին մեզ արդի դարաշրջան մուտք գործելու պատրաստած գաղափարի մշակներուն։
Բարի լոյս՝ ազգային կամ պետական վարժարաններու կողքին նաեւ մասնաւոր վարժարաններ կեանքի կոչելու եւ մրցակցութեան ճամբով կրթութեան ընդհանուր որակը բարելաւելու նախանձախնդրութեան։
Իւթիճեան պահպանողական մտածողութեան գաղափարախօս էր, բայց ատիկա բնաւ արգելք չեղաւ հայ ազգային արժէքային համակարգը ԱՐԴԻԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ շունչով եւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ տեսլականով վերաթարմացնելու Իւթիւճեանի անկաշառ ոգորումին։
Բարի լոյս՝ գաղափարական բոլոր ուղղութիւններով հանդերձ դէպի ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ կերտումը յառաջանալու հայոց վերանորոգ յաղթարշաւին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ