Ազրպէյճան Մերժած Է Կատարել Եւրոպական Խորհուրդին Պահանջները

Ազրպէյճան Մերժած Է Կատարել Եւրոպական Խորհուրդին Պահանջները

12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ»»»

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն մերժած է կատարել Եւրոպական խորհուրդի պահանջները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը:

Ալիեւի խօսքով` որոշ միջազգային կազմակերպութիւններ կանխակալութեամբ կը գնահատեն Ազրպէյճանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքը, եւ «երբեմն բացասական եզրակացութիւնները կը պատրաստուին քուէարկութենէն առաջ»:

Անոր համաձայն, Եւրոպական խորհուրդին կողմէ այդպիսի վերաբերմունքի վերջին դրսեւորումը եղաւ «Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն առնչուող տեղեկատուութեան մասին գործի» բանաձեւը:

Ալիեւ այդ փաստաթուղթի որդեգրումը որակած է կոպտագոյն միջամտութիւն` ընտրութիւններուն: «Մենք կը մերժենք մեզի դէմ առաջադրուած բոլոր մեղադրանքները եւ պիտի չկատարենք այսպէս կոչուած պահանջները, որոնք դրուած են մեր առջեւ», ընդգծած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի յունուարեան բանաձեւը Պաքուէն պահանջած էր «յուսալիօրէն եւ ամբողջ ծաւալով» լուծել քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրները:

Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի համար այդ փաստաթուղթը ընդամէնը թուղթի կտոր է:

«Թուրան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` յայտնելով, որ կը կիսէ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին մտահոգութիւնները` Ազրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ, որոնք անցած են սահմանափակ օրէնսդրական եւ քաղաքական միջավայրի մէջ, ինչ որ խանգարած է իրական մրցակցութիւնը:

«Այս ընտրութիւնները տեղի ունեցած են մամուլի եւ հաւաքներու ազատութեան սահմանափակումներով», ըսուած է դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ Ազրպէյճան խոստացած է որքան կարելի է շուտ ուսումնասիրել ընտրական հոլովոյթին մէջ արձանագրուած խախտումները:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

www.aztagdaily.com/archives/464479

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail