ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Արցախը Հայաստանին միացնելու Լ.Ղ.Ի.Մ.ի պատմական դիմումը եւ Արցախեան ազատագրական Շարժումին երեւանեան առաջին մեծ ցոյցը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Արցախը Հայաստանին միացնելու Լ.Ղ.Ի.Մ.ի պատմական դիմումը եւ Արցախեան ազատագրական Շարժումին երեւանեան առաջին մեծ ցոյցը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

20 Փետրուար 1988.

Արցախը Հայաստանին միացնելու Լ.Ղ.Ի.Մ.ի պատմական դիմումը եւ Արցախեան ազատագրական Շարժումին երեւանեան առաջին մեծ ցոյցը

Ն. Պէրպէրեան

Փետրուար 20ի այս օրը, 32 տարի առաջ, իրաւա՛մբ եւ ըստ ամենայնի՛ վերածնունդի պատմական դարձակէտ մը նուաճեցինք հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ։

Ինչպէս որ արցախեան «Ապառաժ» թերթը 2018ի Փետրուար 20ի թուակիր իր կայքէջով կը յիշեցնէր՝
«1988ի Փետրուարի 20ին Ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական շարժումը Արցախից հասաւ Երեւան. Թատերական հրապարակում հազարաւոր մարդկանց մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առաջին հանրահաւաքը: Այն դարձաւ Արցախեան Շարժման հաւաքների վայրը՝ հետագայում անուանափոխուելով Ազատութեան հրապարակի։

«Հրապարակն անկախ Հայաստանի հետագայ տասնամեակներին երբեք այդքան մարդաշատ չի եղել։ «Արցախը Հայաստանի անբաժանելի մասն է», «Կեցցէ՛ այն Հայաստանը, որը վաղն է գալու».- հանրահաւաքների ընթացքում հնչող ելոյթներն ու մասնակիցների պարզած պաստառների գրութիւնները հետագայում դարձան շարժման պատմութիւնը խտացնող խօսքեր սերունդների համար:

«Ցոյցերի աւանդական վայր դարձաւ նաեւ Մատենադարանին յարող տարածքը։

«1988ի Փետրուարի 20ին Լ.Ղ.Ի.Մ.ի Ժողովրդական Պատգամաւորների Խորհրդի արտահերթ նստաշրջանը որոշում կայացրեց՝ դիմելով Ադրբեջանի Գերագոյն Խորհրդին, նրա կազմից դուրս գալու մասին, եւ Հայաստանի Գերագոյն Խորհրդին՝ իր կազմում ընդգրկելու վերաբերեալ, իսկ Խ.Ս.Հ.Մ.ին՝ այդ խնդրանքը բաւարարելու կոչով, հիմնուած՝ Խ.Ս.Հ.Մ. նման տիպի վիճայարոյց հարցերի լուծման համար նախատեսուած բոլոր իրաւական նորմերի ու նախադէպերի վրայ:

«Սակայն ժողովրդավարական կամարտայայտման ու ամէն ինչ քաղաքակիրթ ճանապարհով տանելու իւրաքանչիւր քայլին յաջորդեց հայ բնակչութեան դէմ ուղղուած բռնութեան ալիքը, հայ ժողովրդի իրաւունքների համատարած ոտնահարումը, ժողովրդագրական էքսպանսիան (ծաւալողականութիւնը), տնտեսական շրջափակումը եւ այլն: Սկսուեցին Լ.Ղ.Ի.Մ.ից հարիւրաւոր կիլոմետրերի հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ադրբեջանի քաղաքների՝ Սումգայիթի, Բաքուի, Կիրովոբադի, Շամխորի հայ բնակչութեան ջարդերն ու զանգուածային սպանութիւնները, արդիւնքում՝ հարիւրաւոր մարդիկ զոհուեցին ու վիրաւորուեցին: Ադրբեջանի քաղաքաների եւ գիւղերի մօտ 450 հազար հայ բակիչ փախստականներ դարձան»:

Այդպէ՛ս, Փետրուարի այս օրերուն, Ստեփանակերտէն մինչեւ հայաշխարհի հեռաւոր ափերը, մեր ժողովուրդը դարձեալ կը տօնէ տարեդարձը Արցախեան Շարժումի հերոսական շղթայազերծումին։

Կը տօնէ՝

– թէ՛ Արցախի հայութեան իրաւունքները, թէ՛ նոյնինքն Արցախի հայապատկան ինքնիշխանութիւնն ու գերիշխանութիւնը սեփական ուժերով վերականգնած Ազգի ինքնավստահութեամբ,

– թէ՛ իրեն պարտադրուած անհաւասար ուժերով պատերազմէն յաղթական դուրս եկած հերոսատիպ Ժողովուրդի հպարտութեամբ,

– թէ՛ հազարաւոր նուիրեալներու գերագոյն անձնազոհութեամբ յառաջ մղուած Արցախեան պահանջատիրական Շարժումը շարունակելու, Արցախի անկախացումը Հայաստանի հետ միացման ճամբով ամբողջական ազատագրութեամբ պսակելու Պետականատէր Ազգի հաստատակամութեամբ։

Պատմութիւնը արձանագրեց, որ 1988 թուականի Փետրուար 20ին, այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ կարգավիճակով Խորհրդային Միութեան մաս կազմող, բայց ստալինեան հրահանգով ատրպէյճանական ուղղակի հակակշռի տակ դրուած հայոց հայրենի Արցախին վերատիրանալու համար, Երեւանի սրտին ի մի եկած հարիւր-հազարներով ցուցարարներուն հետ՝ համայն հայութիւնը ծառացաւ հայրենական Արցախին պարտադրուած ստոյգ կործանման վտանգին դէմ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Պատմակերտ նոյն այդ օրը, «արտայայտելով ժողովրդին կամքը` Լ.Ղ.Ի.Մ. Մարզխորհրդի 20րդ գումարման արտահերթ նստաշրջանը ընդունեց պատմական որոշում, որով ազդարարուեցաւ իր ճակատագիրը տնօրինելու արցախահայութեան վճռակամութիւնը»:

Պատմական այդ որոշումին հետեւեցան օրհասական պայքարի արիւնալի տարիներ, որոնք յատկանշուեցան մէկ կողմէ ատրպէյճանցի փան-թուրքականներու գործադրած հայասպանական ոճիրներով եւ Արցախի հայաթափման գործողութիւններով, իսկ միւս կողմէ՝ համաթրքական այդ մոլեգնութեան ֆետայաբար դիմադրող, թշնամին պարտութեան մատնող եւ հայ ազգային-ազատագրական կռուի շղթայազերծման յաղթական խոյանքի հերոսապատումով։

Արցախեան Շարժումին շղթայազերծումը իր յաղթական պսակումին արժանացաւ 1991 թուականի Դեկտեմբեր 10ի հանրաքուէով, երբ «Արցախի ժողովուրդը ամրագրեց ինքնորոշման իր ճանաչուած իրաւունքը` հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` որպէս ազատ, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն»:

Փետրուար 1988ի օրհնաբեր այդ օրերէն ասդին 32 տարիներ թաւալած են եւ, Արցախի հետ, ողջ Հայաստանն ու հայութիւնը ազգային վերականգնումի ու ինքնահաստատման Ուղին հարթած են։ Վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Հռչակուած ու կայացած է ազատ ու անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ շարունակելով անվեհեր պայքարը յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ վերամիացման։

Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն փուլին շնորհիւ, իրողապէս նուաճուած է հայկական Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։

Հաստատագրուած ու արմատաւորուած է Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ապահովուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անոր ցամաքային անարգել երթեւեկի՝ իրողակա՛ն միացման կապը։

Թէեւ ազատագրեալ տարածքներու մեծ մասը տակաւին սուր կարիքը ունի վերանորոգման, վերաբնակեցման ու զարգացման, այսուհանդերձ՝ Արցախը հաստատուն քայլերով կ՚առաջանայ պետական շինարարութեան, տնտեսական եւ հասարակական ընդհանուր վերականգնման ուղղութեամբ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Ցեղասպանական «մաքրազտման», տեղահանութեան, աւերման ու աւարման ծանրագոյն հարուածներ եւ վտանգներ դիմագրաւելու, պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակելու եւ մոլեգնած ոսոխին զինադադար պարտադրելու աւելի քան երեք տասնամեակ ապրեցաւ ապստամբ, այլեւ հերոսական Արցախը։

Մեծ զրկանքներու եւ գերագոյն զոհաբերութեան գնով Արցախի հայութիւնը Ուղի հարթեց, եւ ոչ միայն արցախցիին համար։

Որքան պատերազմի ժամանակաշրջանը, նոյնքան զինադադարի եւ խաղաղութեան տարիները դժուար եղան։ Արտաքին ու թշնամական ճնշումները հետեւողականօրէն փորձեցին, յանուն Արցախեան Հարցի բանակցային կարգաւորման, Արցախի հայութեան պարտադրել, որ արեան գնով ազատագրուած Արցախը վերստին ենթարկուի Ատրպէյճանի տիրակալութեան։

32 տարի առաջ, Փետրուարի 13էն սկսեալ, ժողովրդային հաւաքներով ու երթերով՝ Մայր Հայաստանին միանալու պահանջով ոտքի ելաւ Արցախի հայութիւնը, եւ անոր հետ ողջ հայաշխարհը։ Իսկ այսօր, Ստեփանակերտէն թափ առած Միացման Շարժումէն 32 տարի ետք, ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին արդէն կազմաւորուած է եւ ազգային-հաւաքական մեր յաղթարշաւը յառաջ կը մղէ ազատամարտիկներու պետականակերտ նոր Սերունդ, որ չունի իր նախորդներուն ատրպէյճանական լուծի տակ ապրուած դառն ու դաժան ժամանակներու յիշողութիւնը։

Աւելի՛ն. ազատ ու անկախ Արցախի ծնունդ եւ պահապան այդ Սերունդը ամբողջապէ՛ս ունի խոր գիտակցութիւնը իր ժառանգած մեծագոյն հարստութեան, որ սեփական ազգին ու հայրենիքին՝ հայ ժողովուրդին ու Հայաստան Աշխարհին անբաժան մասը կազմելու, իրաւատէր հայութեան ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքին ամրագրումն է։

Մանաւանդ որ այդ ժառանգութեան նուաճումին համար, ծանրագոյն գին վճարուած է սեփական ընտանիքէն հարազատի կորուստով, որբացումով եւ հաշմանդամութեամբ…

Արցախեան Շարժումին պատմակերտ աւանդին ընդհանուր արժեւորման նուիրուած որեւէ անդրադարձ անպայման իր հետ կը բանայ, նաեւ ու մանաւա՛նդ, հայ քաղաքական մտքի ջրբաժանը հանդիսացող հայ ազգային պահանջատիրութեան ու Հայ Դատի մեր ժամանակներու ռազմավարութեան կիզակէտին՝ Արցախեան արեւելումին նորովի արժեւորման մեծադիր հարցը։

Նախ յանուն պատմական ճշմարտութեան պէտք է ընդգծել, որ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու գլխաւոր պահանջին ու առաջադրանքին շուրջ միասնական դիրքորոշում ունենալով հանդերձ՝ հայ քաղաքական միտքը, շարժման առաջին իսկ պոռթկումի օրերէն, տարակարծիք եղաւ պայքարի յարմարագոյն ռազմավարութիւնը որդեգրելու հարցին շուրջ։

Սկիզբը՝ զինեալ ինքնապաշտպանութեան դիմելու եւ ազգային-ազատագրական պայքար շղթայազերծելու անհրաժեշտութեան շուրջ թեր ու դէմ տեսակէտներու եւ տարակարծութիւններու արծարծումով ծաւալեցաւ բանավէճը։ Իսկ ժամանակի թաւալումին եւ հայկական-ատրպէյճանական հակամարտութեան շիկացման ու բարդացման հետ՝ ջրբաժան առաջացաւ մէկ կողմէ այսպէս կոչուած մեծապետական «խաղականոններուն» հետ քայլ պահելու «իրատեսութեան», իսկ միւս կողմէ՝ ազատագրուած հայրենականը ամէն գնով պահպանելու «ծայրայեղական» որակուած, բայց էապէ՛ս յեղափոխական արեւելումին միջեւ։

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ

Արցախեան Շարժումի շրջադարձային բոլոր փուլերուն կրնկակոխ հետեւեցաւ հայ քաղաքական մտքի ներքին այս բեւեռացումը, ի վերջոյ 1997ին յանգելու համար Հ.Հ. անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն» ձեւակերպումով յայտնի երկփեղկումին։ Թէեւ օրին անփառունակ պարտութեան մատնուեցաւ համակերպումի եւ ձեռնթափութեան ուղի առաջադրող այդ մոլորանքը՝ խաղաղ իշխանափոխութեան ճանապարհով, բայց Արցախեան Հարցի կարգաւորման յարմարագոյն ուղին ճշդորոշելու եւ որդեգրելու ռազմավարական մեծ խնդիրը կազմեց ու մնաց կիզակէտը հայ քաղաքական մտքի Արցախեան Պահանջատիրութեան երեսնամեայ երթին։

Աւելի՛ն. Արցախեան Շարժումի 32ամեայ ոգորումներուն ճամբով հայ քաղաքական միտքը բիւրեղացուց եւ արմատաւորեց հայրենի հողի նոյնիսկ մէկ թիզին պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու ռազմավարական առաջնահերթութիւնը։

Եւ որքան ժամանակը թաւալեցաւ ու ատրպէյճանական սպառնալիքները յանգեցան ամէնօրեայ ոտնձգութեանց վտանգին, այնքան հայ քաղաքական միտքը իր բոլոր թեւերով ու հատուածներով միահամուռ տէր կանգնեցաւ Արցախի պաշտպանութեան արեւելումին։

Յատկապէս 2016ի Ապրիլին ատրպէյճանական յանկարծակի՝ անակնկալ հարուածող անարգ գրոհէն, անզէն ու խաղաղ հայ մարդոց խողխողումէն եւ արցախեան հողի – նոյնիսկ «մէկ բուռ հողի»՝ ինչպէս որ օրին յայտարարեց չքմեղանք փնտռող Հ․Հ․ ատենի նախագահ Սերժ Սարգսեան – բռնագրաւումէն ետք, հայ ժողովուրդը ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ յանուն Արցախի ե՛ւ ժողովուրդին, ե՛ւ սրբացուած հողին պաշտպանութեան բոլոր կռուաններուն ամէն գնով ամրապնդումին։

Արցախեան Շարժումին կարեւորագոյն պարգեւը ա՛յս յաղթանակն է անկասկած, որ իրաւատէր հայութիւնը տարաւ իր ներսիդին ծուարած համակերպումի ու պարտուողական «իրատեսութեան» դէմ։

Ժամանակը, փաստօրէն, հիմնովին սրբագրեց ութսունականներու վերջերէն եկած խարխափումի ամէն կարգի տարազումներն ու բեւեռացման եզրերը։

Բիւրեղացաւ հայ քաղաքական մտքի պահանջատիրական կողմնորոշումը, որուն հետ նաեւ պետական այն մտածողութիւնը, թէ Արցախեան Հարցի բանակցային եւ արդար կարգաւորման ուղին կ՚անցնի իրապէ՛ս փոխ-զիջումներու եւ ոչ թէ միայն հայկական կողմի զիջումներու կածաններէն։

Ազատագրեալ Արցախին ազգովին եւ պետականօրէն տէր կանգնելու, դէպի Հայ Դատի պայքարին ամբողջական յաղթանակը յառաջանալու ռազմավարական այս արեւելումին հունաւորումն ու արմատաւորումը կը յուշէ Արցախեան Շարժումի հերոսական շղթայազերծման տարեդարձը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail