Սուրիական Աղբիւրները Անժխտելիօրէն Կը վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմական Իրողութեան Մասին

Սուրիական Աղբիւրները Անժխտելիօրէն Կը վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմական Իրողութեան Մասին

21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ: ««Օսմանյան կայսրությունում հայերի տեղահանության և կոտորածների դատավարություններն»»

GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս առիթով «Գանձասար» շաբաթաթերթը  հարցազրոյցը ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիական – Հայաստանեան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.

«Գանձասար»- Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը նախապէս ալ արծարծուած էր Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս, այս անգամ, սակայն, խորհրդարանը քայլ մըն ալ առաջ երթալով ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող որոշում գոյացուց: Ինչպիսի՞ զարգացումներու հետեւանքով այս յառաջընթացը արձանագրուեցաւ:

Նորա Արիսեան- Նախքան 13 Փետրուար 2020-ի Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին օրակարգի վրայ տեղ գտնելը, 20 Յունուար 2020-ին, Սուրիական-Հայաստանեան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնաժողովը, որ հեղինակն է ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծին, գումարեց իր արտակարգ նիստը, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լայն քննարկման առարկայ դարձաւ: Այնուհետեւ, յանձնաժողովը նիստին տեղեկագիրը ներկայացուց խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի խորհրդարանական ժողովի օրակարգի կէտ դառնայ ան: Պէտք է ընդգծել, որ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, խորհրդարանը յատուկ նիստ տրամադրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի քննարկման: Միւս կողմէ, սոյն նստաշրջանին, տարբեր առիթներով, կարգ մը երեսփոխաններ դատապարտման հարցին արձագանգած էին:

«Գ.»- Դուք, ձեր մասնագիտութեան բերումով, ուսումնասիրած էք Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող Սուրիոյ վաւերագրական արխիւները, մամուլը, սուրիացի մտաւորականներու վկայութիւնները եւ այլն: Այդ բոլորը ինչպիսի՞ արժէք կը ներկայացնեն:

Ն.Ա.- Կը խորհիմ, որ գիտահետազօտական աշխատանքները մեծ դեր ունին հարցերու օրինականացման առումով, մանաւանդ սուրիական աղբիւրները, որոնք անժխտելիօրէն կը վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին: Քննարկման ընթացքին անհրաժեշտ էր ներկայացնել սուրիական աղբիւրներ, որոնք արդէն իսկ բազմաթիւ վկայութիւններ կը պարունակեն: Վկայութիւններ, որոնք հիմք հանդիսացան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւին, որուն մասին աւելի քան մէկ ժամ տեւած ելոյթներով արտայայտուեցան սուրիացի երեսփոխաններ:

«Գ.»- Սուրիոյ խորհրդարանի ճանաչումը կը տարբերի այլ երկիրներու խորհրդարաններու ճանաչումէն, որովհետեւ Սուրիան ու անոր ժողովուրդը վկան են նաեւ ցեղասպանութեան: Աւելի քան 105 տարի անց, երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ, ինչ ուղերձներ կը պարունակէ այս ճանաչումը միջազգային ընտանիքին:

Ն.Ա.- Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ’օգտագործուի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառեզրը եւ զայն դատապարտելու ու ճանչնալու հանգամանքը: Կարեւոր հնչեղութիւն ունեցաւ նաեւ բանաձեւին մէջ Խորհրդարանին կոչը ուղղուած աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ ճանչնալու եւ դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բանաձեւը կը պարունակէ մարդկային, քաղաքական եւ իրաւական ուղերձներ:

ARMENIAN GENOCIDE – genocide erzeroum 1895
GENOCIDE-© PHOTO – ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM INSTITUTE
ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

yerakouyn.com/2020/02/21/սուրիական-աղբիւրները-անժխտելիօրէն-կ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail