ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ –ԳՐԻԳՈՐ ԳՈՒՐԶԱԴԵԱՆ (Հոկտեմբեր 15, 1922, Պաղտատ, Իրաք – Փետրուար 22, 2014, Երեւան, Հայաստան)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
ԳՐԻԳՈՐ ԳՈՒՐԶԱԴԵԱՆ (Հոկտեմբեր 15, 1922, Պաղտատ, Իրաք – Փետրուար 22, 2014, Երեւան, Հայաստան)․
«Տիեզերքը ափի մէջ» վերծանող աշխարհահռչակ հայ գիտնականը
Գրիգոր Արամի Գուրզադեան ականաւոր հայ գիտնական է, բնագէտ-աստղագէտ, ակնարկագիր-իմաստասէր եւ գեղանկարիչ է։ Եղաւ Հ․Հ․ Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի ակադեմական, Հ․Հ․ Գրողների Միութեան եւ Հայաստանի Նկարիչների Միութեան անդամ։
Գրիգոր Գուրզադեան ծնած է Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ։ Ծնողները 1915ին մազապուրծ փրկուած են Մեծ Եղեռնէն։
1944ին երիտասարդ ուսանող՝ Գուրզադեան աւարտած է Երեւանի պոլիտեխնիկական (ճարտարագիտական) ինստիտուտի (ԵրՊԻ) հիդրոտեխնիկական եւ շինարարական ֆակուլտետները։ Նոյն տարին ընդունուած է թեկնածուականի (ասպիրանտուրա)։
1948ին, Վ․ Հ․ Համբարձումեանի ղեկավարութեամբ, 26 տարեկան հասակին, Գր․ Գուրզադեան Մոսկուայի Պետական Համալսարանին մէջ պաշտպանած է թեկնածուական աւարտաճառը՝ «Միջաստղային գազային նիւթի ճառագայթային հաւասարակշռութիւնը» նիւթով։ Վիկտոր Համբարձումեանի հետ երկար տարիներ աշխատած է Բիւրականի Աստղադիտարանին մէջ (Բ․Ա․)՝ անոր հիմնադրումէն ի վեր, եւ ըստ էութեան եղած է Բ․Ա․ի հիմնադիր կազմի գլխաւոր անձերէն մէկը։
1955ին (33 տարեկանին) Լենինգրադի Պետական Համալսարանին մէջ պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը։
1950-1966 թուականներուն ղեկավարած է Բ․Ա․ի Աստղերի եւ Միգամածութիւնների Ֆիզիկայի Բաժինը։
1967-1973 թուականներուն՝ Տիեզերական Հետազօտութիւնների մասնաճիւղը։
1973-1978ին ղեկավարած է Գառնիի Աստղագիտութեան Լաբորատորիան։
1978-1992 թուականներուն եղած է Բ․Ա․ի Արտամթնոլորտային Աստղագիտութեան Լաբորատորիայի վարիչ։
1979 թուականէն ետք՝ ԵրՊԻ Տիեզերական Սարքաշինութեան ամբիոնի վարիչ։
1992-2004ին՝ Գառնիի Տիեզերական Աստղագիտութեան Ինստիտուտի տնօրէն։
1962ին արժանացած է պրոֆեսորի կոչման։
1965ին ընտրուած է Հ․Ս․Ս․Հ․ Գ․Ա․ թղթակից-անդամ։
1986 թուականին՝ Հ․Ս․Ս․Հ․ Գ․Ա․ իսկական անդամ։
ԳԻՏԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ
Հրատարակած է աւելի քան 200 գիտական յօդուած եւ մէկ տասնեակ ստուարածաւալ մենագրությիւններ՝ նուիրուած աստղաբնագիտութեան հիմնախնդիրներուն։ Հրատարակուած՝ աշխարհի մեծ հրատարակչատուններու կողմէ, անոր գիրքերով կրթուած են մասնագէտներու ամբողջ սերունդներ։
Ուսումնասիրած է մոլորակաձեւ միգամածութիւններու բնագիտութիւնը եւ dynamicsը՝ դեռեւս 1960ականներուն կանխատեսած է մագնիսական դաշտի դերը միգամածութեանց մէջ, ստեղծած է աստղերու բռնկման տեսութիւն՝ հիմնուած անոնց մէջ ընթացող ոչ-ջերմային երեւոյթներու վրայ։ 1990ականներուն ան մշակեց սեղմ կրկնակի աստղերու ընդհանուր գունոլորտներ (շուրջքրոմներու) եւ կրկնակի գնդաձեւ աստղակոյտերու բնաշրջման տեսութիւնները։
Գուրզադեան տիեզերական աստղագիտութեան առաջնեկներէն է։
Ան ստեղծած է շարք մը գիտական սարքեր ու օպտիկական համակարգեր։ Անոր անուան հետ է կապուած «Օրիոն» տիեզերական աստղադիտարանի օպտիկական համակարգի աշխատանքի սկզբունքին՝ ինքնաշխատ (ավտոմատ) կառավարման մեթոդիկայի ստեղծումը։ Դեռ 1960ականներուն կիրառելով Ռ-5 balistic հրթիռներ, ան ղեկավարեց Արեգակի եւ աստղերու գերմանուշակագոյն եւ ռենտգէնեան դիտումները. առաջին թռիչքը կայացաւ 1961ի Փետրուարի 15ին Կապուստին-Եար արձակման կայանէն։ 1969ին անոր ղեկավարութեամբ արձակուեցան «Պրոցիոն» տիեզերական աստղադիտակը Космос-309 ուղեծրային արբանեակի վրայ, ապա՝ «Ալտաիր» ռենտգէնեան ուղեծրային աստղադիտակը Метеор արբանեակի վրայ։
Այնուհետեւ Գուրզադեանն անցաւ տիեզերական ուղեծրային աստղադիտարաններու նախագծման, որոնցմէ ամենայայտնին են «Օրիոնները»։ Անոնք կը գերազանցէին ժամանակին աշխարհի տարածքին իրականացուող տիեզերական նման գիտափորձերը եւ յանգեցուցին կարեւորագոյն գիտական արդիւնքների ստացման, տիեզերական սարքաշինական սկզբունքներու մշակմանը։
1971 թուականի Ապրիլին «Սալյուտ-1» առաջին տիեզերական կայանը ուղեծիր բարձրացուց «Օրիոն-1»ը, օբյեկտիվ պրիզմայով առաջին տիեզերական աստղադիտակը։ Սակայն գագաթնակետն էր Օրիոն-2ը, որ «Սոյուզ-13» տիեզերանաւին վրայ աշխատեցաւ 1973 թուականի Դեկտեմբերին։ Առաջին անգամ ստացուեցան շատ թոյլ՝ մինչեւ 13րդ մեծութեան աստղերու բազմաթիւ կարճալիք սպեկտրագիրներ, մոլորակաձեւ միգամածութեան առաջին կարճալիք սպեկտրագիրը՝ բացայայտելով նախապէս այդ միգամածութեանց մէջ չդիտուած ալիւմինիումի եւ տիտանի սպեկտրալ գիծեր, առաջին անգամ միգամածութենէն գրանցուեցաւ երկֆոտոն ճառագայթում, որ կանխատեսուած էր բնագէտներու կողմէ տասնամեակներ առաջ։
Գուրզադեանի ղեկավարութեամբ՝ Գառնիի տիեզերական աստղագիտութեան լաբորատորիային մէջ իրենց նախաթռիչքային պատրաստութիւնն են անցած աւելի քան 40 խորհրդային տիեզերագնացներ։ Ան դասախօսած է Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ (1948-1978), Պոլիտեխնիկական Ինստիտուտին մէջ հիմնադրած (1978) եւ ղեկավարած է ճշգրիտ սարքաշիութեան ամբիոնը։
Գուրզադեանի ստեղծագործական ժառանգութեան կը պատկանին նաեւ բազմաթիւ գեղանկարչական կտաւներ, փիլիսոփայական էսսէներու գիրքեր՝ նուիրուած գիտութեան, արուեստին, ճարտարապետութեան։
2001 թուականին Գառնիի մէջ բացուած, ապա՝ 2015 թուականին Երեւան վերաբացուած Տիեզերքի թանգարանին մէջ ներկայացուած են տիեզերական հետազօտութեանց վաղ շրջանի բացառիկ ցուցանմոյշներ։
2019 թուականի Մարտի 19ին Երեւանի Պետական Համալսարանի մուտքի ճեմասրահին մէջ հանդիսաւորապէս բացուած է Գուրզադեանի կիսանդրին:
Գր․ Գուրզադեան եղած է Միջազգային Աստղագիտական Միութեան անդամ (1950էն սկսեալ) եւ Հ․Ս․Ս․Հ․ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1975)։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի (2011) եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններու դափնեկիր էր։
(Քաղուած «Ուիքիփետիա» Ազատ Հանրագիտարանէն)։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ