ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 27-29 Փետրուար 1988, Սումգայթ – Ցեղասպան փան-թուրքիզմին հակահայ մոլեգնութեան ատրպէյճանական յորձանքը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
27-29 Փետրուար 1988, Սումգայթ.
Ցեղասպան փան-թուրքիզմին հակահայ մոլեգնութեան ատրպէյճանական յորձանքը
Ն. Պէրպէրեան
«Փետրուարի 27. ժամը 5ին թուրքերի ամբոխը ներխուժեց հարեւան հինգ յարկանի շէնքը… Ես իմ աչքերով տեսել եմ միայն Սաշայի եւ նրա տիկնոջ՝ Աւագեան Լոլայի ու քրոջ սպանութիւնը: Աղմուկ-աղաղակ էր, սուլոց: 100-150 հոգի էին: Մտան շքամուտք: Սաշային սպաննեցին շքամուտքի մօտ, խփում էին փայտերով, ոտքով, երկաթէ ձողերով, դանակահարում: Սաշայի քոյրը պատշգամբից գոռում էր, օգնութիւն կանչում:
Ամբոխը, Սաշային մորթելուց յետոյ, բարձրացաւ նրա տուն, անմարդկային ոռնոց էր լսւում նրանց պատշգամբից, մի քանի ժամ յետոյ Սաշայի քրոջը խոշտանգուած վիճակում շպրտեցին 5րդ յարկից, իսկ տիկնոջը մերկացրած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տալիս շէնքի բակում եւ բռնաբարում. կինը չդիմացաւ… Երեք հայերի յօշոտուած մարմինները մի քանի ժամ մնացին շէնքի բակում»… (ականատես Սէյրանեան Էլմիրայի վկայութիւնը)։
Ահա այսպէ՛ս մոլեգնեցաւ – Փետրուարի վերջին օրերուն, 1988 թուականին – նորօրեայ Ատրպէյճանի մէջ հակահայ յորձանքը, որ «ներշնչուած» էր թրքական պետութեան 1915ին գործադրած եւ անպատիժ մնացած հայասպան եղեռնագործութենէն։
Եւ Փետրուար 1988ի 27-29 օրերուն, աշխարհի չորս ծագերէն, միլիոնաւոր մարդիկ սահմռկած աչքերով հետեւեցան ազգային՝ «էթնիք մաքրազտման» քստմնելի այն սպանդին, որ պատմութեան սեւ ու անմոռանալի էջերէն մէկը դարձաւ «Սումգայթի փոկրոմը» անունով։
Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ ատրպէյճանական քաղաք մը՝ Սումգայթը «մանրանկար» հոմանիշը դարձաւ… Տէր-Զօրի։
Եւ մինչ այդ միջազգային հանրութեան համար անծանօթ քաղաք մը՝ Սումգայթը աշխարհին յայտնի դարձաւ ցեղասպանական նորօրեայ սպանդի մը թատերաբեմը դառնալու իր տխուր հռչակով։
1988ի Փետրուար 27-29ին, Սումգայթէն ծայր առին պետականօրէն ծրագրուած ու կազմակերպուած ջարդերը Ատրպէյճանի բռնակալութեան տակ ապրող հայ բնակչութեան դէմ։ Ազերի զինեալ ամբոխի տեսքով ու ձեռքով գործադրուած այդ ջարդերը, իրենց տեսակին մէջ, եղան առաջին «էթնիք մաքրազտման» վայրագ բռնութիւնները Խորհրդային Միութեան վախճանի ժամանակաշրջանի պատմութեան մէջ։ Սումգայթի սպանդը մեծ դեր ունեցաւ ինչպէս ընդհանրապէս Խ.Ս.Հ.Մ.ի փլուզման, նոյնպէս եւ Արցախեան Ազատամարտի բռնկման առումներով։
Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ատրպէյճանի իշխանութեանց իրագործած փան-թուրքիստական Սպանդին՝ Սումգայթի հայ բնակչութեան զանգուածային եղեռնագործութեան։
Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները այսօր իրե՛նք կը հաստատեն, թէ Սումգայթի մէջ ազերի խուժանը հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած էր այդ ատենուան ատրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Նոյնպէս կը հաստատեն, որ պետական հրահանգով սկսաւ, 1988ի փետրուարեան այդ օրերուն, կազմակերպուած յարձակումը քաղաքի հայ խաղաղ, անզէն ու անպաշտպան բնակչութեան դէմ։
Միւս կողմէ՝ ինչպէս օրին, այնպէս ալ այս օրերուն, միջազգային մամուլի էջերուն տակաւին լոյս կը տեսնեն մեկնաբանութիւններ, որոնք ատրպէյճանական հակահայ քարոզարշաւին ծառայելով՝ կը փորձեն տարածել այն թիւրիմացութիւնն ու նենգափոխումը, թէ այդ ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ծաւալած Արցախեան Պահանջատիրութիւնը պատճառ դարձած էր – եղեր – ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին՝ հայերու եւ ազերիներու միջեւ։
Բայց նոյնիսկ նման անհիմն վերագրումներու հեղինակները չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումգայթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ատրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ։ Պաքուի այդ օրերու վարիչներն ու անոնց ժառանգորդ Ալիեւ հայր ու որդի բռնակալ իշխանութիւնները ինչպէս ատենին փորձեցին, նաեւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն ամէն կարգի յերիւրանքի եւ կեղծիքի դիմել, որպէսզի ազերի գաղթականներու ամբոխային հակահայ այդ տրամադրութեամբ բացատրեն եւ չքմեղանք գտնել հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ, ահաբեկումի այդ սպառնալիքով, Սումգայթի ու ամբողջ Ատրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ատրպէյճանեան բուն՝ ցեղասպանական յանցագործութեան։
Թուրքեւատրպէյճանական ուժերու այդ նենգափոխումներն ու հակահայ քարոզչութիւնը ապարդիւն անցան՝ բախելով հայկական պահանջատիրութեան ծաւալած Իրաւունքի եւ Արդարութեան արշաւին։ Այսօր միջազգային շրջանակները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումգայթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած՝ նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում ու եռօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին…
Որոշապէս կը տրուի Ջահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումգայթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին անունը, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ ոճիրները անզէն հայ բնակչութեան դէմ։
Սումգայթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը ունեցաւ, անկասկած, նաեւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը։ Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց՝ ատրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար։ Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ՝ հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան համարժէք կեցուածք չճշդելով ու հատու եւ զսպիչ հարուած չտալով յանցագործներուն։
Խորհրդային իշխանութիւնը օրին նոյնիսկ նսեմացնել փորձեց Սումգայթի եղեռնագործութեան տարողութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերուն թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով՝ աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները։
Տասնամեակներ անցած են Սումգայթի այդ սահմռկեցուցիչ եղեռնագործութեան փետրուարեան սեւ օրերէն։
Հայեւատրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումգայթէն ասդին։ Համաթրքական հակահայ յորձաքին իբրեւ պատրուակ գործածուած կռուախնձորը՝ Արցախը իրողապէս ազատագրուած եւ իր անկախ պետականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հաստատած է։ Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ՚եռայ ատրպէյճանեան իշխանութեանց մէջ, ինչ անուն ալ կրեն անոնք։
Հայ ժողովուրդը Փետրուարի այս վերջին օրերուն կը սգայ եւ կ՚ոգեկոչէ Սումգայթի իր նահատակները, որոնք անլռելի վկաներն են հայաջնջումի ալաթուրքա եղեռնագործութեան շարունակուող վտանգին։
1915ին թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան ոճիրը, անպատիժ մնալով եւ քաղաքական անհրաժեշտ դատաստանի ու պատիժի չենթարկուելով՝ պատճառ դարձաւ, որ պատմութիւնը պարբերաբար կրկնուի՝ փան-թուրքիստներու այսօրինակ հայասպանական յանցագործութեանց սանձակոտոր յորձանքով։
Նոյնը պատահեցաւ Սումգայթի «փոկրոմ»էն ետք ալ։
Ատրպէյճանական իշխանութիւնները, անպատիժ մնալով, ոչ միայն շարունակեցին հակահայ պարբերական ջարդերը, այլեւ՝ պատմական ճշմարտութեան ուրացման պետական իրենց քարոզչութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին, նոյնինքն զոհը՝ հայութիւնը իբրեւ ցեղասպան ներկայացնելու սուտ ու կեղծ «պատմագրութեամբ»։ Վկայ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» համար պատասխանատու հռչակելու համաթրքական մերօրեայ ծաւալուն լոպիինկը։
Թուրքիոյ ունեցած քաղաքական ազդեցութեան լծակներով եւ Ատրպէյճանի նաւթային հարստութեամբ՝ անպատիժ մնացած փան-թուրքիստ ցեղասպանը, թուրքի անուն կրէ ան թէ ազերիի, նորովի թափով կը շարունակէ իր սուտին ու կեղծիքին սպասարկելու պատրաստ ծախու խիղճեր կաշառել աշխարհի տարածքին, որպէսզի լռութեան պատ հիւսէ ինչպէս 1915ի, այնպէս ալ Սումգայթի ողբերգութեան ցեղասպանական ահաւոր ճշմարտութեան շուրջ։
Այդպէ՛ս. Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական այրերը ոչ միայն կը շարունակեն ուրանալ իրենց կազմակերպած ու հրահրած ոճիրները, ոչ միայն կը մերժեն խոնարհիլ հայ անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ, այլեւ օր ու գիշեր միջոցներ կը փնտռեն եւ սադրանքներ կ՚որոճան, որպէսզի կարենան խեղաթիւրել պատմական ճշմարտութիւնները եւ աշխարհին ներկայանան իբրեւ «զոհերը… հայկական մոլեռանդութեան»։
Սումգայթի հակահայ սպանդին պատասխանատուները տարուէ տարի նոր թափ կու տան ուրացումի եւ խեղաթիւրման իրենց այդ արշաւին, որովհետեւ մեծապետական ուժերը իրենց հաշիւներով իսկ չեն ուզեր մեղադրեալի աթոռին նստեցնել որոշապէս Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ շարունակ կը փնտռեն առիթներ, որպէսզի իբրեւ իրաւարարի՝ իբր թէ հաւասար աչքով նային ցեղասպանին եւ զոհին…
Այդ առումով ալ մեծապետական ուժերը իրենք եւս պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին հակահայ ցեղասպանական մոլուցքին պարբերական դրսեւորումներուն եւ մոլեգնութեան մէջ։
Սումգայթը արիւնալի եւ աղաղակող վկան ու յուշարարն է դառնագոյն այդ իրողութեան եւ ողբերգութեան։
Փետրուարի վերջին օրերն են դարձեալ եւ պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ կրկին կը բարձրացնէ ճշմարտութեան ձայնը եւ պիտի շարունակէ անխոնջ պայքարիլ յանուն ճշմարտութեան յաղթանակին՝ մինչեւ որ ցեղասպանը խոնարհի եւ ճանչնայ ու ընդունի Արցախի՝ ազատ եւ անկախ պետականութեամբ ապրելու, այլեւ ի վերջոյ մայր Հայաստանի հետ վերամիաւորուելու Հայկական Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ