Չինաստան «Մեծ Զայրոյթ Ու Բուռն Մերժում» Կ՛արտայայտէ Թրամփի` «Քորոնա» Ժահրը «Չինական Ժահր» Կոչելուն Առնչութեամբ

Չինաստան «Մեծ Զայրոյթ Ու Բուռն Մերժում» Կ՛արտայայտէ Թրամփի` «Քորոնա» Ժահրը «Չինական Ժահր» Կոչելուն Առնչութեամբ

18 ՄԱՐՏ 2020 – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ -19 – – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

««Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Չինաստանի Ույղուրներուն Աջակցող Օրինագիծ Որդեգրեց»»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր բուռն զայրոյթն ու մերժումը արտայայտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` «Քորոնա» ժահրը «չինական ժահր» կոչելուն առնչութեամբ:

Նախարարութեան բանբեր Կինկ Շուանկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժահրը Չինաստանին առնչելը «խարանումի ձեւ մըն է»` աւելցնելով. «Մեծ զայրոյթ կը զգանք եւ զայն բուռն կերպով կը մերժենք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնած էր. «Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցին այն ճարտարարուեստներուն, որոնք մասնաւորաբար կ՛ազդուին չինական ժահրէն, ինչպէս` օդանաւային ընկերութիւնները եւ ուրիշներ: Որեւէ ժամանակէ աւելի հզօր պիտի ըլլանք»:

Գրառումը կատարուած էր Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան մթնոլորտի մը մէջ, ուր երկու կողմերը զիրար վարկաբեկելու արշաւներ շղթայազերծած են «Քորոնա» ժահրի` անոնց միջեւ նոր տարակարծութեան նիւթի վերածուելէն ետք:

Թրամփ երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Չինաստան սխալ տեղեկութիւն հաղորդած է, թէ ամերիկեան բանակն է, որ «Քորոնա» ժահրը Չինաստանի մէջ տարածած է: «Ատիկա ճիշդ չէ: Ես ըսի, որ ժահրին աղբիւրը Չինաստանն է, եւ ասիկա ճշգրիտ տեղեկութիւն է», աւելցուց Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, թէ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր չին պաշտօնակից Եանկ Ժիշիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, թէ կը մերժէ «Ամերիկան «Քորոնա»-ին համար մեղադրելու» առնչութեամբ Փեքինի կողմէ պաշտօնական միջոցներու օգտագործումը` աւելցնելով. «Այժմ ժամանակը յարմար չէ ապակողմնորոշող ու արտառոց տարաձայնութիւններ տարածելու, այլ` առիթ մըն է, որպէսզի բոլոր երկիրները միաւորուին դիմակայելու համար այս հասարակաց սպառնալիքը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ ուրբաթ օր իր մօտ կանչած էր Ուաշինկթընի մէջ Չինաստանի դեսպանը` բողոքելու համար Փեքինի կողմէ հրապարակուող սադրանքի այն տեսութեան դէմ, թէ Միացեալ Նահանգներ կը կանգնին «Քորոնա» ժահրի ետին:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաու Լի Ժիան երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ն է, որ «Քորոնա» ժահրը տարածած է Չինաստանի մէջ:

Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին փաստեր, թէ «ՔՈՎԻՏ-19» ժահրը 2015-ին պատրաստուած է ամերիկացի գիտնականներու կողմէ:

www.aztagdaily.com/archives/469002

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail