Ռուսիա Սկսաւ Պատուաստ Մը Փորձարկել. Չինաստանի Մէջ 2-րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չարձանագրուեցաւ

Art-A-Tsolum – Depictions of Agriculture – 7,500 years old petroglyphs of ukhtasar mountains armenia

Ռուսիա Սկսաւ Պատուաստ Մը Փորձարկել. Չինաստանի Մէջ 2-րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չարձանագրուեցաւ. Վարակուածներուն 87,9 Առ Հարիւրը Բժշկուեցաւ

21 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Պատերազմի հանցագործությունների եւ մարդկության դեմ հանցագործությունների նկատմամբ վաղեմության ժամկետ չկիրառելու մասին» ՄԱԿ-ի Կոնվենցիա, 26-ը նոյեմբերի 1968 թ.»»

Չինաստանի մէջ իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր պարագաներ չեն արձանագրուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Չինաստանի մէջ վարակուածներուն 87,9 առ հարիւրը բժշկուած է, սակայն կան արտասահմանէն վերադարձած 228 վարակուած անձեր, որոնք երկրորդ համաճարակի մը նկատմամբ մտավախութիւններ կը յառաջացնեն:

Ռուսիոյ Սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզի հսկողութեան դաշնակցային մարմինը` «Ռոսփոթրեպնատզոր»¬ը, սկսած է փորձարկել «ՔոՎիՏ¬19» ժահրի վարակի դէմ պատուաստանիւթը: Այս մասին կը նշէ դաշնակցային մարմինի կայքը:

«Ռուսիոյ մէջ «ՔոՎիՏ¬19» վարակի կանխարգիլման եւ հսկողութեան համար «Ռոսփոթրեպնատզոր»-ի` ժահրաբանութեան եւ կենսաբանական ճարտարագիտութեան «Վեքթոր» պետական գիտական կեդրոնը ամէնէն սեղմ ժամկէտներու մէջ ստեղծած է պատուաստանիւթի նախատիպեր, որոնք հիմնուած են վեց տարբեր ճարտարագիտական հարթակներու վրայ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

«Գիտնականները սկսան կենդանիներու ախտամերժական համակարգին շուրջ հետազօտութիւնները», նշեց հաղորդագրութիւնը` աւելցնելով. «Ուսումնասիրութիւնները պիտի ճշդեն առաջնահերթ խոստմնալից ու ապահով առաջին օրինակները, որոնք կ՛երաշխաւորեն ախտամերժութեան կազմութիւնը, եւ պիտի ճշդուի պատուաստի բաղադրութիւնը, չափը եւ զայն տրամադրելու ձեւը: Գիտնականները կը յուսան, որ պատուաստը շրջանառութեան մէջ դրուի 2020-ի գարնան»:

Ֆրանսական իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ արտասահման գտնուող 130 հազար ֆրանսացի քաղաքացիներ կը փորձեն «Քորոնա»¬ի պատճառով վերադառնալ Ֆրանսա:

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հինգշաբթի օր բացայայտած է արագացուած օրինագիծ մը, որ իր կառավարութեան պիտի շնորհէ Բրիտանիոյ մէջ կեանքի տարբեր ոլորտներուն վրայ այնպիսի «անսահման իշխանութիւններ», որոնց նմանը երկիրը Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ի վեր չէ տեսած:

Օրաթերթը նշեց, որ նոր լիազօրութիւնները ոստիկանութեան իրաւունք կու տայ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կասեցնելու համար վերջ տալ հաւաքներուն, եւ մարդիկը ստիպել իրենց տուները վերադառնալ:

«Կառավարութիւնը կը փորձէ օրինագիծի որդեգրումը ապահովել յառաջիկայ շաբաթ խորհրդարանի նիստի ընթացքին», նշեց «Տէյլի Թելեկրաֆ»:

Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քրիսթին Լակարտ «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ յայտնեց, որ դրամատունը հարկ եղած բոլոր քայլերը պիտի որդեգրէ:

«Քորոնա»¬ի համաճարակը արդի պատմութեան մէջ աննախադէպ մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ: Մարդկային ողբերգութիւն մը ըլլալուն կողքին անիկա տնտեսական մեծ մարտահրաւէր մըն է, զոր կը դիմագրաւեն բոլոր պետութիւններն ու հասարակութեան բոլոր խաւերը», կը գրէ Լակարտ:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Եւրոպայի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատարը յայտարարեց, թէ ցամաքամասին վրայ գտնուող ամերիկեան զինուորներուն երկու երրորդը վարակուած է «Քորոնա»¬ով:

Յորդանան երէկ ամբողջ երկրի տարածքին կրակմարի դրութիւն յայտարարեց, իսկ Թունուզի նախագահը երկրին տարածքին ամբողջական մեկուսացում յայտարարեց:

Մինչ Նիկերի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրի պատճառով առաջին զոհը, Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 41,025¬ի, իսկ ժահրի զոհերուն թիւը` 3405¬ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8652¬ի, իսկ զոհերուն թիւը` 94-ի: Փերույի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 234¬ի, իսկ զոհերունը` 3¬ի: Իրաքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 193¬ի, իսկ զոհերունը` 14¬ի: Ալճերիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 94¬ի, իսկ զոհերունը` 10¬ի:

Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 197-ի, Թայլանտի մէջ` 272¬ի, Բրիտանիոյ մէջ` 3269¬ի, Քանատայի մէջ` 925¬ի, Սլովաքիոյ մէջ` 124¬ի, Մարոքի մէջ` 74¬ի, իսկ Թուրքիոյ մէջ` 359¬ի:

Նշենք, որ երէկ գիշեր «Քորոնա» ժահրի պատճառով փակուեցաւ Միացեալ Նահանգներ¬Քանատա սահմանը:

www.aztagdaily.com/archives/469379

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail