ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Վերակազմել նոր հայութեան տիպարը՝ բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Վերակազմել նոր հայութեան տիպարը՝ բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած, եւ յարաճուն խիզախութեամբ խարանելով ու սպիացնելով ժառանգական ստրկութեան վէրքերը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Վերակազմել նոր հայութեան տիպարը՝

բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած, եւ յարաճուն խիզախութեամբ խարանելով ու սպիացնելով ժառանգական ստրկութեան վէրքերը»

24 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ՈԳԵՂԷՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆՑ վսեմաշուք քրմապետին՝ ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆին, որուն ծնունդը կը նշենք Մարտ 24ի այս օրը։

Թէեւ Աղբալեան միշտ գանգատեցաւ, որ իր տաղանդն ու ձիրքերը անխնայ ցրուեց՝ հայ մտքի ու մշակոյթի տարբեր անդաստաններուն մէջ իր ներկայութիւնը հաստատելու անխոնջ թեւածումներով, այդուհանդերձ՝ բոլորին ալ հասաւ եւ ի վիճակի եղաւ ամէնուր իր անջնջելի դրոշմը դնելու, այլեւ՝ մեր փոքր ածուին յաւերժի երթը լուսաւորելու։

Յուշատետրով ներկայացուած են ՎԱՍՏԱԿՆ ՈՒ ԱՒԱՆԴԸ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական, հասարակական-գաղափարական եւ գրական-մշակութային արարումներու ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԴՐՕՇԱԿԻՐին։ Իսկ Աղբալեանի մտքերէն ստորեւ մէջբերուած քաղուածքը խոկումի բաւականաչափ սնունդ կը տրամադրէ այսօր մեկուսացման անհեթեթին մէջ յայտնուած հայ մարդոց ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ, ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ համար։

Բարի լոյս՝ միշտ կատարեալին ձգտելու ԱՂԲԱԼԵԱՆԱԿԱՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄին, որ ընդհանրապէս ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ եւ որոշապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԻՆ շարունակ կը յուշէ ու կը պատգամէ ԱՄԷՆ ՋԱՆՔ ԹԱՓԵԼՈՒ եւ սեփական ԱՐԱՏՆԵՐԷՆ ՎԵՐ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ ՎԵՀԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆը։

Նիկոլ Աղբալեան ապրեցաւ ու գործեց անձուկ պայմաններու մէջ, շատ ու ծանր զրկանքներ տարաւ անտրտունջ, բայց այդ բոլորով հանդերձ՝ գլուխը միշտ վեր եւ ճակատը բաց արհամարհեց Ազգի եւ Հայրենիքի ծով զոհաբերութեան մէջ իսկ փառքի ու պատիւի ետեւէն վազող գաղափարի վաշխառուները։

Բարի լոյս՝ Նոր Հայութեան ոգեկերտումին միշտ սեւեռած Աղբալեանի ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ԿՏԱԿին։

*
* *

– Հայ Ազգի «․․․Ազատանին էր, որ հաւաքուած էր իր աւագանու շուրջը եւ նրա դրօշի տակ՝ պաշտպանած էր իր աշխարհը եւ արշաւած հեռուներ:

«Վէս ու անձնապաստան՝ նա յաճախ եղած էր ըմբոստ եւ անհնազանդ թէ՛ բնիկ եւ թէ օտար իշխանութեանց հանդէպ եւ, այս նկարագրով ու պահուածքով, հասած էր մինչեւ այն օրերը, երբ յօրինուեցան հայ գրերն ու հիմքը դրուեց Հայոց գրականութեան:

«Իր լաւագոյն տիպարների մէջ իր խիզախ ու վէս ոգին նոյնացած է երբեմն ազգային գիտակցութեան հետ եւ յաճախ, իր պահուածքով, նա դարձած է ներկայացուցիչը Հայոց ազգայնութեան: Իր բերանով երբեմն խօսած է բովանդակ ազգը եւ իր վարմունքի մէջ փայլած է բովանդակ ազգի նկարագիրը եւ, այդպիսով, ազգն ու ազատանին նոյնացած են եւ դասակարգերից մէկը դարձած է ողջ ազգի պատկերը»:

– «Այն սերունդը, որ տեսաւ խորտակումը սուլթանական եւ ցարական բռնութեան եւ վկան եղաւ ազատագրութեան մեծ պայքարների՝ պէտք է որ մեծանայ եւ զօրանայ կրթական լաւագոյն պայմաններում ազատ Հայաստանին արժանի: Ջանանք սերմանել մեր աւեր երկրում բարին, ճշմարիտն ու գեղեցիկը, սպասելով առատ հունձք մեր արի եւ տոկուն ժողովրդի հետ միասին»:

– Դաշնակցականի տուած կուսակցականի երդումին՝ «Ամէն ջանք թափելու գաղափարի մէջ շատ աւելի ծանրակշիռ պարտականութիւններ են մտնում քան կուսակցական տուրքի հատուցումը․- Անտեսումն՝ ընտանեկան եւ անձնական բարօրութեան, արհամարհանք՝ դիրքի եւ ազդեցութեան, ժխտում՝ ամէն բարեկեցութեան եւ ապահով կենցաղի, վերջապէս գերագոյնը՝ մահ, բոլորը մտնում են «ամէն ջանքի» մէջ»:

– «Ամէն մի դաշնակցական կոչուած է Սասունցի Դաւթի նման թուր կայծակին շարժելու Մսրայ Մելիքի դէմ։ Նա պարտաւոր է հոգալ թէ՛ իր բազկի, զօրութեան մասին՝ բարոյական տիպարը մշակելով իր մէջ եւ թէ կայծակէ թուրի զօրութեան մասին՝ «ամէն ջանք թափելով», որ նա չգուլանայ եւ չժանգոտի անտեղի եւ անվայել գործերի մէջ, այլ միշտ սրբած ու պատրաստ՝ ասպետական անշահախնդիր ձեռքի մէջ, օրհասական պայքարների օրերին՝ իջնի թափով ու զարկէ սարսափով»:

Ն․ Աղբալեանի մտքերը քաղուած են Վարդուհի Քուշերեանի «Նիկոլ Աղբալեան՝ Մեծ Հայն Ու Մտաւորականը» յօդուածէն («Ասպարէզ», 10 Օգոստոս 2010)։

asbarez.com/arm/88135/նիկոլ-աղբալեան՝-մեծ-հայն-ու-մտաւորակա/?

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail