ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Խաւարապաշտ մարդիկ փախչում են ճշմարտութիւնից այնպիսի կամակոր ու անձնաբռնադատ զօրութեամբ, որպէս կը փախչէր

GENOCIDE- Armenian Genocide Memorial in Yerevan

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Խաւարապաշտ մարդիկ փախչում են ճշմարտութիւնից այնպիսի կամակոր ու անձնաբռնադատ զօրութեամբ, որպէս կը փախչէր մի աւազակ իւր մութն ու խոնաւ բանտից…

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Խաւարապաշտ մարդիկ փախչում են ճշմարտութիւնից այնպիսի կամակոր ու անձնաբռնադատ զօրութեամբ, որպէս կը փախչէր մի աւազակ իւր մութն ու խոնաւ բանտից…»

31 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆը իբրեւ գերագոյն արժէք դաւանող եւ զայն մինչեւ անգամ «ԱԶԱՏՆ ԱՍՏՈՒԱԾ»ը յատկորոշող սրբազնագոյն լուսապսակ հռչակած հայոց անմահն բանաստեղծին՝ ազատն ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆի ոգեշնչող աւանդին։

Բարի լոյս՝ ամէնուր մահ սփռող Քորոնավարակի համաճարակին դէմ պաշտպանուելու համար ոգեղէն ԿՈՐՈՎի եւ դիմադրական ՆԵՐՈՒԺի աղբիւրներ որոնող բոլոր ակամայ մեկուսացեալներուն, որոնք Նալբանդեանի ստեղծագործութեան մէջ անպայման պիտի գտնեն վերապրումի հզօր ՇԱՐԺԻՉներ։

Մարտ ամսու վերջին այս օրը մահացած է «ԵՐԳ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ» եւ «ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» քերթուածներու ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾը, որ աւելի քան մէկուկէս դարէ ի վեր Ազգի եւ Հայրենիքի ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔը նուաճելու ինքնավստահութեամբ կը ջրդեղէ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔՆ ՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԸ հայոց իրերայաջորդ սերունդներուն։

Յուշատետրի փոստով ներկայացուած է ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՏԱԿը Միքայէլ Նալբանդեանի։ Իսկ խոկումի եւ ընդհանրացումի այս պահը լուսարձակի տակ կ՚առնէ ԱԶԳի եւ ԱԶԳԱՅԻՆի կենարար արժէքն ու անփոխարինելի կռուանը շեշտող ՊԱՏԳԱՄը Նալբանդեանի։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 31 Մարտ 2020 – Խաւարապաշտ մարդիկ փախչում են ճշմարտութիւնից

*
* *

Տեսաբանական կամ գաղափարախօսական վերլուծումներու եւ ընդհարացումներու մարդը չէ Միքայէլ Նալբանդեան, բայց հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութենէն եւ կենսափորձէն բխած է ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՐԱԿԻՆ ամենայն անանձնականութեամբ պաշտպան ու պահապան կանգնելու իր կոչը մեր սերունդներուն․-

– Ազգ ասացեալը է այն ուժը, այն կենդանի կապակցութիւնը մարդերի, որ առանց նորան, կամ նորանից դուրս, մասնաւոր մարդը կը լինէր մի անօգուտ անձնասէր-էգոիստ, իսկ բոլոր մարդկութիւնը՝ մի անպտուղ վերացականութիւն։

– Ո՛չ մի ազգութիւն իրաւունք չունի կուլ տալու եւ ոչնչացնելու մի ուրիշ ազգութիւն, բայց այս բանը ստէպ կրկնւում է մարդկութեան պատմութեան մէջ։

– ․․․Մի աննկարագրելի վատաբախտութիւն, մի սարսափելի տեսարան է, եթէ մի ազգի անդամք ինքեանք հրաժարւում են իւրեանց ազգութիւնից, եւ մտանելով մասնաւորութեան կորստական դրօշակի տակ, ընդհանուր մարդկային յարգ ու արժանաւորութիւն տեսանել համարում են մի մեծ, բայց օտար ազգի ազգութեան մէջ։ Ի՜նչ ողորմելի փիլիսոփայութիւն, ի՜նչ արտասուելի վարդապետութիւն։ Թող ամենայն ազգ պահպանէ իւր ազգութեան կերպարանքը, թող ազատ եւ պայծառ ծաղկի ամենայն ազգութիւն մարդկեղէն աշխարհի մէջ. դոքա միայն զօրութիւն, հոգի են տալիս ազգերի ընդհանուր աշխատութեանը։

– Ես ազգով հայ եմ, անձով՝ նահատակ։

– Ազգի վնասը եւ օգուտը աւելի մեծ կշիռ ունի մեր աչքում, քան թէ մեր անձնականը։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 31 Մարտ 2020 – Խաւարապաշտ մարդիկ փախչում են ճշմարտութիւնից

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail