ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 31 Մարտ 2020 – Միքայէլ Նալբանդեան (1829-1866) Հայու Ազատութեան երգիչը

Génocide perpétré par l'Empire ottoman, aujourd'hui la Turquie - génocide arménien-erzeroum-1895-lesalonbeige.fr

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 31 Մարտ 2020 – Միքայէլ Նալբանդեան (1829-1866) Հայու Ազատութեան երգիչը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Միքայէլ Նալբանդեան (1829-1866).
Հայու Ազատութեան երգիչը

31 Մարտ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Հայ գրականութեան անմահներու համաստեղութեան մէջ Ազատութեան լոյսը միշտ վառ պահող մեծ աստղն է Միքայէլ Նալբանդեան, որուն մահուան 154րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր։

1866ի Մարտ 31ին, Ցարական Կայսրութեան Սարատով մարզի (Վոլգոգրադ) Կամիշին անուն քաղաքի իր աքսորավայրին մէջ, ամբողջապէս քայքայուած առողջական վիճակով, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ 37 տարիքը դեռ չամբողջացուցած Մեծ Հայը։

ԱԶԱ՛ՏՆ ՀԱՅԸ։

Բառին պարզ, մեկին ու խորագոյն իմաստով հայու Ազատութեան երգիչն է Մ. Նալբանդեան, որ անմահացած իր բանաստեղծութեան՝ «Երգ Ազատութեան»ի առաջին իսկ տողէն, նոյնինքն Ամենակարողին համար բնութագրական գտաւ «Ազատն Աստուած» կոչումը, աստուածային մեծագոյն եւ ամէնէն իրաւ յատկանիշը հռչակելով «Ազատ» ըլլալու իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։

Ազատն Աստուած այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել.
Ես անբարբառ մի մանուկ
Երկու ձեռքս պարզեցի,
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւն գրկեցի։

Աւելի քան մէկուկէս դար է, ահա՛, որ մեր ժողովուրդին իրերայաջորդ սերունդները, ո՛ւր որ ալ ծնունդ առնեն եւ ի՛նչ երկինքի տակ ալ կազմաւորուին, հայրենի ոստաններէն մինչեւ պանդխտութեամբ թէ տարագրութեամբ կազմուած աշխարհասփիւռ հայօճախները, իրենց մանուկ տարիքէն կեանքին ու աշխարհին կը բացուին Նալբանդեանի «Ազատութեան Երգ»ով՝ ազգային իրենց յիշողութեան մաքրամաքուր ակունքին վերածելով սոսկ քերթուածէ մը շատ անդին անցած եւ վեր բարձրացած պատգամը.-

Մինչ գիշերը անհանգիստ,
Օրօրոցում կապկապած,
Լալիս էի անդադար
Մօրս քունը խանգարած,
Խնդրում էի նորանից
Բազուկներս արձակել,
Ես այն օրից ուխտեցի
Ազատութիւնը սիրել։

Եւ իրապէ՛ս յանուն Ազատութեան պայքարի երգ մը եղաւ Միքայէլ Նալբանդեան ի՛նք, որ թէեւ կարճատեւ կեանք ունեցաւ այս աշխարհին վրայ, բայց իր Անձին օրինակով ու Գործով՝ յաւերժութեան արժանացաւ հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ։
Ծնած էր 2 Նոյեմբեր 1829ին Նոր Նախիջեւան (Տոն գետի եզրին, Ռոստով քաղաքի մօտ), յարկին տակ համեստ պայտագործի մը, որ չորս անգամ ամուսնացած էր եւ Միքայէլ ծնունդն էր չորրորդ կնոջմէ։

Մանկութեան աշակերտած էր Գամառ Քաթիպայի՝ Ռափայէլ Պատկանեանի հօր, Գաբրիէլ Քահանայի անձնական դպրոցին մէջ եւ մեծապէս ազդուած էր ազատասէր ու ազատախոհ այդ հոգեւորականին խիզախ գաղափարներէն։ Հոգեւորականի իր կոչումը եւս ներշնչուած էր իր առաջին ուսուցիչէն։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 31 Մարտ 2020 – Միքայէլ Նալբանդեան (1829-1866)

Թոթով լեզուիս մինչ կապեր
Արձակուեցան, բացուեցան,
Մինչ ծնողքս իմ ձայնից
Խնդացին ու բերկրեցան,
Նախկին խօսքն, որ ասացի՝
Չէր հայր, կամ մայր, կամ այլ ինչ՝
Ազատութի՜ւն, դուրս թռաւ
Իմ մանկական բերանից։

«Ազատութի՞ւն,- ինձ կրկնեց
Ճակատագիրն վերեւից.-
Ազատութեա՞ն դու զինուոր
Կամիս գրուիլ այս օրից:
Ո՜հ, փշոտ է ճանապարհդ,
Քեզ շատ փորձանք կը սպասէ.
Ազատութիւն սիրողին
Այս աշխարհը խիստ նեղ է»։

Այնուհետեւ, ինքնազարգացումը եղաւ Մ. Նալբանդեանի կեանքին մղիչ ուժը։ 1848ին իբրեւ քարտուղար աշխատանքի կոչուեցաւ Նոր Նախիջեւանի հայոց Առաջնորդարանին մէջ՝ վայելելով օրուան առաջնորդ Մատթէոս Արք. Վեհապետեանի ամբողջական հովանաւորութիւնը։ Չորս տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ՝ պատրաստուելով հոգեւորական իր ձեռնադրութեան։

Առաջնորդարանի քարտուղարութիւնը նաեւ օգնեց Նալբանդեանի, որպէսզի պաշտօնով այցելութիւններ կատարէ եւ մօտէն ծանօթանայ Ռուսաստանի հայաշատ գաղութներուն։

Բայց յեղափոխական խմորումներու եւ ալեկոծումներու ժամանակաշրջան էր, Նոր Նախիջեւանի հայութեան կեանքը կ՚անցնէր բարեփոխման բուռն պայքարներու բովէն՝ յատկապէս «Խալիպեան-Վեհապետեան» անուն անձնաւորութիւններու բեւեռացումով յատկանշուած ներ-հայկական հակադրութիւն մը հունաւորեց հետագայ կեանքը Նալբանդեանի։

Խալիպեան շրջանի քաղաքապետն էր եւ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսին կողմէ վերին պատասխանատու նշանակուած էր հայ եկեղեցապատկան հարստութեանց յանձանձումին։

Կարծրատիպ մարդ էր եւ միանձնեայ կը գործէր՝ մերժելով հաշուետուութիւն կատարել ժողովուրդին, որ սկսած էր բողոքել նման վարքագծի դէմ։

Մատթէոս Արքեպիսկոպոս եւ Մ. Նալբանդեան գլխաւորեցին ժողովրդային բողոքի շարժումը Խալիպեանի դէմ։

Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոս Էջմիածին կանչեց Նալբանդեանը՝ կարգի հրաւիրելու համար, բայց ան արդէն ըմբոստ՝ փախուստ տուաւ դէպի Ռուսաստան, նախ՝ Ս. Փեթերսպուրկ, ապա՝ Մոսկուա, ուր «Լազարեան» Ճեմարանի մէջ հայերէնի դասատու դարձաւ։

Միաժամանակ ուսանեցաւ իբրեւ ազատ ունկնդիր եւ Արեւելագիտութեան մէջ մագիստրոսի աստիճանին տիրացաւ։ Մօտէն ծանօթացաւ Ստեփանոս Նազարեանցի հետ եւ անոր աջ բազուկը դարձաւ «Հիւսիսափայլ» հանդէսի հրատարակութեան մէջ։

Աշտարակեցի Կաթողիկոս բնաւ չներեց Նալբանդեանի ընթացքը եւ պետական միջամտութեան դիմեց, որպէսզի «փախստականը» բերուի Էջմիածին։ Միայն Ստեփանոս Նազարեանցի ծանօթութեանց եւ միջամտութեան շնորհիւ, Նալբանդեան փրկուեցաւ ձերբակալութենէ, բայց վերջնականապէս փակեց հոգեւորական դառնալու իր կոչման էջը։

Եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ ժողովուրդի ազատութեան երգիչն ու Հայաստանի ազատագրութեան պատգամաբերը դառնալու առաքելութեան.

– Ազատութի՜ւն,- գոչեցի,-
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին,
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտþ կրկնեմ
Անդադար՝ Ազատութի՜ւն։

Այդպէ՛ս սկսաւ Նալբանդեանի գրական, հրապարակախօսական եւ հասարակական գործունէութեան եռուն ու կրակոտ շրջանը։ Յանուն Ազատութեան եւ Ազատախոհութեան՝ բոցաշունչ պայքար ծաւալեց բոլոր ճակատներուն վրայ՝ բանաստեղծութեամբ, հրապարակագրութեամբ եւ յեղափոխական կենդանի գործով։

Ժողովուրդի ազատ կամքին պաշտպանութիւնը գերխնդիր հռչակեց։ Դրօշակիրը դարձաւ արեւելահայ աշխարհաբարի նուաճումին։ Անխնայ խարազանեց հայ հոգեւորականութեան անարժան եւ խաւարամիտ տարրերը, որոնք սեփական հօտի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ ազգային-հասարակական զարգացման ծառայելու փոխարէն՝ ստրկամտութեան քարոզիչներ դարձած էին, սեփական բարեկեցութեան ու յղփացումին անձնատուր։

Նալբանդեան նմանապէս կատաղի հակառակորդը դարձաւ ունեւոր հայերու այն խաւին կամ տեսակին, որ սիրամարգի ինքնասիրահարութեամբ կ՚ուզէր պարզապէս հայ իրականութեան մէջ փառաւորուիլ իր հարստութեամբ։

Այդօրինակ հարուստ խեղճութիւններուն կը վերաբերէր իր պատգամը, երբ գրեց՝

«Հարուստներին պէտք է խղճալ. նրանք շրջապատուած են բարիքներով, որոնք, սակայն, չեն թափանցում նրանց հոգիների մէջ»։

Իբրեւ յեղափոխականի՝ հալածանքը կանուխէն սկսաւ Նալբանդեանի դէմ։ 1858ին նաեւ թոքախտի առաջին ախտանշանները առաջացան։ Բուժման համար արտասահման անցաւ. նախ՝ Պոլիս, ուր մօտէն ծանօթացաւ արեւմտահայ Զարթօնքի իր գաղափարակիցներուն՝ Ստեփան Ոսկանի եւ Յարութիւն Սվաճեանի, որոնց հետ մինչեւ մահ շարունակեց գործակցութիւնը։

Ապա՝ Եւրոպա, Ժընեւ ու Փարիզ, ուր առիթը ունեցաւ անձամբ շփուելու եւ մտերմանալու աքսորական ռուս յեղափոխականներու՝ Բակունինի եւ Տուրգենեւի հետ։

Վերադարձաւ Մոսկուա, բայց շուտով 1860ին դարձեալ ճամբորդութեան ձեռնարկելու եւ Լոնտոնի վրայով Հնդկաստան երթալու համար՝ հայութեան բաժին հանուած հայերու կտակներուն տիրութիւն ընելու նպատակով։ Յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ վերադարձաւ Մոսկուա, հոնկէ ալ Նոր Նախիջեւան, ուր կտակներէն ապահովուած գումարով ձեռնարկեց ազգային Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի կառուցումին։

Հալածանքը սաստկացաւ եւ իր գագաթնակէտին հասաւ Նալբանդեանի դէմ եւ 1862ին ան ձերբակալուեցաւ ու երեք տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի քաղաքական բանտարկեալներու բերդին մէջ։ Առողջական վիճակը լրիւ քայքայուեցաւ եւ երբ 1865ին բանտարկութիւնը վերջ գտաւ ու աքսորավայր ղրկուեցաւ, Միքայէլ Նալբանդեան Կամաշին քաղաքը հասաւ «առաւել մեռած քան կենդանի»…

Եւ 1866ի Մարտ 31ին յոգնաբեկ իր աչքերը վերջնականապէս փակեց 37ամեայ «Ազատն Նալբանդեան»։

Մարմինը տարուեցաւ Նոր Նախիջեւան եւ ազգային աննախընթաց յուղարկաւորութեամբ իր վերջնական հանգիստը գտաւ տեղւոյն Ս. Խաչ վանքին մէջ։

Հայ ժողովուրդը իր սրտին եւ հոգիին ամէնէն ջերմ ու զեղուն թրթռացումներով անմահ երգի վերածեց Հայկական Յեղափոխութեան «Ազատն» Ռահվիրային՝ Միքայէլ Նալբանդեան անունը, անոր բանաստեղծական ու հրապարակախօսական ժառանգութիւնը։

Եւ հայ ժողովուրդը արդարացիօրէն Նալբանդեանի «Մեր Հայրենիք»ը վերածեց «Ազատն Հայաստանի» քայլերգին՝ նոյնիսկ նախքան Հայաստանի անկախութեան կերտումը։

Աւելի՛ն. պատահականօրէն եւ կամայականօրէն չէր, որ 1990ին Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումի Հռչակագրին հետեւեցաւ նորովի տարազումով՝ «Ազատ ու անկախ» մեր նոր կեանքի օրհնանքով վերամշակուած Նալբանդեանի «Մեր Հայրենիք»ին որդեգրումը՝ իբրեւ պետական օրներգը Հայաստանի Հանրապետութեան։

Նոյնիսկ եթէ իտալական ազգային-ազատագրական շարժման գրականութենէն ներշնչուած է Նալբանդեանի բանաստեղծութիւնը, անիկա այնուամենայնիւ անվիճելիօրէն հայ ժողովուրդին էութենէն բխած երգ է՝ յաւերժութեան իրաւունքը նուաճած Նալբանդեանի պատգամով.-

Մեր Հայրենիք թշուառ անտէր,
Մեր թշնամեաց ոտնակոխ,
Իւր որդիքը արդ կանչում է,
Հանել իւր վրէժ, քէն ու ոխ։

Մեր հայրենիք շղթաներով,
Այսքան տարի կապկապուած,
Իւր քաջ որդուոց սուրբ արիւնով
Պիտի լինի ազատուած։

Ահա՛, եղբայր, քեզ մի դրօշ,
Որ իմ ձեռքով գործեցի։
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի։

Նայի՛ր նրան, երեք գոյնով՝
Նուիրական մեր նշան,
Թո՛ղ փողփողի թշնամու դէմ,
Թո՛ղ կործանի Տաճկաստան։

Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ՚ մեռնի,
Բայց երանի՝ որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail