Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ – Առ Ի Տեղեկութիւն – «Քորոնա»-ի քննութիւններուն ու հիւանդանոցային սպասարկութիւններուն համար` որոշ լուսաբանութիւն մը

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ – Առ Ի Տեղեկութիւն – «Քորոնա»-ի քննութիւններուն ու հիւանդանոցային սպասարկութիւններուն համար` որոշ լուսաբանութիւն մը

09 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐ – ՊՍԱԿԱՁԵՒ ՎԱՐԱԿ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

««Օսմանյան կայսրությունում հայերի տեղահանության և կոտորածների դատավարություններն»»

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

«Քորոնա»-ի քննութիւններուն ու հիւանդանոցային սպասարկութիւններուն համար` որոշ լուսաբանութիւն մը: Առաջին հերթին, եթէ իւրաքանչիւր անհատ երեք օրէ աւելի տաքութիւն ունի, այսինքն` 38,5 եւ վեր, եւ անոր կ՛ընկերակցի հազ կամ շունչի նեղութիւն կամ փորհարութիւն, փորի ցաւ, ուրեմն պէտք է բժիշկի մը հետ խորհրդակցի եւ անհրաժեշտութեան պարագային «Քորոնա»-ի ախտճանաչման քննութեան երթայ:

Այսօր Լիբանանի մէջ երկու տեսակի քննութեան կեդրոններ կան: Առաջինը` պետական, որ կը կատարուի «Ռաֆիք Հարիրի» պետական հիւանդանոցին մէջ, Ժընահի շրջան: Երկրորդը անձնական հիւանդանոցներն են` Ամերիկեան հիւանդանոց, Սէն Ժորժ (Ռում), Օթէլ Տիէօ, Ռըզք, Մաունէթ (Ժիպէյլ): Պետական հիւանդանոցի մէջ քննութիւնը անվճար է, անձնական հիւանդանոցներու մէջ գիները կը տարուբերին 150.000-էն 450.000-ի միջեւ, ըստ նախաքննութիւններու անհրաժեշտութեան: Այսինքն` արեան քննութիւն կամ կուրծքի շողարձակման նկար (scan) եւ այլն:

Շատ կարեւոր է, որ քննութեան ենթարկուող անհատին ընկերակցի միմիայն մէկ հոգի, երկու կամ երեք հոգիով պէտք չէ երթալ քննութեան` վարակման մտահոգութենէն մեկնած: Քննութենէն ետք 24 ժամ պէտք է առանձնանայ, սպասէ արդիւնքին, եթէ դրական է, ունի երկու ընթացք, եթէ բացասական է` մէկ ընթացք:

Քննութեան պատասխանը եթէ դրական է, այսինքն` անհատը «Քորոնա» ունի, եւ եթէ որեւէ ցաւ չի զգար, շունչի նեղութենէ չի տառապիր, եւ հիւանդանոցային հոգատարութեան անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր, այն ատեն կարելի է տունը մնալ եւ հոն ենթարկուիլ անհրաժեշտ բուժման: Այսինքն 14 օր տան մէջ առանձնանալով` բժիշկները օրական դրութեամբ հետը կապ կը հաստատեն ու կը հետեւին վիճակին, անհատը պէտք է շատ ջուր կամ հեղուկ խմէ, Վիթամին Սէ. առնէ, պտուղներ ուտէ եւ իրեն վերաբերող ամէն առարկայ հականեխէ: 10-րդ օրը ճակատագրական է, այսինքն` կրնայ վարակակիրին վիճակը վատթարանալ կամ հակառակը` բարելաւուիլ եւ յաղթահարել ժահրը: Վատթարացման պարագային անհատը անմիջապէս պէտք է հիւանդանոց փոխադրուի Կարմիր Խաչին կողմէ եւ յանձնուի բժիշկներուն հոգատարութեան:

Շեշտենք, որ տունը մնալով բուժուելու ձեւին կարելի է դիմել միայն եթէ տան մէջ լրիւ առանձնանալու եւ զատ բաղնիք ունենալու կարելիութիւն ունի անհատը, այլապէս պէտք չէ տան մէջ մնայ, որովհետեւ բոլորն ալ ենթակայ կ’ըլլան վարակուելու: Եթէ տան մէջ յարմարութիւն չկայ մեկուսանալու, այն ատեն պէտք է յատուկ կեդրոններ դիմել, որպէսզի առանձնացման վայրեր տարուի ենթական:

Բացասական արդիւնքի պարագային, նուազագոյնը 14 օր պէտք է հսկողութեան տակ ըլլայ, միշտ չափէ ջերմութիւնը, որպէսզի աւելի ապահով ու հաստատ ըլլայ արդիւնքը, անշուշտ առանձնացած ըլլալը աւելի թելադրելի է:

Պետական հիւանդանոցի մէջ բուժման հանգրուանն ալ անվճար է: Անձնական հիւանդանոցներու մէջ պետական ծածկոյթին որոշ տարբերութիւն մը կը վճարէ: Այս բոլորէն անկախ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ այն երկիրները, որոնք կիրարկած են պարտադիր դիմակներու գործածութեան դրութիւն, աւելի քիչ եղած է ժահրի տարածումը, եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ մնացած է:

Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ առայժմ պետական երկու հիւանդանոցներն ալ նախապատրաստական աշխատանքի մէջ են ընդունելու համար «Քորոնա»-ի պարագաները: «Քարանթինա»-ի հիւանդանոցը պիտի պատրաստուի «Քորոնա»-է վարակուած մանուկները ընդունելու, իսկ Տահր Էլ Պաշէքը` չափահասները: «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը կապեր հաստատած է երկու հիւանդանոցներու պատասխանատուներուն հետ եւ գործակցութեան եղանակը ճշդած է երկուքին հետ ալ: Երկու հիւանդանոցներուն պարագային ալ տակաւին կարիք կայ երկուքէն երեք շաբթուան, որպէսզի պատրաստ ըլլան վարակակիր ընդունելու:

Մինչ այդ, այս բոլորէն անկախ, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի հեռաձայնային թէժ գիծը բոլորին ցուցմունքներ տալու պատրաստ է, եւ անոր կարելի է դիմել բոլոր պարագաներուն:

Skulls of Armenians massacred in Urfa, surrounded by Armenian dignitaries and women from the women’s shelter in Urfa’s Monastery of St. Sarkis in June 1919. | AGBU via Wikimedia CC License by

www.aztagdaily.com/archives/470492

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail